ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ
bastimar.kurtulus@gmail.com
Այս շաբաթ ձեզի կը պատմեմ բաւական հին, բայց նաեւ այժմէականութիւնը պահած գիրք մը։ Գիրք մը՝ որ հիմնականին կը պատմէ պատերազմի ամենամութ երեսը։ Հոն կը կարդանք մահացողներու՝ այդ մահացածները յոյսով սպասողներու ողբերգութիւնը։ Իւրաքանչիւր էջով կ՚անդրադառնանք թէ տարիներ առաջ գրուած այս տողերը որքան կը համապատասխանէն ներկայ իրողութիւններուն։
«Պատերազմը Վերջացաւ» անուն գիրքը նոր դատողութիւնով կը քննարկէ «Վասն հայրենեաց» կոչուած սուտը։
Գիրքի հեղինակ Տալթոն Թռումպա կ՚ըսէ թէ. «Աստուծոյ սիրուն, տեսանելի եւ շօշափելի բաներուն մասին խօսեցէք։ Մէկ կողմ թողէք հայրենիք բառը եւ մեռնելէն վերջ ի՞նչ իմաստ ունի հայրենիքը։ Հասարակ մարդիկ համոզել փորձեցին ազատութիւն, անկախութիւն, յարգանք կամ պատուի նման խօսքերով։ Եթէ այս բոլորը անբաւարար մնացին, այս անգամ կանայք առաջարկեցին իրենց տգեղ խօսքերով։ Եկէք զինուորագրուեցէք եւ համտեսէք սա ֆրանսացի ու պելկիացի աղջիկները»։
Թռումպա իր խօսքը կ՚ուղղէ հասարակ մարդկանց եւ կ՚ըսէ թէ խուսափեցէք ազգային զգացումներով պատուի կամ հայրենեաց լոզունգներով ձեզ խաբողներէն։ Այդ խօսքերու ետին ոմանց քսակն է որ կը հաստանայ՝ իսկ հասարակ ժողովուրդի զաւակները կը զոհուին։ Շիրիմներու քանակով վեհացող տարածք մը պէտք չէ, որ ըլլայ հայրենիքը։ Ընթերցողը կը զգուշացնէ սրբազան ուխտերով պատերազմ հրահրողներուն դէմ։
Վէպի գլխաւոր հերոսը պատերազմէ ետք անկողնի դատապարտուած, դէմքը մորթազերծուած , կոկորդը ծակած, թեւերը ու սրունքները կորսնցուցած մէկն է։ Մութ սենեակի մը մէջ կը պարկի եւ միայն բուժքոյրի մը օգնութեամբ կը շարունակէ սոսկալի կեանք մը։ Այդ խաւար սենեակի մէջ կորսնցուցած է ժամանակի իմացութիւնը։ Խօսելու կարողութիւնն ալ կորսնցուցած է պատերազմի ընթացքին։ Միայն միտքն է որ պայծառ մնացած է ու կը յիշէ ամէն ինչ։ Մեծ ցանկութիւն ունի հաղորդակցելու։ Գիտէ որ ժամանակի ընկալումը անհրաժեշտութիւն մըն է կենդանի մնալու համար։ Այդ ընկալումի կորուստով ամէն ինչ դատարկութեան պիտի մատնուի։ Ան կ՚ուզէ որ պատերազմի սարսափը պատմէ համայն մարդկութեան։ Ի վերջոյ բուժքոյրի օգնութեամբ կը յաջողի տառերը նշանակելով բառեր կազմել։ Անոր այս ջանքը նախ կը գնահատուի մետայլով մը, բայց իսկոյն իր պատմածներուն հետեւանքով վտանգաւոր դարձած է։ Պէտք էր լռեցնել զայն։ Սպաները գիտէին թէ այս փորձառութեամբ զինուած մէկը շատ աւելի վտանգաւոր է բաղդատմամբ ամենակործանիչ զէնքերու։