Էճէ Թեմելքուրանին գրական մրցանակ

Նոր սե­րունդի տա­ղան­դա­ւոր վի­պագիր­նե­րէն Էճէ Թե­մել­քուրան Անգլիոյ մէջ ար­ժա­նացաւ գրա­կան մրցա­նակի։ Էտին­պուրկի Գիր­քի Մի­ջազ­գա­յին Փա­ռատօ­նի վա­րիչ Նիք Վեր­լի մրցա­նակա­տու­չութեան հան­դէ­սին նշեց թէ «անգլե­րէնով հրա­տարա­կուած առա­ջին վէպ» դա­սաւոր­ման մէջ Թե­մել­քուրա­նի գոր­ծը կա­տարեալ ընտրու­թիւն մը եղած է։ Վեր­լին խօս­քե­րուն շա­րու­նա­կեց ըսե­լով. «Արա­բական Գա­րունի օրե­րուն խումբ մը արաբ կի­ներուն հա­մագոր­ծակցու­թիւնը ող­ջունող այս վէ­պը, թէ զուար­ճա­լի է եւ թէ կշռոյ­թը պա­հող ճա­նապար­հա­պատում մը։ Հե­ղինա­կը ո՛չ միայն մեծ վի­պագիր մըն է, այլ Թուրքիոյ եւ հա­րեւան եր­կիրնե­րու մա­սին յօ­դուած­նե­րով ու­շադրու­թեան ար­ժա­նացած ան­վախ լրագ­րող մը»։ Այս ընտրու­թեան մէջ դեր ու­նե­ցան նաեւ իր աշ­խարհաց­րիւ ըն­թերցող­նե­րը։ Մրցա­նակին ար­ժա­նացող «Կա­պոց­նե­րուն փչող կա­նայք» անուն վէ­պը բա­ցի անգլե­րէնէ թարգմա­նուած էր բազ­մա­թիւ լե­զու­նե­րու, նե­րառեալ ֆրան­սե­րէնի եւ գեր­մա­ներէ­նի։

Էճէ Թե­մել­քուրան մրցա­նակա­տու­չութեան առ­թիւ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց Էտին­պուրկի Գիր­քի Մի­ջազ­գա­յին Փա­ռատօ­նին, թարգմա­նիչ Ալէքս Տէյվի, խմբա­գիր Փե­նի Թա­մըսին եւ հրա­տարա­կիչ Ռիչ­հըրտ Տէյ­վի­սին։ Ան վեր­ջա­պէս յայտնեց այն յու­զումը, որ կ՚ապ­րի կեան­քի դժուարա­գոյն մէկ շրջա­նին լոկ գո­յատե­ւելու հա­մար գրի առ­նուած այս վէ­պին բազ­մա­թիւ մարդկանց ներշնչում պատ­ճա­ռելուն ու ապա նման մրցա­նակի մը ար­ժա­նանա­լուն պատճառաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ