Մենք եւ մեր սարերը

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հայի յատ­կա­նիշ­նե­րէն մէկն է սա­րի յատ­կա­պէս ալ Արա­րատի հետ գո­յացու­ցած հա­րազա­տու­թիւնը։ Ան­սա­սան է Արա­րատը։ Ներ­քե­ւին ինչ որ պա­տահի, ան կը պա­հէ իր վե­հու­թիւնը։ Հա­յու հա­մար կեն­դա­նի է սա­րը։ Թէեւ ան­խօս, բայց լսող։ Պահ մը թո­ղունք այս ան­հա­տական ըն­կա­լու­մը եւ օրի­նակ մը թո­ւենք։ Բա­նաս­տեղծ Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեան զինք այ­ցե­լող թրքու­հիին հե­տեւեալ տո­ղերով կը բա­ցատ­րէ լե­րան իմաս­տը. «Արա­րատը ձե­զի հա­մար բարձրու­թեան խոր­հուրդն է, իսկ մեզ հա­յերուս հա­մար՝ խո­րու­թեան»։ Ստե­փանա­կեր­տի մօ­տակայ բար­ձունքի մը վրայ կա­ռու­ցո­ւած Տա­տիկ-Պա­պիկ քան­դա­կը եւս մեր լեռ­նե­րը խորհրդան­շող իմաստ մը ու­նի։

Գա­լով մեր օրո­ւայ Թուրքիոյ ապ­րումնե­րուն՝ Ապ­րիլ ամ­սու վեր­ջին օրե­րուն Մօ­տա Սահ­նէ­սի բե­մին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Յան­կարծ» թա­տերա­խումբի բե­մադ­րած «Իմ Սիր­տը Լեռ­նե­րում Է» թատ­րերգու­թեան առա­ջին ներ­կա­յացու­մը։ Երբ հայ­կա­կան թա­տերա­խումբ մը Ուի­լեամ Սա­րոյեանի մէկ գոր­ծը կը բե­մադ­րէ, հան­դի­սատե­սը ար­դա­րօրէն կը տա­րուի մտա­ծելու, թէ նիւ­թը պի­տի վե­րաբե­րի հայ­կա­կան ապ­րումնե­րու։

Դէպ­քը կ՚անցնի 1914 թո­ւակա­նին Գա­լիֆոր­նիոյ Ֆրէզ­նօ քա­ղաքին մէջ։ Ակ­նարկո­ւածը ոչ թէ Արա­րատն է կամ Արա­գածը, այլ Սկով­տիօ մէջ լեռ մը։ Հայ­րե­նաբաղ­ձութեամբ տա­ռապողն ալ ծե­րացած դե­րասան պա­րոն Մաք Կրե­կորն է։

Բե­մադ­րութեան գլխա­ւոր դե­րասան­ներն են ան­յա­ջող բա­նաս­տեղծի մը կեր­պա­րը նկա­րագ­րող Եղիա Աք­կիւն, անոր դե­ռատի դուստրը մարմնա­ւորող Տի­յանա Չի­լին­կա­րեան եւ մայ­րը Լա­րա Նա­րին։ Իսկ վաս­տա­կաւոր դե­րասան Նշան Շի­րինեան կը մարմնա­ւորէ պա­րոն Մաք Կրե­կորի կեր­պա­րը։

Բե­մադ­րութիւ­նը տքնա­ջան աշ­խա­տան­քի մը ար­դիւնքն է եւ բո­լորո­վին կ՚ար­դա­րաց­նէ կատարուած այդ մեծ աշ­խա­տան­քը։ Բե­մադ­րիչ Դա­րա Տե­միր­ճիօղ­լու եւ բե­մայար­դարման, տա­րազ­նե­րու ձե­ւաւոր­ման, լու­սա­ւոր­ման կամ երաժշտու­թեան մէջ իրեն աջակ­ցողնե­րը հրա­շալի գործ մը դուրս բե­րած են։

Ու­րա­խու­թեամբ վե­րահա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ «Յան­կարծ» թա­տերա­խումբը կը պա­տրաստո­ւի սոյն տա­րուայ ամառ­նա­յին ամիս­նե­րուն նոյն գոր­ծը հա­յերէ­նով բե­մադ­րե­լու։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ