Հայաստան ալ աւելի հրապուրիչ, քան երբեք

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Անկախութե­նէն այս կողմ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թիւնը եւ հայ­­­րե­­­­­­­նի երկրի ժո­­­ղովուրդը կ՚ապ­­­րի ան­­­նա­­­­­­­խադէպ ոգե­­­ւորու­­­թեան մթնո­­­լորտ։ Այս իրո­­­ղու­­­թեան ակա­­­նատես եղանք մեր աչ­­­քե­­­­­­­րով, երբ Յու­­­նի­­­­­­­սի 10-17 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րու մի­­­ջեւ այ­­­ցե­­­­­­­լեցինք Հա­­­յաս­­­տան։ Մեր այս այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւնը իր կար­­­գին եւս ու­­­նէր եզա­­­կի բնոյթ, քա­­­նի որ շրջա­­­պատո­­­ւած էինք ըն­­­տա­­­­­­­նիքի պա­­­րագա­­­ներով։ Թէեւ խոս­­­տո­­­­­­­վանինք թէ Հա­­­յաս­­­տան կա­­­տարո­­­ւած իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւն կ՚աւար­­­տի ետ­­­դարձը դժո­­­ւարաց­­­նող տրա­­­մադ­­­րութեամբ։ Նոյ­­­նիսկ չենք վա­­­րանիր ըսե­­­լու թէ նման տպա­­­ւորու­­­թիւն կը գո­­­յանայ միայն դէ­­­պի Հա­­­յաս­­­տան կա­­­տարո­­­ւած ճամ­­­բորդու­­­թիւննե­­­րու աւար­­­տին։ Ու­­­րիշ կերպ աշ­­­խարհի որ ան­­­կիւնն ալ գա­­­ցած ըլ­­­լանք քա­­­նի մը օր անց կը տի­­­րապե­­­տէ հա­­­րազատ տուն վե­­­րադառ­­­նա­­­­­­­լու ցան­­­կութիւ­­­նը։ Այդ զգա­­­ցու­­­մէն հե­­­ռու կը մնանք միայն ու միայն դէ­­­պի Հա­­­յաս­­­տան կա­­­տարած այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւննե­­­րու ժա­­­մանակ, քա­­­նի որ հոն ար­­­դէն կը տա­­­րուինք խոր­­­հե­­­­­­­լու թէ սե­­­փական հո­­­ղի վրայ ենք։ Ու­­­րեմն հե­­­ռու ենք տու­­­նի կա­­­րօտէն։ Այս ան­­­գամ ալ ահա այդ զգա­­­ցումնե­­­րով լցո­­­ւած էինք եւ պի­­­տի ըսենք թէ մեր ոտ­­­քե­­­­­­­րը կը դժո­­­ւարա­­­նային դէ­­­պի տուն դար­­­ձի ճա­­­նապարհ ուղղո­­­ւելու։ Այս ան­­­գա­­­­­­­մուայ վառ տպա­­­ւորու­­­թիւնը ծա­­­գում առած է Թաւ­­­շեայ յե­­­ղափո­­­խու­­­թե­­­­­­­նէ ամե­­­նու­­­րէք եւ ամէն պա­­­հուն զգա­­­ցինք յե­­­ղափո­­­խու­­­թեան առ­­­թած ոգե­­­ւորու­­­թիւնը եւ յա­­­ճախ տա­­­րուե­­­ցանք մտա­­­հոգո­­­ւելու նոր վար­­­չա­­­­­­­պետի ու­­­սե­­­­­­­րուն բեռ­­­ցո­­­­­­­ւած ծանր պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թեան հա­­­մար։ Իս­­­կա­­­­­­­պէս ալ լուրջ ու մեծ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւն է Նի­­­կոլ Փա­­­շինեանի ստանձնա­­­ծը, քա­­­նի որ այս հանգրո­­­ւանէն ետք ոչ ոք իրա­­­ւունք ու­­­նի ժո­­­ղովուրդի յու­­­սադրու­­­թիւնը ի սպառ բե­­­րելու։ Մենք ամե­­­նու­­­րէք ակա­­­նատե­­­սը եղանք ապ­­­րո­­­­­­­ւածին եւ հա­­­զիւ մեր վե­­­րադար­­­ձով անդրա­­­դար­­­ձանք նախ­­­կին պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր Ղա­­­րաբա­­­ղի պա­­­տերազ­­­մի հե­­­րոս Մա­­­նուէլ Գրի­­­գորեանի խնդրին ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րուն։ Սա երե­­­ւոյթ մըն է, որ կրկին կը պար­­­զէ Նի­­­կոլ Փա­­­շինեանի պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատուու­­­թեան ծանր լու­­­ծը։ Ան­­­շուշտ որ այդ զեղ­­­ծա­­­­­­­րարու­­­թիւնը միօրեայ խնդիր չէր, այլ եր­­­կար տա­­­րիներ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուած օլ­­­իկարխա­­­կան հա­­­մակար­­­գի մը նոր պար­­­զո­­­­­­­ւած խայ­­­տա­­­­­­­ռակու­­­թիւնը։ Ինչպէս նշած ենք նաեւ մեր այս շա­­­բաթո­­­ւայ սիւ­­­նա­­­­­­­կին մէջ, հի­­­մա սկսած են պար­­­զո­­­­­­­ւիլ բո­­­լոր այն կեղ­­­ծիքնե­­­րը, որոնք նա­­­խապէս քօ­­­ղար­­­կո­­­­­­ւած էին իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րու մաս­­­նակցու­­­թեամբ։ Ան­­­գամ մը եւս հա­­­մոզո­­­ւեցանք, թէ Հա­­­յաս­­­տան կարճ ժա­­­մանա­­­կի տե­­­ւողու­­­թեամբ կը սթա­­­փէ իր ապա­­­գան կե­­­ղեքող այս չա­­­րագոր­­­ծութիւ­­­նը, որու հե­­­տեւան­­­քով հայ­­­րե­­­­­­­նի երկրի ժո­­­ղովուրդն ալ կը տի­­­րանայ իր ար­­­ժա­­­­­­­նի կեն­­­ցա­­­­­­­ղային մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կին։ Միամ­­­տօ­­­­­­­րէն նման յոյ­­­սը սնու­­­ցած էինք ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թեան յա­­­ջոր­­­դող ամիս­­­նե­­­­­­­րուն կար­­­ծե­­­­­­­լով, թէ եր­­­կի­­­­­­­րը շու­­­տով պի­­­տի յաղ­­­թա­­­­­­­հարէ իշ­­­խա­­­­­­­նափո­­­խու­­­թեան տե­­­ղի տո­­­ւած խո­­­չըն­­­դոտնե­­­րը եւ օգ­­­տո­­­­­­­ւելով իր զար­­­գա­­­­­­­ցած մար­­­դուժի կա­­­րողու­­­թիւննե­­­րէն պի­­­տի թօ­­­թափէ ան­­­ցումա­­­յին այդ փո­­­թոր­­­կա­­­­­­­լից շրջա­­­նը։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ Խորհրդա­­­յին միու­­­թեան զա­­­նազան եր­­­կիրներ յա­­­ջողած էին այդ անցման շրջա­­­նը նո­­­ւազա­­­գոյն աւե­­­րով, իսկ մենք հա­­­յերս ափ­­­սո­­­­­­­սան­­­քով կը հե­­­տեւէինք ար­­­տա­­­­­­­գաղ­­­թի երե­­­ւոյ­­­թին, երբ հայ շի­­­նարա­­­րը ան­­­գամ մը եւս պանդխտու­­­թեան գա­­­ւազան վեր­­­ցուցած կը թա­­­փառէր օտար եր­­­կիրնե­­­րու դես­­­պա­­­­­­­նատու­­­նե­­­­­­­րուն առ­­­ջեւ գաղ­­­թա­­­­­­­կանի հան­­­գա­­­­­­­ման­­­քին տի­­­րանա­­­լու հա­­­մար։

Այ­­­սօ­­­­­­­րուայ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ կը տի­­­րէ ընդհա­­­նուր լա­­­ւատե­­­սու­­­թիւն, քա­­­նի որ հի­­­մա շա­­­տեր իրենց յոյ­­­սը կա­­­պած են փո­­­խանակ երկրէն հե­­­ռանա­­­լու, հե­­­ռացած­­­նե­­­­­­­րուն վե­­­րադար­­­ձին վրայ։ Թե­­­րեւս շատ կա­­­նուխ է իրա­­­ւացիօրէն նման յոյ­­­սեր սնու­­­ցե­­­­­­­լու հա­­­մար, բայց իրո­­­ղու­­­թիւն է, որ հա­­­յը խիստ կա­­­րիք ու­­­նի այդ յոյ­­­սին։ Ան­­­գամ մը եւս յի­­­շենք մենք իբ­­­րեւ ժո­­­ղովուրդ երեք տա­­­րի առաջ սրբա­­­դասե­­­լով Մեծ եղեռ­­­նի զո­­­հերը ար­­­դէն ան­­­ցած ենք նոր ու­­­ղի մը։ Այդ ու­­­ղին մեզ կը թե­­­լադ­­­րէ վե­­­րըն­­­ձիւղո­­­ւիլ ան­­­ցեալի դժբախ­­­տութիւննե­­­րէն եւ կեր­­­տել պայ­­­ծառ ապա­­­գայ։ Ահա այս հանգրո­­­ւանին մեր տրա­­­մադ­­­րութիւ­­­նը ճիշդ ալ այդ ապա­­­գայի տա­­­նող ճա­­­նապար­­­հի լու­­­սա­­­­­­­ւորումն է։ Եթէ մին­­­չեւ երեկ հե­­­ռու էինք այդ լոյ­­­սը նկա­­­տելէն այ­­­սօր յստա­­­կօրէն նշմա­­­րած ենք զայն եւ նոր եռանդ ստա­­­ցած դէ­­­պի պայ­­­ծառ օրեր հաս­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար։ Նա­­­խապէս սփիւռքէն եկած­­­նե­­­­­­­րը իրենց հետ կը բե­­­րէին, այն բա­­­րի երազ­­­նե­­­­­­­րը, որոնք այդքան ալ իրա­­­ւացի չէին թո­ւեր հայ­­­րե­­­­­­­նի երկրի բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րուն, բայց այս ան­­­գամ իրենք են որ տո­­­գորո­­­ւած են եւ մե­­­զի կը հա­­­ւաս­­­տիաց­­­նեն ապա­­­գայի պայ­­­ծառ օրե­­­րու ար­­­շա­­­­­­­լոյ­­­սը։ Ինչ որ նշե­­­ցինք վե­­­րեւ, միշտ դժո­­­ւար էր Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէն վե­­­րադար­­­ձը, բայց ահա այս պայ­­­մաննե­­­րու ներ­­­քեւ ան դար­­­ձած է ալ աւե­­­լի դժո­­­ւար եւ մե­­­զի կը մնայ կա­­­րելի եղած ամե­­­նակարճ ժա­­­մանա­­­կին կրկին ու կրկին հայ­­­րե­­­­­­­նի եր­­­կիր այ­­­ցե­­­­­­­լելու ցան­­­կութիւնն ու մաղթանքը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ