Ընդդիմադիր «Հանրապետական Կուսակցութիւն»ը (CHP) յամառօրէն կը շարունակէ հարցնել «Ո՞ւր է 128 Միլիառ ԱՄՆ տոլարը»։ Հարցում մը՝ որ օրըստօրէ աւելի յաճախ կը կրկնուի երկրի քաղաքական միջավայրին եւ հետզհետէ աւելի մեծ գլխացաւ կը դառնայ Էրտողանի իշխանութեան համար։ Արդարեւ այս հարցումը իշխանութեան ենթակայ արդարադատական համակարգի մօտ կը դիտուի որպէս անարգանք երկրի նախագահի հասցէին։
Այս մեղադրանքը տեղի- անտեղի այնքան յաճախակի կ՚ուղղուի մարդկանց, որու հետեւանքով Նախագահ Էրտողան անմրցելի կերպով կը դառնայ աշխարհի վրայ ամենաշատ անարգուած առաջնորդը։ Այդ մեղադրանքով հազարաւորներ արդէն իսկ բանտարկուած են եւ անոնց քառապատիկի դատավարութիւնը տակաւ կը շարունակուի։ Այսպէս զանազան քաղաքներու մէջ դատախազներ «Նախագահը անարգել»ու մեղադրանքով արգիլած են ընդդիմադիր կուսակցութեան որմազդները, որոնք հրապարակներու վրայ կ՚արձագանգէին նոյն հարցումը՝ «Ի՞նչ եղաւ 128 Միլիառ ԱՄՆ տոլարը»։
Այստեղ ակնարկուածը Կեդրոնական Դրամատան պահեստին գտնուող եւ այժմ շոգիացած հսկայ գումարն է, որու համոզիչ բացատրութիւնը ցարդ չէ տրուած։
Նիւթը օրակարգի եկաւ Նախագահ Էրտողանի փեսւոյն, Պետական Գանձի նախկին նախարար Պերաթ Ալպայրաքի յանկարծակի հրաժարումով։ Այդ հրաժարումը այնքան յանկարծակի ու անսպասելի էր որ, իշխանամէտ մամուլը երկար վարանումէ ետք, հազիւ 27 ժամուայ յապաւումով անդրադարձաւ նիւթին՛ անամօթաբառ «Վերջին ժամ» պիտակն ալ օգտագործելով։ Նաեւ նշենք թէ Պերաթ Ալպայրաքի հրաժառումէն ետք Նախագահ Էրտողան երկու անգամ կէս գիշերային որոշումներով պաշտօնազրկեց Կեդրոնական Դրամատան վարիչը, պաշտօնակոչելով նոր անուններ։
Հանրապետականներու «Ի՞նչ եղաւ 128 Միլիառ ԱՄՆ տոլարը» հարցումին կը յաջորդեն «Որո՞ւ եւ ի՞նչ սակով վաճառեցիք այդքան հսկայ գումարը» հարցումները, որոնք նոյնպէս կը մնան անպատասխան։
Երկրէ ներս տիրող այս տեսակի զեղծարարութեան օրակարգին վրայ կու գայ աւելնալու ԱՄՆ-ի մէջ «Հալքպանք»ի դէմ յարուցուած դատավարութեան նոր փուլը, որ ատակ է ալ աւելի մեծ գլխացաւ պատճառելու Թուրքիոյ իշխանութեան։