Այցելութիւն դէպի Կիլիկիոյ տարածքը

Ն. Ա. Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը Սուրբ Աս­տո­ւածած­նի Վե­րափոխ­ման Տա­ղաւա­րին առ­թիւ Վա­քըֆ­գիւղի Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին Եկե­ղեց­ւոյ անուան տօ­նախմբու­թեան արա­րողու­թեանց նա­խագա­հելու հա­մար 10 Օգոս­տոս 2023, Հինգշաբ­թի առա­ւօտուն Գա­ւազա­նակիր Արժ. Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւրզեանի ու­ղեկցու­թեամբ օդա­յին ճամ­բով մեկ­նե­ցաւ Ատա­նա։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւն Ատա­նայի Շա­քիր Փա­շա Օդա­կայա­նի պա­տուոյ սրա­հին մէջ դի­մաւո­րուե­ցաւ Հա­թայի Եկե­ղեցեաց Հո­գեւոր Հո­վիւ եւ Գա­ւառի Հա­մայնքնե­րու Հո­գեւոր Տե­սուչ՝ Արժ. Տ. Աւե­տիս Քհնյ. Թա­պաշեանի եւ Իս­քենտէ­րու­նի Ս. Քա­ռասուն Ման­կունք Եկե­ղեց­ւոյ Ծխա­կան Խոր­հուրդի Ատե­նապետ՝ Եու­սուֆ Թա­պաշեանի կող­մէ։

Պատ­րիարք Հայ­րը եւ հե­տեւորդնե­րը ցա­մաքի ճամ­բով ան­ցան Մեր­սին, ուր քա­ղաքի Լա­տին Կա­թողի­կէ Եկե­ղեց­ւոյ մուտքին դի­մաւո­րուե­ցան եկե­ղեց­ւոյ Հո­գեւոր Հո­գիւ Հայր Ռօ­շան Վար­դա­պետի եւ քա­ղաքի Հայ հա­մայնքէն Շա­հին Քը­սատու­րի կող­մէ։

Պատ­րիարք Հայ­րը ժա­մը 14.00-ին քա­ղաքա­վարա­կան այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ Մեր­սի­նի Մայր քա­ղաքա­պետ Վա­հապ Սէ­չէրի։

Մե­ծայարգ քա­ղաքա­պետը բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց մեր Հո­գեւոր Պե­տին եւ ու­րա­խու­թիւն յայտնեց սոյն այ­ցե­լու­թեան հա­մար։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը, շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց ըն­ծա­յուած ջերմ ըն­դունե­լու­թեան հա­մար։

Պատ­րիարք Հայ­րը իր հե­տեւորդնե­րով ժա­մը 15.00-ին այ­ցե­լեց Մեր­սի­նի Սրբոց Մի­քայէլ եւ Գաբ­րիէլ Հրեշ­տա­կապե­տաց Յոյն Ուղղա­փառաց Եկե­ղեցին, ուր դի­մաւո­րուե­ցաւ Ան­տիոքի Պատ­րիար­քութեան Փո­խանորդ՝ Հոգշ. Տ. Փաւ­լոս Վար­դա­պետ Օր­տուլո­ւօղ­լո­ւի, եկե­ղեց­ւոյ հո­վիւ­ներ՝ Արժ. Տ. Տ. Ճան Տէլ­լի­ւէր եւ Իս­պիր Թէյ­մուր քա­հանա­ներու եւ եկե­ղեց­ւոյ վար­չութեան ատե­նապետ Ճան Արա­թի կող­մէ։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը հո­գեւոր եր­գե­րով առաջ­նորդո­ւեցաւ եկե­ղեցի, ուր կա­տարո­ւեցաւ աղօ­թասա­ցու­թիւն։ Ապա եկե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ ի ներ­կա­յու­թեան հա­ւատա­ցեալ­նե­րու Հայր Փաւ­լոս Վար­դա­պետ յա­նուն հո­գեւո­րական դա­սուն, եկե­ղեց­ւոյ վար­չութեան եւ հա­ւատա­ցեալ ժո­ղովուրդին բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան եւ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց, անոր հա­մար որ Հա­յոց Պատ­րիար­քութիւ­նը առա­ջին իսկ մէկ օրէն աղէ­տեալ­նե­րու կող­քին կանգնած էր։ Հա­ղոր­դեց Ան­տիոքի Յու­նաց Յով­հաննէս Ժ. Պատ­րիար­քի յա­տուկ ող­ջոյննե­րը եւ շնոր­հա­կալու­թիւննե­րը յայտնեց։

Յոյն Ու­ղա­փառաց Եկե­ղեցիէն յե­տոյ մեր Հո­գեւոր Պե­տը իր հե­տեւորդնե­րով այ­ցե­լեց քա­ղաքի Լա­տին Կա­թողի­կէ Եկե­ղեցին, ուր կա­տարո­ւած կարճ աղօ­թասա­ցու­թե­նէն յե­տոյ եկե­ղեց­ւոյ սե­ղանա­տան մէջ մէկ­տե­ղուե­ցաւ քա­ղաքի Հայ հա­մայնքի ան­դամնե­րուն հետ։

Ջերմ հան­դի­պու­մի ըն­թացքին հա­ւատա­ցեալ­ներ առի­թը ու­նե­ցան իրենց հո­գեւոր պե­տին հետ զրու­ցե­լու եւ լու­սա­բանո­ւելու կրօ­նական նիւ­թե­րու շուրջ, որուն հա­մար շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­ցին, որ ամէն առ­թիւ իր հո­վուա­պետա­կան ներ­կա­յու­թեամբ կը մխի­թարէր զի­րենք։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց ըն­ծա­յուած որ­դիական ջերմ ըն­դունե­լու­թեան հա­մար եւ իր հայ­րա­կան օրհնու­թիւնը տո­ւաւ եկե­ղեց­ւոյ Հո­գեւոր Հո­գիւ Հայր Ռօ­շան Վար­դա­պետի եւ ներ­կայ Հայ հա­մայնքի ան­դամնե­րուն։

Ն.Ա.Տ.Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը պաշ­տօ­նական այ­ցե­լու­թիւննե­րու ծի­րէն ներս 11 Օգոս­տոս 2023-ին քա­ղաքա­վարա­կան այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ Մեր­սի­նի Կու­սա­կալ Ալի Համ­զա Փեհ­լի­վանի։ Պատ­րիարք Հօր կ՚ըն­կե­րանա­յին Գա­ւառի հա­մայնքնե­րու տե­սուչ՝ Արժ. Տ. Աւե­տիս Քհնյ. Թա­պաշեան, գա­ւազա­նակիր՝ Արժ. Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւրզեան եւ Իս­քենտե­րու­նի Ծխա­կան Խոր­հուրդի ատե­նապետ՝ Եու­սուֆ Թա­պաշեան։

Մե­ծայարգ կու­սա­կալը, որ ան­ցեալ տա­րի ծա­նօթա­ցած էր Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան հետ, իր գո­հու­նա­կու­թիւնը յայտնեց, որ այս տա­րի եւս հան­դի­պում ու­նե­ցած էր։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց ըն­ծա­յուած ջերմ ըն­դունե­լու­թեան հա­մար եւ յա­ջողու­թիւն մաղ­թեց մե­ծայարգ կու­սա­կալին իր գոր­ծունէու­թեանց մէջ։

Կու­սա­կալու­թեան պաշ­տօ­նարա­նէն բաժ­նո­ւելէ յե­տոյ ցա­մաքի ճամ­բով Մեր­սի­նէն մեկ­նե­ցաւ դէ­պի Հա­թայ։

Ամեն. Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը ժա­մը 16.00-ին այ­ցե­լեց Հա­թայի Մայր Քա­ղաքա­պետու­թեան պաշ­տօ­նարա­նը։ Մայր Քա­ղաքա­պետ Տոց. Տքթ. Լիւթֆի Սա­վաշ պաշ­տօ­նական անակնկալ հան­դի­պու­մի մը հա­մար քա­ղաքէն դուրս կը գտնուէր, հե­տեւա­բար Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը ըն­դունո­ւեցաւ Մայր Քա­ղաքա­պետի Փո­խանորդ՝ Ատ­նան Էօզ­քա­յայի կող­մէ։

Պատ­րիարք Հայ­րը իր հե­տեւորդնե­րով այ­ցե­լեց Առ­սուզի Ս. Յով­հաննէս Ուղղա­փառաց Եկե­ղեցին, որ երկրա­շար­ժէն մե­ծապէս վնա­սուած էր։ Եկե­ղեց­ւոյ մուտքին Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­ցին Իս­կենտե­րու­նի եւ Առ­սուզի Սուրբ Եկե­ղեցեաց Երէց՝ Արժ. Տ. Տի­միթ­րի Եըլ­տը­րըմ, Եկե­ղեց­ւոյ ծխա­կան խոր­հուրդի ատե­նապետ Ճէ­միլ Թու­րան եւ խորհրդա­կան­ներ։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը ի տես եկե­ղեց­ւոյ աւե­րեալ վի­ճակին իր ցա­ւը յայտնեց եւ հայ­րա­կան օրհնու­թեամբ մխի­թարեց ներ­կայ հա­ւատա­ցեալ­նե­րը եւ յի­շեցուց, որ աղօ­թակից էր իրենց այս դժո­ւարին պա­հերու յաղ­թա­հար­ման հա­մար։ Վեր­ջին օրհնու­թեան աղօթ­քը ար­տա­սանե­լէ յե­տոյ մեկ­նե­ցաւ։

Նոյն գի­շեր Ամեն. Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը Իս­կենտե­րու­նի Ծխա­կան Խոր­հուրդի ան­դամնե­րուն հետ հա­մախմբո­ւեցաւ սի­րոյ սե­ղանի շուրջ եւ երկրա­շար­ժէն յե­տոյ փոքր վնաս­ներ կրած բնա­կարան­նե­րու վե­րանո­րոգու­թեան հա­մար ծխա­կան խոր­հուրդի ատե­նապետ Եու­սուֆ Թա­պաշի եւ խորհրդա­կան­նե­րուն տա­րած վճռա­կան աշ­խա­տանքնե­րը գո­վեց եւ իրենց յա­ջողու­թիւն մաղ­թեց։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը եւ հե­տեւորդնե­րը գի­շերե­ցին Իս­կենտե­րու­նի Լա­տին Կա­թոլիկ Վան­քին մէջ։

Ամեն. Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը 12 Օգոս­տոս, Շա­բաթ, ժա­մը 10.30-ին վան­քի սե­ղանա­տան մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ քա­ղաքի հայ հա­մայնքի ան­դամնե­րուն հետ։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը յետ երկրա­շար­ժի երկրորդ հո­վուա­պետա­կան այ­ցե­լու­թիւնն էր որ կը շնոր­հէր։ Առա­ջինին ցաւ զգա­ցած էր, քա­նի որ հա­մայնքի բազ­մա­թիւ ան­դամներ երկրա­շար­ժի պատ­ճա­ռով այլ քա­ղաք­ներ փո­խադ­րո­ւած էին։ Այս ան­գամ իր գո­հու­նա­կու­թիւնը յայտնեց, որ շա­տեր վե­րադար­ձած էին եւ առի­թը ու­նե­ցած էր իրենց հետ զրու­ցե­լու։ Ամեն. Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը իր մխի­թարա­կան խօս­քե­րով յայտնեց, թէ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռը նե­ցուկ կը կանգնէր իրենց։ Մեր հո­գեւոր պե­տը հայ­րա­կան խօս­քե­րով գո­վեց Տ. Աւե­տիս Քա­հանան եւ ծխա­կան խոր­հուրդի ատե­նապետ՝ Եու­սուֆ Թա­պաշը, որոնք երկրա­շար­ժի պա­տահած առա­ջին իսկ մէկ օրէն յանձն առած էին աշ­խա­տակ­ցիլ Պատ­րիար­քա­րանի հետ կա­տարո­ւած բո­լոր աշ­խա­տանքնե­րուն։ Այս հան­դի­պու­մին ներ­կայ հա­մայնքի ան­դամնե­րը առիթ ու­նե­ցան ար­տա­յայ­տո­ւելու եւ իրենց որ­դիական սէ­րը յայտնե­լու Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան։

Պատ­րիարք Հայ­րը Իս­կենտէ­րու­նէն բաժ­նո­ւելով ուղղո­ւեցաւ դէ­պի Սա­ման­տաղ, այն գա­ւառա­կը որուն սահ­մաննե­րուն մէջ կը գտնո­ւի Վա­քըֆ­գիւղը։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը, ժա­մը 15.30-ին այ­ցե­լեց Սա­ման­տա­ղի Գա­ւառա­պետ՝ Մու­րատ Աք­սույի։ Գա­ւառա­պետա­րանի մուտքին մեր հո­գեւոր պետն ու հե­տեւորդնե­րը դի­մաւո­րուե­ցան Վա­քըֆ­գիւղի Ծխա­կան Խոր­հուրդի Ատե­նապետ՝ Ճէմ Չա­փարի, Վա­քըֆ­գիւղի Գիւ­ղա­պետ՝ Պերճ Քար­թունի եւ Կար­պիս Քու­շի կող­մէ։ Սի­րալիր մթնո­լոր­տի մէջ կա­յացած հան­դի­պու­մի ըն­թացքին մեր Հո­գեւոր Պե­տը յա­ջողու­թիւն մաղ­թեց յար­գե­լի գա­ւառա­պետին, որ կը պաշ­տօ­նավա­րէր երկրա­շար­ժի հե­տեւան­քով ծանր աւեր­ներ կրած շրջա­նի մը մէջ։

Ամեն. Ս. Պատ­րիարք Հայր գա­ւառա­պետա­րանէն յե­տոյ իր հե­տեւորդնե­րով այ­ցե­լեց Սա­ման­տա­ղի Քա­ղաքա­պետ՝ Րէ­ֆիք Էրեըլ­մա­զի։ Մեր Հո­գեւոր Պե­տը նոյնպէս ընդգծեց ծանր աւեր­ներ կրած շրջա­նի մը մէջ պաշ­տօ­նավա­րելու դժո­ւարու­թիւննե­րը, մա­նաւանդ որ տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուէր փլու­զումնե­րը։ Այս նեղ պայ­մաննե­րու մէջ յօ­գուտ քա­ղաքի իրա­գոր­ծե­լի շի­նարա­րական աշ­խա­տու­թեանց մէջ քա­ղաքա­պետին յա­ջողու­թիւն մաղ­թեց։

Քա­ղաքա­պետա­րան այ­ցե­լու­թե­նէն յե­տոյ Ամեն. Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը հա­սաւ Վա­քըֆ­գիւղ, ուր կը տի­րապե­տէր ապ­րուած երկրա­շար­ժի աւե­րուա­ծու­թեան մթնո­լոր­տը, այս առու­մով տհոլ ու զուռնա­յով կա­տարո­ւած աւան­դա­կան խան­դա­վառ դի­մաւո­րու­թիւնը տե­ղի չու­նե­ցաւ։ Գիւ­ղա­ցիներ սի­րով շրջա­պատե­ցին Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը, որ այ­ցե­լեց Ս. Աս­տո­ւածա­ծին Եկե­ղեցին, որուն զան­գա­կատու­նը, աւագ սե­ղանը եւ մկրտա­րանը աւե­րուած էր։ Պատ­րիարք Հայ­րը տե­սաւ գիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ հա­ւաքո­ւած կի­ները, որոնք հա­րիսա­յի ցո­րենը կը մաք­րէին։ Այս տե­սարա­նը մխի­թարա­կան որա­կեց Պատ­րիարք հայ­րը, քա­նի գիւ­ղա­ցիներ կա­պուած կը մնա­յին իրենց աւան­դա­կան սո­վորու­թիւննե­րուն։

Ժա­մը 18:30-ին եկե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ ժո­ղովուրդի մաս­նակցու­թեամբ կա­տարո­ւեցաւ երե­կոյեան ժա­մասա­ցու­թիւն եւ աղօրհնէք։

Ժա­մը 23.00-ին Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը յետ կա­տարո­ւած աղօթ­քի, բո­ցավա­ռեց հա­րիսա­յի կաթ­սա­ներու կրակ­նե­րը։

Սուրբ Կոյս Մա­րիամ Աս­տո­ւածա­մօր Վե­րափոխ­ման տա­ղաւա­րի Սուրբ Պա­տարա­գը մա­տու­ցո­ւեցաւ Մես­րոպ Բ. Պատ­րիարք Մշա­կոյ­թի Կեդ­րո­նի սրա­հին մէջ։ Ժա­մը 10.00-ին սկսած Սուրբ Պա­տարա­գը մա­տոյց Արժ. Տ. Աւե­տիս Քա­հանայ Թա­պաշեան։ Ս. Սե­ղանին սպա­սար­կե­ցին Բրկ. Ալէն Քուշ եւ Բրկ. Եու­սուֆ Թա­պաշ ու­րա­րակիր դպիր­նե­րը։ Եր­գե­ցողու­թիւննե­րը վա­րեց Արժ. Տ. Շիր­վան Քա­հանայ Միւրզեան։

Նախ քան Տէ­րու­նա­կան Աղօթ­քը քա­րոզեց Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը անդրա­դառ­նա­լով Ս. Աս­տո­ւածած­նի վե­րափոխ­ման իմաս­տին, շեշ­տեց որ կը դի­մենք իր բա­րեխօ­սու­թեան։ Գիւ­ղի ժո­ղովուրդին թե­լադ­րեց որ միաս­նա­կանու­թեան ոգի դրսա­ւորեն։ Յի­շեցուց որ օրհնու­թիւնը կու գար հոն, ուր սի­րոյ միու­թեան ներ­կա­յու­թիւնը զգա­լի կը դառ­նար։ Քա­րոզի վեր­ջա­ւորու­թեան ընդգծեց Քրիս­տո­սի խօս­քին կա­րեւո­րու­թիւնը։ Յի­շեցուց, որ Քրիս­տոս նոր պա­տուի­րան տո­ւած էր իր առա­քեալ­նե­րուն ըսե­լով. «ինչպէս ես ձեզ սի­րեցի, դուք ալ սի­րեցէք զի­րար։ Եթէ դուք զի­րար սի­րէք՝ ատով ամէն­քը պի­տի գիտ­նան թէ դուք իմ աշա­կերտներս էք» (Յով­հաննէս, 13.34-35)։

Սուրբ Պա­տարա­գի աւար­տին կա­տարո­ւեցաւ խա­ղողօրհնէք, ապա հա­րիսա­յի օրհնու­թիւն եւ պաշ­տօն գիւ­ղի վախ­ճա­նեալ հո­գեւոր սպա­սաւոր­նե­րուն եւ գիւ­ղա­ցինե­րուն հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։

Եկե­ղեցա­կան արա­րողու­թեանց աւար­տին սար­քո­ւեցաւ Սի­րոյ Սե­ղան, որ­մէ յե­տոյ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը մեկ­նե­ցաւ դէ­պի Ատա­նա եւ օդա­յին ճամ­բով վե­րադար­ձաւ Իսթան­պուլ՝ իր Աթո­ռը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ