Աֆրինի մէջ հայեր ալ կը զոհուին

Վերջին օրե­րուն երկրի օրա­կար­գը ամ­բողջու­թեամբ եթար­կուած է Թրքա­կան բա­նակի կի­րար­կած պա­տերազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեան։ Իրա­կանու­թեան մէջ մի­ջոցէ մը ի վեր ար­դէն ջու­րե­րը եռալ սկսած էին գե­տին պատ­րաստե­լով այս պա­տերազ­մին։ Նա­խագահ Էր­տո­ղան յա­ճախա­կիօրէն սպառ­նա­կան ելոյթներ կ՚ու­նե­նար խոս­տա­նալով, թէ գի­շեր մը յան­կարծ կրնայ գալ։ Վեր­ջի ի վեր­ջոյ բռնած է իր խոս­տա­ցած պա­տերազ­մը եւ բա­նակը իր ամ­բողջ կա­րողու­թեամբ կը փոր­ձէ նուաճել Սու­րիոյ նախ­կին խռո­վարա­րու­թեան ըն­թացքին պա­տերազ­մէն հա­մեմա­տաբար զերծ մնա­ցած, այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ բազ­մա­թիւ փախստա­կան­նե­րու ապաս­տան եղած Աֆ­րին գա­ւառը։ Որ­քան ալ պաշ­տօ­նական աղ­բիւրնե­րը խօ­սին բա­խումնե­րու ժա­մանակ բա­նակին խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րը խնա­յելու զգու­շութեան մա­սին յա­­ճախա­­կիօրէն լու­­րեր կը հաս­­նին, թէ այդ խնա­­յու­­մը կա­­րելի չէ եղած եւ կռիւ­­նե­­­րէն մե­­ծապէս ազ­­դուած են խա­­ղաղ բնա­­կիչ­­նե­­­րը։ Այս մա­­սին արար աշ­­խարհ իրա­­զեկ եղաւ հան­­րա­­­ծանօթ լրագ­­րող «Ին­­տը­­­փեն­­տընթ» թեր­­թի թղթա­­կից Ռապրրդ Ֆիս­­կի պա­­տերազ­­մի դաշ­­տէն փո­­խան­­ցած լրա­­տուու­­թիւննե­­րով։ Ֆիսկ անուն առ անուն կը յի­­շէր զո­­հուած­­նե­­­րը յի­­շելով, որ պա­­տերազ­­մը հա­­սած է կոր­­ծա­­­նարար հանգրուանին եւ այս պա­­հէն ետք դժուար, թէ մար­­դիկ յա­­ջողին այդ կոր­­ծա­­­նու­­մէն մերձ մնան։

Այսպէս վե­­րահա­­սու եղանք նաեւ հայ ըն­­տա­­­նիքի մը ապ­­րած սար­­սա­­­փին։ Նա­­խապէս Սեր­­տար Քո­­րու­­ճու անդրա­­դար­­ձած էր Աֆ­­րի­­­նի հա­­յոց պատ­­մութեան մէջ յետ եղեռ­­նեայ շրջա­­նին ու­­նե­­­ցած նշա­­նակու­­թեան։ Աֆ­­րին եւս Քո­­պանիի նման տա­­րագ­­րութեան կա­­րեւոր կէ­­տերէն մէ­­կը հան­­դի­­­սացած էր, ուր ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թե­­­նէն մա­­զապուրծ փրկուած բազ­­մա­­­թիւ հա­­յեր ապաս­­տա­­­նած էին հիւ­­սի­­­սային Սու­­րիոյ այս քա­­ղաքը։ Այժմ այս մա­­սին Հա­­յաս­­տա­­­նեան լրա­­տու աղ­­բիւրներ կը փո­­խան­­ցեն բա­­ւական ցնցիչ տե­­ղեկու­­թիւններ։ «Փա­­նորա­­մա.ամ» կայ­­քէ­­­ջի հա­­մաձայն վեր­­ջին ռմբա­­կոծումնե­­րու ժա­­մանակ մա­­հացած է 24-ամեայ Ռո­­շել Քո­­նիս անուն հա­­յը։ Ռմբա­­կոծ­­ման ժա­­մանակ վի­­րաւո­­րուած է նաեւ Ռո­­շելի քոյրն ու մայ­­րը։ «Փա­­նորա­­մա» այս լրա­­տուու­­թիւնը կը կա­­տարէ հիմ­­նուելով քրտա­­կան աղ­­բիւրնե­­րուն, սա­­կայն կա­­րելի չէ եղած լրա­­տուու­­թիւնը ան­­կախ աղ­­բիւրնե­­րու մի­­ջոցաւ ճշդել։

Դար­­ձեալ տե­­ղական աղ­­բիւրնե­­րու փո­­խան­­ցումի հա­­մաձայն Աֆ­­րի­­­նի մէջ կը բնա­­կին երեք հայ ըն­­տա­­­նիք­­ներ։ Մինչ այդ Սու­­րիական աղ­­բիւրներն ալ կը պատ­­մեն տա­­րածաշրջա­­նի հնա­­գիտա­­կան ար­­ժէք ներ­­կա­­­յաց­­նող Այն Տա­­րայի աւե­­լի քան 6,300 տա­­րուայ ան­­ցեալ ու­­նե­­­ցող հնու­­թիւննե­­րու վնա­­սուա­­ծու­­թեան մա­­սին։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ այս տա­­րած­­քը շատ աւե­­լի հին ան­­ցեալ մը ու­­նի։ Ան կ՚են­­թադրուի մօ­­տաւո­­րապէս տա­­սը հա­­զար տա­­րուայ ան­­ցեալ ու­­նե­­­ցող հնու­­թիւն, որուն մէջ այժմ աւե­­րուած շի­­նու­­թիւններն են միայն, որ ու­­նին 6,300 տա­­րուայ ան­­ցեալ։ Միւս կող­­մէ թրքա­­կան աղ­­բիւրնե­­րը բա­­խումնե­­րու ժա­­մանակ մեռ­­նողնե­­րը կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն, որ­­պէս ահա­­բեկիչ­­ներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ