Սիրով պիտի մնայ մեր սրտերուն

ԵԴՈՒԱՐԴ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ

 

Աշունը, յատկապէս Հոկտեմ­­բեր ամի­­սը չա­­րիք­­նե­­­րով եկաւ մեզ՝ հա­­յերուս հա­­մար։ Հոկ­­տեմբե­­րի առա­­ջին օրը կորսնցու­­ցինք 94-ամեայ Շարլ Ազ­­նա­­­ւու­­րը։ Հա­­զիւ 17 օր անց, այս ան­­գամ Պոլ­­սոյ մէջ ու­­րիշ մի մեծ վար­­պետ Արա Կիւ­­լէր 90 տա­­րեկան հա­­սակին հրա­­ժեշտ առաւ մեզ­­մէ։ Եր­­կուքն ալ իրենց աս­­պա­­­րէզ­­նե­­­րուն մէջ հա­­մաշ­­խարհայ­­նա­­­ցած հսկա­­ներ էին։ Շարլ Ազ­­նա­­­ւուր իր երաժշտա­­կան կա­­րողու­­թիւնով, ֆրան­­սա­­­կան շան­­սո­­­նը բարձրա­­ցու­­ցած էր դէ­­պի բար­­ձունքներ, իսկ Արա Կիւ­­լէր նոյն բա­­նը ըրած էր իր ոսպնեակով եւ Թուրքիայէն մեկ­­նե­­­լով բազ­­մած էր հա­­մաշ­­խարհա­­յին ար­­ժէքնե­­րու գա­­հին։ Ան­­շուշտ որ հայ ժո­­ղովուրդը ար­­դա­­­րօրէն կը հպար­­տա­­­նայ իր այս եր­­կու տա­­ղան­­դա­­­ւոր զա­­ւակ­­նե­­­րով։

Ես Արա­­յի հետ ծա­­նօթա­­ցայ 60-ական տա­­րեթի­­ւերու վեր­­ջե­­­րուն, երբ հա­­մալ­­սա­­­րանի աշա­­կերտ էի։ Կա­­մաւոր կ՚աշ­­խա­­­տակ­­ցէի «Մար­­մա­­­րա» թեր­­թին, հե­­տեւա­­բար յա­­ճախ կ՚այ­­ցե­­­լէի խմբագ­­րա­­­տուն։ Թեր­­թի գլխա­­ւոր խմբագ­­րա­­­գիր Ռո­­պէր Հատ­­տէ­­­ճեան եւ Արա Կիւ­­լէր նոյն դպրո­­ցի սա­­ները ըլ­­լա­­­լով մտե­­րիմ­­ներ էին։ Ան­­գամ մը այ­­ցե­­­լեց թերթ եւ օգ­­նութիւն ու­­զեց իր ըն­­կե­­­րոջ­­մէ։ Ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նէն եկած բա­­րեկամ­­ներ ու­­նէր, որոնք նկա­­րահա­­նու­­մի հա­­մար եկած էին Պո­­լիս ու իջե­­ւանած նշա­­նաւոր «Փարք օթել»։ Անոնց փո­­խադ­­րութիւ­­նը իս­­կա­­­պէս ալ դժո­­ւարին գործ էր, որու հա­­մար Արա Կիւ­­լէր օգ­­նութեան կը կա­­րօտէր։ Ես սի­­րով ըն­­դա­­­ռաջե­­ցի եւ այդպէ­­սով սկսաւ բա­­րեկա­­մու­­թիւն մը մեր մի­­ջեւ։

Դպրե­­վան­­քի սա­­նուց միու­­թեան մէջ ձեռ­­նարկած էինք ժո­­ղովրդա­­կան պա­­րերու բե­­մադ­­րութեան գոր­­ծին։ Ան­­գամ մը պա­­րոն Ռո­­պէր հարց տո­­ւած էր ըն­­կե­­­րոջ. «Դուն այս տղոց պա­­րի ներ­­կա­­­յացումնե­­րը տե­­սա՞ծ ես»։ Բա­­ցասա­­կան պա­­տաս­­խա­­­նը լսե­­լով խոր­­հուրդ տո­­ւաւ, որ ան­­պայման պէտք է տես­­նէ։ 1972 թիւն էր։ Աւար­­տած էինք մեր այդ տա­­րուայ ցու­­ցադրու­­թիւննե­­րը։ Վեց ան­­գամ լե­­ցուած էր հա­­զար տե­­ղանոց «Շան սի­­նեմա»ի դահ­­լի­­­ճը։ Բայց մի ըսեր, որ եօթ­­նե­­­րոր­­դին ալ կա­­րիք պի­­տի ըլ­­լար։ Ար­­դա­­­րեւ եօթե­­րորդ ներ­­կա­­­յացու­­մը կա­­տարե­­ցինք միայն մէկ հան­­դի­­­սատե­­սի դի­­մաց։ Ան­­գամ մը եւս վար­­ձե­­­ցինք «Շան սի­­նեմա»ն եւ առա­­ւօտ կա­­նուխ մի­­նակ Արա­­յի հա­­մար ան­­գամ մը եւս պա­­րեցինք եւ ինք լու­­սանկա­­րեց։ Այդ նկար­­նե­­­րը մին­­չեւ օրս կը մնան ժո­­ղովրդա­­կան պա­­րի իմ տե­­սած լա­­ւագոյն լու­­սանկար­­ներ ըլ­­լա­­­լով։

Տա­­րինե­­րու հո­­լովոյ­­թով մեր բա­­րեկա­­մու­­թիւնը ծա­­ւալե­­ցաւ առանց խզո­­ւելու։ Բայց ին­­ծի հա­­մար ան­­մո­­­ռանա­­լի պի­­տի մնայ իր մեծ արո­­ւես­­տա­­­գէտ Սեր­­կէյ Փա­­րաճա­­նովի հետ ու­­նե­­­ցած հան­­դի­­­պու­­մը։ Արա Կիւ­­լէ­­­րի գրա­­սենեակի պա­­տին վրայ Փապ­­լօ Փի­­քաս­­սո­­­յի եւ Սալ­­վա­­­տոր Տա­­լիի նկար­­նե­­­րուն քով կա­­խուած է Սեր­­կէյ Փա­­րաճա­­նովի նկա­­րը։ Ու­­րեմն կրնանք են­­թադրել, որ այդ անձնա­­ւորու­­թիւնը հա­­մազօր մե­­ծու­­թիւն մըն էր Կիւ­­լէ­­­րի հա­­մար։ Արա Կիւ­­լէր շա­­տերու կար­­գին նկա­­րած էր նաեւ Սեր­­կէյ Փա­­րաճա­­նովը եւ ան ալ տպո­­ւած նկա­­րին վրայ ռու­­սե­­­րէնով մրո­­տած էր կարգ մը տո­­ղեր։

«Արա ափ­­շած եմ ձեր հան­­ճա­­­րին եւ բա­­րեսրտու­­թեան դի­­մաց։ Աս­­տո­­­ւած ձեզ պա­­հապան,

Մեծ վար­­պետ Արա Կիւ­­լէր…,

Բան­­տէն ել­­լա­­­լէ ետք 1989-ին Պո­­լիս այ­­ցե­­­լող Սեր­­կէյ Փա­­րաճա­­նեան»։

1989-ին Իս­­թանպու­­լի Մի­­ջազ­­գա­­­յին կի­­նօփա­­ռատօ­­նի մաս­­նակցած էր նաեւ Սեր­­կէյ Փա­­րաճա­­նով իր տա­­րի մը առաջ աւար­­տած «Աշուղ Ղա­­րիպ» ֆիլ­­մով։ Նախ­­քան ֆիլ­­մի ցու­­ցադրու­­թիւնը ան ար­­դէն իր ան­­սո­­­վոր հա­­գուստ-կա­­պու­­տով յա­­ջողած էր ու­­շադրու­­թիւննե­­րը իր վրայ հա­­ւաքե­­լու։ Արան առա­­ջար­­կեց Իս­­թանպու­­լը միասին շրջել։ Ապա ին­­ծի դառ­­նա­­­լով ըսաւ. «Ես ինքնա­­շարժ չու­­նիմ, դուն ու­­ղեկցէ մե­­զի»։ Ես ար­­դէն քա­­նի օրէ ի վեր Փա­­րաճա­­նովի հետ էի, ան­­մի­­­ջապէս ըն­­դունե­­ցի առա­­ջար­­կը եւ ամ­­բողջ չորս օր մեծ բա­­նաս­­տեղծ Օր­­հան Վե­­լիի բա­­ռերով եթէ ըսենք երկնա­­կամա­­րը ներ­­կող, պատ­­րո­­­ւած ծո­­վերը կարկտող եր­­կու խեն­­թի հետ սկսայ շրջիլ այս պատ­­մա­­­կան քա­­ղաքը։ Արա անընդհատ կը նկա­­րէր Թոփ­­գա­­­բուի պա­­լատի, Սուրբ Սո­­ֆիայի տա­­ճարի, Ետի­­քու­­լէի զնտան­­նե­­­րու, Փակ շու­­կա­­­յի, շու­­կա­­­յի ներքնա­­մասի են­­թա­­­գետ­­նի վրայ։ Ան­­հա­­­ւատա­­լի լու­­սանկար­­ներ դուրս եկան այդ շրջա­­գայու­­թե­­­նէն։ Միաս­­նա­­­բար սկսան մտմտալ Ետի­­քու­­լէի զնտան­­նե­­­րուն մէջ ֆիլմ նկա­­րելու մա­­սին։ Կը քննար­­կէին տե­­սարան­­ներ եւ դուրսէն դի­­տողը կրնար տա­­րուիլ խոր­­հե­­­լու, թէ նա­­խապէս խորհրդակ­­ցած, վի­­ճար­­կած նիւ­­թի մը ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը կը քննար­­կեն։ Փա­­րաճա­­նով հա­­մոզո­­ւած էր, որ պէտք է ամե­­նակարճ ժա­­մանա­­կին կրկին այ­­ցե­­­լէ Պո­­լիս։

«Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան անու­­նով ինչ որ պա­­հան­­ջե­­­ցինք իր­­մէ սի­­րով տրա­­մադ­­րեց։ Մեր հրա­­տարա­­կած գիր­­քե­­­րուն մէկ մա­­սին վրայ իր լու­­սանկար­­նե­­­րը գոր­­ծա­­­ծած ենք։ Միշտ իր­­մէ ճա­­րեցինք հայ հե­­ղինակ­­նե­­­րու դի­­ման­­կարնե­­րը։ Իր պատ­­մո­­­ւածքնե­­րու հա­­ւաքա­­ծոն առա­­ջին ան­­գամ մենք հրա­­տարա­­կեցինք եւ այսպէ­­սով հա­­սարա­­կու­­թիւնը առիթ ու­­նե­­­ցաւ գրող Արա Կիւ­­լէ­­­րի հետ ծա­­նօթա­­նալու։ «Բա­­բելո­­նէն վերջ պի­­տի ապ­­րինք» այդ հա­­տորը աւե­­լի ուշ թրքե­­րէն թարգմա­­նու­­թեամբ եւս լոյս տե­­սաւ։

Ֆօ­­թօժուրնա­­լիստ իբ­­րեւ իր առա­­ջին աշ­­խա­­­տու­­թիւնը եղած էր «Ժա­­մանակ» թեր­­թի մէջ հրա­­տարա­­կել Գումգա­­բուի հայ ձկնորսնե­­րը։ 1952-ին թեր­­թի էջե­­րուն մէջ մնա­­ցած այդ նկար­­նե­­­րը 2010-ին հա­­ւաքո­­ւեցան հա­­տորի մը մէջ երեք լե­­զու­­նե­­­րով։

Տա­­կաւին երեք ամիս առաջ էր, երբ «Տո­­ղուշ» ըն­­կե­­­րու­­թիւնը 16 Օգոս­­տո­­­սին իր 90-ամեակը շնոր­­հա­­­ւորեց բա­­ցու­­մը կա­­տարե­­լով Արա Կիւ­­լէր թան­­գա­­­րանին։ «Արաս» հրա­­տարակ­­չութիւ­­նը այս առ­­թիւ վերհրա­­տարա­­կեց անո­­ւանի վար­­պե­­­տի պատ­­մո­­­ւածքնե­­րու գիր­­քը, այս ան­­գամ երեք լե­­զու­­նե­­­րով։ Ինք ան­­ձամբ գնաց այս աշ­­խարհէն, իսկ երբ մենք խօ­­սինք իր մա­­սին յան­­կարծ ժպիտ մը կը գո­­յանայ մեր դէմ­­քե­­­րուն վրայ։ Ինչպէս որ կ՚ըսէ Փայ­­լի­­­նը.

«Սի­­րելի Արա մե­­զի ուղղած հայ­­հո­­­յանքներդ մա­­սունքի մը նման պի­­տի պա­­հենք մեր սրտե­­րուն։ Բա­­րով եր­­թաս եւ Փա­­րաճա­­նովին ալ բա­­րեւ տա­­նիս»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ