Փառք ու պատիւ մեծ վարպետին

Անո­ւանի խմբա­վար Յով­հաննէս Չե­քիճեան ծննդեան 95,ամեակին առ­թիւ 26 Յու­լիս Ուրբաթ գի­շեր ժա­մը 21,00-ին կ'ոգե­կոչո­ւի Գը­նալը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զը:

Յատ­կա­պէս կո­միտա­սեան բազ­մա­ձայն մշա­կումնե­րու եւ դաշ­նա­ւորումնե­րու մեկ­նա­բանու­թեամբ մեծ յա­ջողու­թիւն ապա­հոված խբա­վարը, իր մա­կանին ներ­քեւ Հա­յաս­տա­նի պե­տական աքա­բել­լա երգչա­խումբն ալ դար­ձուց աշ­խարհի լա­ւագոյննե­րու կար­գին:

Երգչա­խումբը հիւ­րա­համերգնե­րով շրջած է զա­նազան եր­կիրներ, միշտ հիացում պատ­ճա­ռելով իր բարձրո­րակ եր­գե­ցողու­թեամբ: Այդ ծի­րէն ներս յի­շողու­թիւննե­րու մէջ տա­կաւին թարմ է անոր Իս­թանպու­լեան հիւ­րա­համերգնե­րը, որոնք ար­ժա­նացած էին պոլ­սա­հայ հա­սարա­կու­թեան ջերմ գնա­հատան­քին:

Պո­լիսէն սկսած եւ 1961 թո­ւակա­նէն մինչ օրս Հա­յաս­տա­նի բե­մերու վրայ շա­րու­նա­կուող հսկայ վաս­տա­կի մը հե­ղինակն է Յով­հաննէս Չե­քիճեան:

Ոգե­կոչ­ման հան­դէ­սի ծի­րէն ներս կը ներ­կա­յացո­ւի Լի­լիթ Մով­սի­սեանի նկա­րահա­նած «Ահա եկաւ Յով­հաննէս» վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մը, հե­ղինա­կի ներ­կա­յու­թեամբ:

Երաժշտա­կան կա­տարումնե­րով կը ներ­կա­յանան պոլ­սա­հայ բե­մերու լա­ւագոյն ձայ­նե­րէն Լու­սի Գահ­վե­ճիօղ­լու եւ Յով­սեփ Գու­յումճեան, դաշ­նա­կահար Սի­րուն Սի­րու­նեանի նո­ւագակ­ցութեամբ:

Սե­ւան Աթաօղ­լու իբ­րեւ հա­սարա­կական գոր­ծիչ, կա­րեւոր նպաստ կը բե­րէ ամառ­նա­յին օրե­րու մշա­կու­թա­յին ու գե­ղարո­ւես­տա­կան ոլոր­տի հետզհե­տէ հիւ­ծած օրե­րուն Գը­նալի Կղզիի մէջ նման նա­խաձեռ­նութիւններ կազ­մա­կերպելով:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ