ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Ընթերցողներ, ողջ ըլլան բոլորն ալ, հեռաձայնելով, ուաթսափի պատգամներով կամ ի-մակներով կ՚արտայայտեն իրենց հետաքրքրութիւնը Արամիկ Աթէշեանին ի-մակներուն նկատմամբ։ Իրենց ուղղած առաջին հարցումը հետեւեալն է. արդեօք ճի՞շդ են այս նամակներուն բովանդակութիւնը, իրականին ովքե՞ր են «կեղծ» ստորագրութիւններու ետին պահուած անձերը։ Հաւատացէք կամ ոչ, իրապէ՛ս չեմ գիտեր։ Ես միայն բարեկամներուս կողմէ ինծի յանձնուած պարտականութիւնը կ՚իրականացնեմ ու հայերէնի թարգմանելով կը հրապարակեմ այդ ի-մակները, զանոնք հանրութեան սեփականութիւնը կը դարձնեմ՝ պատմագիտական կամ բանասիրական աշխատանքը վերապահելով հետագայ ուսումնասիրողներուն։ Միւս կողմէ, այդքան ալ վստահ չեմ՝ արդեօք իրապէ՞ս կեղծ են այդ անունները։ Օրինակ, այսօրուան նամակներու շարքին կայ Էրտողանին մէկ գիրը։ Իր բուն անունով գրած է, հետեւաբար, կը կարծեմ, նոյնքան իրական ըլլալու են Արմոն Վոսփորեցին, Արտաշ Արծաթեանը, պարոնայք Սիրունեանը կամ Անժպիտեանցը, Կարմիրեանը կամ հարիւր հազարեայ «Շագանակ» ու երեսնհազարեայ «Փափարա» օրաթերթերը։
Շարունակենք ուրեմն…
*
Պեշթեփէ, 5 ապրիլ 2018
Սիրելի փոխանորդ,
Վաղուց չենք հանդիպած, չենք զրուցած հետդ, սակայն վստահ եմ կը հետեւիս զարգացումներուն։ Կը տեսնես, չէ՞, ինչքա՜ն կը հալածեն զիս։ Թերթերը մէկ կողմէն, ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները՝ միւս։ Բայց, գիտես, մուճակ ձգելիք չեմ իրենց։ Ընելիք շատ բան ունիմ դեռ։ Կամուրջներ շինեցի, ճամբաներ շինեցի, ընդուղի ու երկաթգիծ կառուցեցի, Չամլըճայի գագաթին մզկիթ տնկեցի, երկիրը քաղաքակրթութեան ճամբուն վրայ դրի, հաւատացեալ սերունդներ հասցնելու ճանապարհին մեծ քայլեր առինք։ Տակաւին յայտարարուած չէ, սակայն շուտով արտահերթ ընտրութեան հաւանականութիւն մը պիտի ծագի։ Քու օգնութեանդ կարիքը ունիմ, փոխանորդ։ Ինչպէ՞ս կը յաջողիս խուսափիլ պատրիարքական ընտրութենէն։ Պատճառաբանութիւններուդ մէկ մասին ծանօթ եմ, խորհրդականներուս միջոցով։
Կ՚ըսեն, թէ ՕՀԱԼ-ը յառաջ կը քշես։ Ձերինները այս պատճառաբանութեամբ թերեւս խաբուին, բայց ես ինչպէ՞ս խաբեմ ժողովուրդը։ Մենք ՕՀԱԼ-ի ժամանակ հանրաքուէ չըրի՞նք։ Ըր՛՚ինք։ Անցեալ տարի յունիսին, նորէն ՕՀԱԼ-ի ժամանակ, գիւղապետերու ու գիւղական խորհուրդներու ընտրութիւն չըրի՞նք։ Է, ըրի՛նք։ Թաղի մը բնակչութենէն իսկ նուազ թուաքանակ ունիք, երբ որ ուզէք ընտրութիւն կրնաք ընել։ Ինչպէ՞ս կը խաբես քուկիններդ։ Պէտք ունիմ խորհուրդներուդ։
Կ՚ըսես, թէ պետութիւնը չ՚արտօներ։ Չեմ հասկնար։ Պետութիւնը ինչո՞ւ չարտօնէ որ… Ըսի, գիւղի մը, թաղի մը բնակչութենէն իսկ նուազ է ձեր թիւը, պետութիւնը ինչո՞ւ չարտօնէ, երբ գիւղերու ու թաղերու մէջ կը շարունակուին ընտրութիւնները, երբ որ հարկ ըլլայ։
Հասկնալիքդ ՕՀԱԼ-ը չեմ կրնար պատճառաբանել, իսկ «պետութիւնը չ՚արտօներ»ը գոնէ մեր պարագային անհեթեթութիւն է։
Գրէ երբ որ ժամանակ ունենաս։
Սիրով՝
Էրտողան
*
Գումգաբու, 6 ապրիլ 2018
Յարգելի պարոն նախագահ,
Միշտ սիրով կը յիշեմ մեր հանդիպումները։ Շուտով Ռամազանը կը սկսի եւ մենք իֆթարի սեղանի մը շուրջ դարձեալ մէկտեղուելու առիթը կ՚ունենանք վստահ եմ։
Ընտրութիւն չկատարելու համար իմ յառաջ քշած պատճառաբանութիւններս, այսինք ՕՀԱԼ-ը եւ «պետութիւնը չ՚արտօներեը անշուշտ չեն կրնար ի զօրու ըլլալ ձեզի համար, յարգելիս։ Ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք։ Բազմաթիւ դասեր առած եմ ձեզմէ եւ զանոնք յարմարցուցած մեր պայմաններուն։ Հասարակութիւնը «պետութիւնը չ՚արտօներե, «պետութիւնը ինծի հետ է» ըսելով վախու մէջ կը պահեմ, օրինակ։ Կամ, ըսենք, մամուլ գնելու տարբեր միջոցներ կը գործադրեմ՝ ծանուցումներ, զեկոյցներ եւլն.։ Աւազանի մամուլ մըն ալ մենք ունինք, հասկնալիքնիդ։ Հարուստները, որոնք միշտ իշխանասէր ու իշխանավախ են, շքանշաններով, պատիւներով գրաւած եմ։ Երեւի, պարոն նախագահ, կայ կէտ մը ուրկէ ետք ամէն բան անօգուտ է… Ես բարեբախտաբար 10 տարիէ ի վեր կրնամ ձեւով մը շարունակել այս վիճակը։ Դուք եթէ ամուր մնաք, ես ալ ամուր կը մնամ։ Կարողութիւն ձեզի, պարոն նախագահ, բարին ընդ ձեզ։
Փոխանորդ
*
Սիրելի պարոն Թռչունեան,
Երկրպագեան քահանան ձեր եկեղեցւոյ երկար տարիներու հովիւն էր, սակայն այլեւս պիտի պաշտօնավարէ այլուր։ Զինքը պաշտպանելու ձեր ջանքերը ի զուր են։ Իր մասին եղած գանգատները ցոյց կու տան նոյնիսկ որ յապաղած որոշում մըն է ասիկա։
Այո, Երկրպագեան քահանան երկու եկեղեցիի կը ծառայէ։ Ձեր տուած ամսականը կը հասնի պատրիարքարան։ Ստացագիր մը անպայման պիտի տամ, բայց վստահ եղէք, թէ գումարը ազգօգուտ նպատակներու համար կը ծախսուի եւ ո՛չ մէկ ձեւով կ՚առնչուի «Շագանակ»ին տրուած հարիւր հազարին հետ։
Օրհնութեամբ՝
Փոխանորդ
*
Սիրելի Ծաղիկեան,
Կը հարցնես, թէ խորհրդակցական մարմինին նիստը ինչու չկայացաւ անցեալ օր։ Շատ ջղայնացած եմ, հաւատա՛։ Ճամբաները գոց են եղեր եւ պարոնները չեն կրցեր գալ։ Ընդուղի ինչո՞ւ չնստաք, հարցուցի։ «Մենք ծեր ենք սրբազան, այդքան սանդուխ չենք կրնար ելլել-իջնել», ըսին, «Ընդուղիի կայարանը հեռու է, ադխըտար ճամբան չենք կրնար քալել», ըսին։ Ահա պատճառը։ Ոմանք ալ, էֆենտիմ, ընդուղի նստելու վարժութիւն չունին եղեր։ Վիճակնիս աս է։ Ասոնք ալ խորհրդակցական մարմինի անդամ ըրի որ նեցուկ ըլլան ինծի։ Բան մը ըլլայ նէ Գումգաբու անգամ չեն կրնար գալ ասոնք։ Փողոցներն ալ այնքան լայնցուցած, յարդարած էի։ Որո՞ւ պէտք սակայն…
Փոխանորդ
*
Սիրելի սրբազան, անցեալ օր ինծի գեղանկար մը յանձնած էիր։ Բաւական սուղնոց բան մըն է, սրբազան։ Եթէ ուզես կրնամ անմիջապէս ձեռքէ հանել։ Հարիւր հազար ոսկի կ՚ըսեն։ Տասը տոկոսը ես կ՚առնեմ, քսան տոկոսը՝ դուն։ Մնացեալն ալ կու տանք տիրոջը։ Համաձա՞յն ես։
Օննիկ
*
Լուրերդ լաւ են, Օննիկ։ Միայն թէ քսան տոկոսը քիչ է։ Երեսունի բարձրացուր իմ բաժինս։
Փոխանորդ