Մեր հաղորդած լրատուութիւնը սխա՞լ էր միթէ

«Ակօս»ի անցեալ շաբթուան խորագիրը ոչ միայն մեծ արձագանգ ստեղծեց հասարակութեան մօտ, նաեւ անհանգստացուց որոշ շրջանակներ։ «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ յօդուած մը, ուր առանց նշելու «Ակօս»ի անունը յօդուածագիրը անհիմն պնդումներ կը կատարէր թերթիս հասցէին։ Պատրիարքական չկայացող ընտրութիւններու շուրջ ընթացող երկարամեայ խնդիրը շինծու որակող թերթը կ՚ըսէր նաեւ, թէ կ՚ուզենք մեր մենաշնորհը նկատել ընդդիմադիր ըլլալու հանգամանքը։ Պէտք է նշենք, թէ մենք նման խնդիր մը չունինք, մի միայն հետամուտ ենք բացայայտելու ճշմարտութիւնները։ Երկիրը, ինչպէս նաեւ հայ համայնքը հասած է տեղ մը, ուր եթէ ճշմարտութիւնը գրէք ինքնաբերաբար կը դառնաք ընդդիմադիր, քանի որ այս երկրին մթնոլորտը հիմնուած է ճշմարտութիւնները քօղարկելու վրայ։

Պատասխանելով «Ժամանակ»ի մէկ այլ յայտարարութեան պէտք է ցաւով յայտնենք, թէ «Ակօս» եւ թէ Հրանդ Տինք հիմնարկը վարձակալ են Անարատ Յղութեան շէնքին մէջ։

Մեր գրութեան հրապարակուած օրը Պատրիարքարանի մէջ կայացաւ Խորհրդակցական մարմնի ժողովը։ Քանի որ «Ժամանակ»ի ու «Մարմարա»ի խմբագիրները կ՚անդամակցին այդ ժողովին, օրակարգի եկաւ նաեւ «Ակօս»ի լուրը։ «Մարմարա»ի համաձայն Արամ արք. Աթէշեան տեղեկութիւն չէ ունեցած օրաթերթերուն կատարուած վճարումներու տարբերութենէն եւ յայտարարած է, թէ այսուհետեւ աւելի ուշադիր պիտի ըլլայ։ «Ժամանակ»ի խմբագիրը թէեւ ջանացած է տալ պարզաբանումներ, սակայն իր բացատրութիւնները համոզիչ չեն գտնուած։ Այսի՞նքն։ Ինչո՞ւ այդքան խօսեցաք։ Մեր լո՞ւրը սխալ էր։ Անշուշտ ո՛չ։ Մեր հետեւութիւննե՞րը սխալ էին։ Այդ ալ չէ։ Մնաց որ մենք պարզապէս այդ տարբերութիւնը հետապնդեցինք։ Տակաւին չենք հարցուցած, թէ ինչո՞ւ այդ ծանուցումները կը տրուին միայն երկու թերթերուն։

«ԱԿՕՍ»ի ոսպնեակէն

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ