ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Մ.Յ.- Պատմական Սալմաստ գավառէն են ձեր ակունքները։ Սեւակը ունի՞ ստեղծագործութիւններ նուիրուած Սալմաստին։ Եղա՞ծ է երբեւէ այնտեղ։
Չէ, վստահաբար Սալմաստ չէ եղած։ Ստեղծագործութեան հետ կապուած պիտի նորէն դառնամ «Ամանէջ»-ին, որտեղ շատ հետաքրքիր ձեւով ցոյց կու տայ Պարսկաստանէն եկուորներուն, որոնց այստեղի բնակիչները ըսած են «նոր հայ», վերջիններս ալ բնիկներուն ըսած են «հին հայեր»։ «Ամանէջ»ին շատ լաւ կերպով կը ներկայացուի անոնց անգամ մտածողութեան գիծերու տարբերութիւնները։ Վէպը ազգագրական հսկայ նիւթ կու տայ։ Սաւոնցմէ բացի՝ ունինք 1828 թուականին այն ժամանակուայ Չանախչի գաղթած 7 հայ ընտանիքներու տոհմածառերը։ Ի դէպ, մեր գիւղը հին պատմութիւն ունի։ Գիւղին յայտնաբերուած է 9-րդ դարի խաչքար, որը այժմ կը գտնուի մեր թանգարանը եւ կը համարուի հայոց պատմութեան ամենահին թուագիր խաչքարը։
Մ.Յ.- Սեւակը կանանց մեծ սիրահար է, կանանց գանձեր ձօնող հանճարեղ վարպետ։ Դուք՝ թէ՛ որպէս հանճարեղ պոետի թոռ, թէ՛ որպէս գրականագէտ՝ այս թեմայով ո՞ր ստեղծագործութիւնը կ՚առանձնացնէք, չնայած բոլորն ալ ֆանտաստիկ գործեր են, սակայն ունի՞ք առանձնացուած շարք կամ գործ։
Քանի որ իմ ամենասիրելի գիրքը Սեւակէն «Եղիցի լոյս»ն է, թերեւս կ՚առանձնացնեմ հէնց այդ ժողովակուին «Նորից չեն սիրում, սիրում են կրկին» շարքը։ Ինձ համար այդ Սեւակի սիրային պոեզիայի գագաթն է։
Մ.Յ.- Ո՞րը կը համարէք Պարոյր Սեւակի գլուխգործոցը։
«Եղիցի լոյս» գիրքը։
Մ.Յ.- Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանի տնօրէնն էք 2018-էն այս կողմ։ Այդ ընթացքին ի՞նչ ըրուած է եւ ի՞նչ կայ ընելիք, որ կը նախատեսէք ապագային իրագործել՝ կապուած շէնքային պայմաններու, նաեւ թանգարանի հաւաքածոյի համալրման հետ։
Հաւաքածոն բաւականին համալրուած է։ Երբ դարձայ տնօրէն թանգարանային նմոյշներու թիւը 500-էն պակաս էր։ Այժմ կը հասնի 1500-ի։ Աւելի շատ համալրուած է Սեւակի անձնական գրադարանի նմուշներով, գիրքերով, որոշ ձեռագիրերով, լուսանկարներու ֆոնդով։ Թանգարանային ցուցադրութեան պայմաններն են ընդլայնուել։ Ես բացի Սեւակի հայրական տան դռները, որ կը գտնուի գիւղամէջը։ Հայրական տանը մեծացել է ու մինչեւ 1940 թուական ապրած Պարոյր Սեւակ։ Իսկ երբ եկած է Երեւան՝ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու, ծնողները բնակուած են այդ տան մէջ մինչեւ 1960-ական թուականներու կէսերը։ Յետոյ Սեւակը իր առանձնատունը կառուցած է, ուր տեղափոխած է ծնողներուն։ Հայրական տունը 1920-ականներուն կաւաշէն տուն է՝ թէ՛ ներսէն, թէ՛ դուրսէն անփոփոխ պահպանուած։ Այդ ժամանակներու բացառիկ նմոյշ է, քանի որ Հայաստան այսօր այդպիսի տուներ գրեթէ չեն մնացած։ Այցելուները, երբ կը մտնեն ներս, կարծես կը տեղափոխուին 100 տարի ետ։
Այսօր խնդիր ունինք շէնքային պայմաններու հետ։ Ցանկալի կ՚ըլլար վերականգնուիլ Սեւակի ընկեր, ճարտարապետ Ճիմ Թորոսեանի ստեղծած ճարտարապետական այն նախագիծը, որ եղած ի սկզբան։
Շատ կը կարեւորենք նաեւ ժամանակակից թեքնոլոկիաներու կիրառումը, որովհետեւ կ՚ապրինք 21-րդ դարի վիրտուալ աշխարհի մէջ։ Այցելուներուն, յատկապէս երիտասարդներուն թանգարանը պէտք է հետաքրքիր ըլլայ։ Բազմաթիւ ուղղութիւններով կ՚աշխատինք։ Երբ ես եկայ, թանգարանի մէջ անգամ ջեռուցում եւ սանհանգուցային պայմաններ չկային։ Այս տարիներու ընթացքին այցելուներու թիւը գրեթէ եռապատկուած է։ Բայց ընելիքներ միշտ ալ կան։
Մ.Յ.- Դեռ անցեալ տարի գարնան խումբ մը մանուկներու հետ այցելեցինք թանգարան։ Ձեր այգին, որտեղ կը յանգչի հայոց հանճարներէն մէկը՝ շիրմաքարի շուրջ բոլորը տեսանք մանուշակներ։ Ես երկուսը պոկեցի եւ ինձ հետ բերի Երեւան ու դրի Սեւակի գրքերէն մէկուն մէջ։ Մինչ օրս կը պահեմ։ Հետաքրքիր է՝ մանուշակները իրենք աճած են, թէ՞ յատուկ աճեցուած է հէնց շիրմաքարի շուրջ բոլորը։
Չէ, այդպէս կ՚աճին։ Մենք չենք տնկած (կը ժպտայ)։ Միայն առանձնատան դիմացի վարդերը Սեւակ ինքը տնկած է ու մինչ օրս կան։ Սեւակը շատ սիրած է վարդերը։ Եւ այգիի ծառերը եւս գրեթէ բոլորը Սեւակի տնկած ծառերն են։ Մինչ այդ՝ այդտեղ անապատ եղած է. Սեւակը անոնցմէ ստացած է դրախտ։
Մ.Յ.- Հայոց ցաւով ապրող բանաստեղծը արարեց «Անլռելի զանգակատուն»-ը, որ կը համարուի հայ գրականութեան գոհարներէն մէկը. հետաքրքիր է՝ կա՞յ պոեմի ստեղծման հետ կապուած հետաքրքիր պատումներ։
Իր ինքնակենսագրականին եւ նաեւ վերջին հարցազրոյցներէն մէկուն Սեւակը կը յիշէ, որ նման միտք շատոնց ունեցած է։ Բայց չէ հասկցած՝ ինչպէս մարմնաւորուած։ Կ՚ըսէ, թէ մէկ մտովի վէպ գրած է, մէկ՝ գիտական աշխատութիւն, մէկ՝ պոեմ։ Եւ կը յիշէ՝ Մոսկուա՝ ինչ-որ գարեջրատանը՝ մութ, կիսանկուղային յարկին նստած ատեն եւ յանկարծ մոսկովեան ռատիոյով կը հնչէ Կոմիտաս։ Հէնց այդ պահն ալ պոեմի ողջ կառուցուածքը մտքին կու գայ։
Պոեմը բաւականին արագ գրուած է՝ մօտ մէկ տարուայ մէջ (1957-58 թթ.), եթէ հաշուի առնենք անոր ծաւալը։ Յետոյ, իհարկէ, Սեւակը վրան աշխատած է՝ խմբագրած, մշակած։ Այդ մի մեծ խիզախութիւն էր այն ժամանակներու համար, որուն քիչերն էին ընդունակ։ Հէնց այդ գործով եղաւ Սեւակի հռչակի սկիզբը։ Մինչ պոեմի հրատարակուիլը, իհարկէ, կը ճանչնայինք Սեւակն՝ որպէս բանաստեղծ, բայց ոչ այնպիսին, ինչպիսին «Անլռելի»-էն ետք։ Գրելու ժամանակն ալ շատ լաւ է համընկած. «ձնհալի» տարիներն էին։ Անկէ 10 տարի առաջ նման գործ գրելու համար կարելի էր արժանանալ աքսորի, գնդակահարութեան եւ այլն։ Նախախնամութիւն կար, որ հէնց այդ ժամանակ գրուեցաւ պոեմը։ Քիչ-քիչ սկսեցին թոյլատրել եւ խօսիլ ցեղասպանութեան մասին։
Մ.Յ.- Սեւակի մահուան առեղծուածը՝ իրարամերժ պատմութիւններ։ Ի վերջո՝յ ո՞րն է իրականը։
Բազմաթիւ անգամ ըսած ենք եւ կ՚ըսենք. մեր խորին համոզմամբ այդ դժբախտ պատահար էր։ Բազմաթիւ փաստեր կը վկայեն անոր մասին՞ Մինչեւ օրս որեւէ փաստ չէ յայտնաբերուած, որ կը խօսի կանխամտածուած սպանութեան մասին։
Մ.Յ.- Եթէ ունենայիք հնարաւորութիւն հանդիպելու պապիին, ի՞նչ կ՚ըսէիք անոր։
Ճշգրիտ բան մը ըսել շատ դժուար է։ Անոր հետ կը զրուցէի գրականութենէն, արուեստէն՝ մէկ գաւաթ կոնեակով։
Վերջ՝ եթէ երբեւէ ստեղծագործութիւն գրելու ըլլաք Սեւակի մասին՝ ի՞նչ վերնագիր կ՚ունենայ։
Երեւի, կրկին՝ «Մտածողը»։
Աւարտենք սեւակեան հանճարեղ տողերով՝
Աշխարհին... մանկա՜ն մաքրութիւն է պէտք,
Եւ հէնց ա՛յն մանկան,
Որին ամէն օր աշխարհ են բերում
Նաեւ աշխարհի... անմաքուրները,
Մինչիսկ նրա՛նք` անմաքուրնե՜րը,
Քանզի... աշխարհին մաքրութի՜ւն է պէտք...
27-31 Հոկտեմբեր, 1965թ.
(Չանախչի)