Ս.Կոյս Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարը յատուկ հանդիսութիւններվ նշուեցաւ Պոլսոյ զանազան եկեղեցիներու կողքին Մուսա Լերան Վագըֆգիւղի Սուրբ Աստուածածին գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ եւս։ Այս տարի, հակառակ համավարակի պայմաններուն, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր բարձր նախագահութեամբ 15 Օգոստոս, Կիրակի առաւօտ տաղաւարի Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ գիւղի եկեղեցւոյ մէջ։
Համավարակի պատճառաւ այս տարի թէեւ խրախճանքներ չկային, սակայն կիրակնօրեայ արարողութեան ներկայ էին բազմաթիւ ուխտաւորներ եւ Հաթայ նահանգի զանազան շրջաններէն հայորդիներ։
Գրեթէ բոլոր ներկաներ Սուրբ Հաղորդութիւն ստացան։ Ս. Պատարագի աւարտին, մեր Հոգեւոր Պետը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ բակը, ուր նախագահեց առաջ Խաղողօրհնէքի եւ ապա աւանդական Հերիսաօրհնէքի արարողութիւններուն։ Հանգստեան աղօթքով յիշուեցան Մուսա Լերան գիւղերու համայն հանգուցեալ բնակիչները։
Ապա ներկաներ ստացան մինչեւ առտու եփող հերիսայէն իրենց բաժինները։
Կիրակնօրեայ ոգեւորիչ տօնախմբութեան յաջորդող ժամերուն, Աւետիս Քահանայի կազմակերպութեամբ հետաքրքրական ու իմաստալից զրոյցի երեկոյ մը տեղի ունեցաւ։ Գիւղի բնակիչները ի մի համախմբուեցան եւ միասնական հանդիպում ունեցան Պատրիարք Հօր հետ։ Հանդիպման ընթացքին, անոնք ամենայն հարազատութեամբ գիւղին հարցերը եւ կարիքները Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնեցին։ Մեր Հոգեւոր Պետը, գիւղացիներուն արտայայտութիւնները մի առ մի լսելե յետոյ, շեշտադրեց սիրոյ կարեւորութիւնը եւ իր հայրական խրատները փոխանցեց ներկաներուն։ Յիշեցուց, թէ՝ գիւղը որպէսզի բարձր պատնէշի վրայ մնայ, անհրաժեշտ է սիրոյ մէջ համագործակցութիւնն ու միաբանութիւնը։
Ժողովուրդի հետ հանդիպումէ յետոյ, Պատրիարք Հօր ի պատիւ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ։ Այս առիթով, Պատրիարք Հայրը, երիտասարդներու հետ համախմբուեցաւ։ Մեր Հոգեւոր Պետը, առաջին հերթին մեծապէս գնահատեց երիտասարդներու կատարած կազմակերպչական աշխատութիւնը եւ տօնախմբութեան առթիւ ծառայութիւնները։ Մաղթեց, որ Աստուած ալ օրհնէ երիտասարդներուն աշխատութիւնները եւ ընտանիքները։ Իրենց հայրական թելադրութիւններ ըրաւ եւ յիշեցուց, թէ՝ երիտասարդներու ներդրումը դրական իմաստով կրնայ փոխել Վաքըֆգիւղի կեանքը։ Պատրիարք Հայրը մաղթեց նաեւ որ յաջորդ տարի համավարակը իր ազդեցութիւնը թողու եւ գիւղի մէջ տօնախմբութիւնը առաւել եւս մեծ ոգեւորութեամբ ու մասնակցութեամբ տեղի ունենայ։