24Ապրիլը բնականաբար խճողուած օր է խմբագրատան աշխատանքներու առումով։ 14 Մայիսի ընտրութիւններու ընդառաջ մենք հարկադրուեցանք ընդունելու նաեւ երկու կուսակցութիւններու այցելութիւնները, որոնք աւելի փափկավարական բնոյթ ունէին։
Այս ծիրէն ներս մեր առաջին այցելուները եղան Կանանչներ Կուսակցութեան ներկայացուցիչները։ Անոնց այցելութիւնը առնչուած չէր մօտակայ ընտրութիւններուն, քանի որ տակաւին պաշտօնապէս չէ կայացած կուսակցութեան հիմնադրութիւնը։
Իսկապէս ալ Թուրքիոյ իրաւական համակարգի գործելակերպին առումով հետաքրքրական օրինակ մըն է այս, քանի որ կուսակցութիւնը հիմնադրութեան համար անհրաժեշտ համարուած բոլոր թղթաբանութիւնները աւարտելով հանդերձ չէ յաջողած հիմնադրութեան աղերսագիրը Ներքին Գործոց Նախարարութեան յանձնելու։ Նախարարութիւնը բոլորովին կամայական վերաբերմունքով կը մերժէ այս դիմումը։ Ուրեմն կուսակցութեան նախաձեռնողները կը ստիպուին իրենց իրաւունքը պաշտպանել դատական նիստերով, բայց այդ փորձն ալ ապարդիւն կը մնայ։ Թուրքիոյ մէջ ոչ մէկ դատարան նկատի կ՚առնէ իրենց դիմումները եւ անոնք այժմ կը փորձեն աւարտին բերել դատական գործողութիւնը որպէսզի կարողանան դիմել Եւորպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանին։
Մեր հիւրերն էին կուսակցութեան համաբանբերներ՝ Էօզլեմ Թաշտեմիր Թեքէ եւ Քորայ Տողան Ուրպարլը։ Անոնց կ՚ընկերակցէր նաեւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Տենիզ Մելսա Էրկենչ։ Նշենք որ Թեքէ եւ Ուրպարլը երեսփոխանութեան թեկնածու առաջադրուած են Թուրքիոյ Բանուորական Կուսակցութեան շարքերէն։
***
Այս հանդիպումէն անմիջապէս ետք խմբագրատան մէջ ընդունեցինք Թուրքիոյ Բանուորներու Կուսակցութեան ներկայացուցիչներու այցելութիւնը։ Այս կուսակցութիւնը վերջերս յաջողած է ընտրողներու շրջանակէ ներս որոշ հետաքրքրութեան արժանանալ։ Այս պատճառաւ ալ Թուրքիոյ Բանուորներու Կուսակցութիւնը Աշխատանքի եւ Ազատութեան Դաշինքի անդամ ըլլալով հանդերձ որոշած է ընտրութիւններուն անչատաբար մասնակցելու։ Կուսակցութեան այս որոշումը տարակարծութիւններ գոյացուցած է դաշինքի շրջանակներէ ներս։ Ուշագրաւ է որ Կանանչ ձախ Կուսակցութեան կիրակնօրեայ հանրահաւաքի ընթացքին Փերվին Պուլտան իր ելոյթին մէջ նշեց թէ դաշինքէն դուրս գործածուած իւրաքանչիւր քուէ կը ծառայէ Էրտողանի իշխանութեան։
Բանի կը մօտենայ ընտրութեան օրերը ինքնաբերաբար կը սրուին նաեւ կուսակցութիւններու միջեւ ճակատումներն ալ։ Թուրքիոյ Բանուորներու Կուսակցութեան անունով խմբագրատուն այցելութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր երեսփոխան Ահմետ Շըք։ Այցելուներու մէջ էր նաեւ մեր վաղեմի բարեկամ ՄասիսիՔիւրքչիւկիլ, որ ինք եւս թեկնածու առաջադրուած է, բայց ընտրուելու հաւանականութիւն գրեթէ չունի։
Մասիս Քիւրքչիւկիլ Թուրքիոյ ձախ քաղաքական շարժումի մէջ մեծ աւանդ ունեցող գործիչ որպէս, այս ընտրութիւններու ընդառաջ կը զօրակցի Թուրքիոյ Բանուորական Կուսակցութեան եւ առանց ընտրուելու յաւակնութիւն ունենալու կ՚առաջադրէ իր թեկնածութիւնը կուսակցութեան ցանկերը լրացնելու ակնկալութեամբ։