«Կրուփ Եորում» յարատեւ բռնութեան ճիրաններուն

Եթէ պի­տի խօ­սինք ոս­տի­կանա­կան բռնու­թեան մա­սին երաժշտա­կան մար­զին մէջ այդ բռնու­թեան գլխա­ւոր դի­րախը դար­ձած է «Կրուփ Եորում» անուն երաժշտա­կան խումբը։ Ձախ հա­կումնե­րով յայտնի այս խումբի ան­դամնե­րը յա­ճախ բեր­ման են­թարկուած, ձեր­բա­կալո­ւած եւ իրենց ան­զի­ջող կե­ցուած­քին հե­տեւան­քով ալ ծանր տան­ջանքնե­րու են­թարկո­ւած են։ Ան­ցեալին այս էջե­րուն վրայ ար­ձա­գան­գած էինք խումբի անուննե­րուն հա­ցադու­լի մա­սին լրա­տուու­թիւննե­րով։ 30 Ապ­րի­լին «Կ­րուփ Եորում»ի ան­դամնե­րէն մէ­կուն ըն­կե­րակ­ցութեամբ խմբագ­րա­տուն այ­ցե­լեց Սա­տըք Շեն­կիւլ, իր որդւոյն մա­սին մեզ տե­ղեկաց­նե­լու հա­մար։

Զրոյ­ցով յայտնի դար­ձաւ թէ 6 Փետ­րո­ւարին Չաղ­լա­յանի մէջ պա­տահած մի­ջադէ­պէ ետք ոս­տի­կան­ներ, ինչպէս յա­ճախ կ՚ընեն, խու­ժած են երաժշտա­խումբի փոր­ձեր կա­տարած Իտիլ մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նը եւ բեր­ման են­թարկած հոն գտնո­ւող­նե­րը, որոնցմէ մէկն է իր որ­դին Ռե­զան Շեն­կիւլ։ «Առա­ջին հեր­թին ձեր­բա­կալու­թե­նէ ան­մի­ջապէս ետք զինք տա­րին Սի­լիվ­րի։ ապա տե­ղափո­խեցին Քըր­շե­հիրի բարձր ապա­հովու­թիւնով ար­գե­լանո­ցը։ Այստեղ Ռե­զանը մե­կու­սա­ցու­ցած են իր ըն­կերնե­րէն եւ առանձնա­խու­ցի մէջ կը պա­հեն» կը յայտնէ Սա­տըք Շեն­կիւլ։

Դար­ձեալ իր վկա­յու­թեամբ կը լսենք թէ որ­դին հա­ցադու­լի դի­մած է եւ այ­սօր այդ ինքնազրկման 39-րդ օրն է։

«Այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին ալ շատ ծանր ճնշումներ կը գոր­ծադրեն։ Աջ ձեռ­քի բու­թա­մատիս առա­ջին օղա­կը փրթաւ աշ­խա­տան­քի պա­հուն։ Առա­ջին մի­ջամ­տութե­նէ ետք բժիշկնե­րը որո­շեցին վէր­քը գա­ճի մէջ պա­հել։ Բանտ այ­ցե­լու­թեան պա­հուն այդ քա­ճը իսկ կոտ­րե­ցին որ­պէսզի տես­նեն թէ գա­ճին տակ բան մը պա­հած եմ, թէ ոչ։ Նոյնպէս մէջ­քիս ու­նիմ փլա­թին փրո­թեզ մը, որ մուտքի պա­հուն խու­զարկման կէ­տին սու­լող ազ­դանշա­նի պատ­ճառ կը դառ­նայ։ Բժշկա­կան վկա­յու­թիւն բե­րելով հան­դերձ մեր­ժե­ցին որ­դիս այ­ցե­լելու իրա­ւունքը։ Ծանր մտա­հոգու­թիւն կ՚ապ­րիմ Ռե­զանի կեան­քի հա­մար։ Եկած եմ այս բո­լորը պատ­մե­լու որ­պէսզի հա­սարա­կու­թիւնը մա­մու­լի մի­ջոցաւ տե­ղեակ ըլ­լայ մեր մատ­նո­ւած ճա­րահա­տու­թեան» եզ­րա­կացուց Սա­տըք Շենկիւլ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ