ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
(Սեն Ռաֆայէլ)
«Ժողովրդի մեծութիւնը չի
գնահատւում նրա քանակով ,
ինչպէս մարդու առաքինութիւնը
չի չափւում նրա հասակով»
Վ. Հիւկօ
Տխուր մշուշապատ է միջազգային քաղաքական երկնակամարը։ Հանգիստ հաւասարակշիռ երկիր չկայ կարծես, որու կատարը Մոսկուա-Քիեւ բախումն է երեւի, պատմութեան անտրամաբանական պատերազմներու մեծագոյնը։ Այն առաւել անընդունելի է ու տխմար քանզի՝ նախ եղբայրասպան է թելադրուած դրսէն եւ անոր վերջը, անտեսանելի։ Բազում են անմեղ տուժողները։ Մեծ տագնապ է նաեւ ԱՄՆ-Փեքին լարուածութիւնը եւ բացառուած չէ որ այն դառնայ միջազգային բախումի թատերաբեմ, ըստ Չինաստանի ԱԳ նախարարի ելոյթին։ Մենք եւս անբաժան չենք այդ քաոսային վիճակէն։ Ալիեւի համար այլեւս կարմիր գիծ չէ մնացած։ Ան շարունակ կը խախտէ իր իսկ ստորագրած հրադադարի պայմանները շինծու պատրուակներով՝ սադրանքի ենթարկելով թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ ՀՀ խաղաղ բնակչութիւնը։ Օրերս դարանակալուած զինուած մի աւազակախումբ անտառային գօտին կը գրոհէ ՆԳ հերթափոխի մեքենայի վրայ եւ ունինք երեք զոհ մէկ վիրաւոր։ Դիմացը եւս կորուստներ եղած են, բայց ճիշդ թիւը անյայտ է, ենթադրաբար եօթ անձ։ Դէպքի տխմար կատարն այն է, որ Պաքուն աշխարհով մէկ կ՚աղմկէ, թէ միջադէպի հեղինակները հայերն են, իսկ մեր կողմէ փաստացի, հերքումը քանի՞ մարդու համոզեց՝ անյայտ է։
Ալիեւը թերեւս իր լպիրշ ոտնձգութիւնները չափաւորէր, եթէ անոր սատար չըլլային արեւմտեան այն երկիրները, որոնք ստորագրած են շահաւէտ պայմանագրեր անոր հետ՝ մեծ քանակով կազ մատակարարելու։ Ստիպուած՝ մենք դռներ կը ծեծենք արդար օգնութեան կոչերով եւ միջազգային հանրութեանը երախտապարտ պիտի ըլլա՞նք որ առնուազն մեզ կը ցաւակցին, բայց Բերձորը կը մնայ փակ, իսկ կրակոցները չեն դադարիր։
Ճակատագրական այս օրերուն ոմանց բանականութեան բացակայութիւնը արտառոց երեւոյթ է։ Ոչ մէկ ձայն լսուեցաւ գլուխ գլխի գալու մասին՝ ճար գտնելու միտումով, մինչ հայրենի թէ սփիւռքի մամուլի մի մասը կը շարունակէ պարբերաբար վարչապետի հրաժարականի տխմար կոչերը հնչեցնել։ Մինչեւ ե՞րբ անյայտ է սակայն եռանդի նուազում չկայ։
Մեր հասարակութեան հաւաքական մտածելակերպը տարբեր է, շատ տարբեր։ Կան որ ժամանակի հետ համահունչ՝ իրենց կարողութեան համեմատ կ՚աշխատին երկիր զարգացնել։ Պատահական չէ որ Արաքսի ափին, Իրանի սահմանի մօտակայքին մեծ տարածք յատկացուած է Իսրայէլին, ԱԹՍ-ի միատեղ արտադրութիւն զարգացնելու։ Փոխարէնը Երեւանը դարձած է սրճարան- ճաշարաններու ու հիւրանոցներու հաւաքատեղի։ Զանց չառնենք բնակարանային եւ ճանապարհաշինութեան լայն ծաւալի վերելքը, որ ըստ էութեան դրական է, բայց խօսք անգամ չկայ արդիւնաբերութիւնը վերականգնելու մասին։ Աներկբայ է որ ականներուն, 90- ՆԱԻՐԻՏ-ով հետաքրքրուած էին թէ՛ ռուսերը եւ թէ՛ չինացիները։
Մենք իմաստութիւնը ունեցանք այն խոպանի վերածել եւ նոյն տրամաբանութեամբ վերանորոգուեց Ամուլսարի շահագործման պայմանագիրը՝ միայն պետական 12,5% մասնաբաժնով։ Կային այլ լուծումներ։ Երկարաժամկէտ ծրագրերու ներդրումին մենք դեռ ծանօթ չենք։ Անվտանգութեան խնդիրը կը մնայ առաջնակարգ բոլորիս համար։ Ներքին գզվռտուքին անդրադառնալը աւելորդ է։ Տեղին է հարց տալ թէ՛ արդեօք ամէ՞ն ինչ վատ, է մեզ մօտ։ Իմ պատասխանը կ՚ըլլայ Ո՜չ։ Կան դրական քայլեր ու երեւոյթներ, որ ոմանք անկարող են տեսնել։
Օրերս ԱԺ փոխնախագահ Արշակեանը ծանուցեց, որ մեր մասնագէտները նախագծած են նոր տեսակի պաշտպանական համակարգեր, որ արտադրութեան ոլորտ մտած են։ Նման ոգեւորիչ լուր էր, երբ իմացանք որ ՀՀ կառավարման համակարգին աշխատելու են հրաւիրուած սփիւռքահայ երիտասարդ մասնագէտներ։
Անվիճելի է որ վերակառուցուած է հարիւրաւոր քմ ճանապարհ եւ կը սպասեմ թէ երբ սահմանադրական օրէնքով հայրենի բանակին ծառայելու կը զօրակոչուին հայ կանայք։ Կա՛ն այդպիսի երկիրներ, իսկ արդիւնքը դրական է եւ օրինակելի։
Կարեւոր իրադրութիւն էր Էջմիածին տեղի ունեցած Գերագոյն Հոգեւոր Խորհրդը (ԳՀԽ)։ Զանց չառնելով եկեղեցւոյ դերն ու գործունէութիւնը մեր ժողովրդի անցեալ, արդի եւ ապագայ զարգացումներուն, պիտի չանդրադառնամ այդ ժողովի ընթացքին նախ որ ի զօրու չեմ եւ ըստ աւանդութեան՝ այն անհասանելի է։ Միայն թէ մամուլի տեղեկութիւնով նշանակուած են ԳՀԽ նոր անդամներ, Միքայէլ արք։ Աջապահեանը անոնց շարքին է։ Հոգեւորական՝ որ իր պարտականութիւնները կողքի դրած, ամիսներ ընդդիմադիր ցուցարարներու հետ ամպիոնէն վարչապետի հրաժարական կը պահանջէր, մինչեւ իսկ յօդուածներ գրելով ենթադրաբար իր վերադասի ցուցմունքով ու քաջալերանքով։ Միթէ՞ ԳՀԽ անդամները անտեղեակ էին այդ երեւոյթէն։ Սխալ չէ ըսուած թէ «Նման զնմանն իւր գտանէ»։
Որքան օգտակար պիտի ըլլար, եթէ այդ պատուաւոր ԳՀԽ-ը քննարկէր եւ որոշում ընդունէր կաթողիկոսներու անձեռնմխելիութեան եւ ցմահ գահակալման մասին, որ արդի հոգեբանական պահանջներուն համապատասխան չէ։ Ինչո՞ւ այն կարելի չէ ընել մի քանի տարի յետոյ վերընտրուելու սկզբունքով, եթէ ենթական ապիկար չէ։ Նոյն ԳՀԽ-ն կարող էր քննարկել եւ լուսաբանել մի այլ նոյնքան կարեւոր կուսակրօնութեան հարցը, որ բազում օրինազանցութեան ու պղծութեան պատճառ կը դառնայ։
ԳՀԽ-ը իրաւասու էր, բայց անհրաժեշտ չգտաւ լուսաբանել Միքայէլ արք Աջապահեանի, Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանի եւ այլոց սերտ կապը երկրորդ նախագահի եւ ընդդիմադիր ուժերու հետ կապուած։ Աւստրալիայէն մինչ ԱՄՆ գործող եկեղեցիներու զգալի մասի կղերականները մասնակից էին վարչապետի հրաժարական պահանջող արշաւին։ Հոգեւորականները իրենց վերադասի հետ մէկտեղ քաղաքական միջավայրէն հեռու մնալու պարտադիր տարերքը մոռացած են։ Չէ՞ որ եկեղեցին սկզբունքով համաժողովրդական է եւ ոչ մէկու կամ միւսի մենաշնորհը չի կրնար ըլլալ եւ բոլորն են հօտի անդամ։ Ազգային ու կրօնական պատասխանատուութիւն ունեցող այդ այրերը ինչով են տարբեր փողոց փակող ցուցարարէն։ Ինչ կարգի որ ըլլան, կրօնի սպասաւորը՝ միատեսակ բոլորին ընդունելու պարտադիր է։ Այդ է սկզբունքը: ԳՀԽ-ը իրաւասու էր եւ ժամանակն է քննարկել հոգեւոր արարողութիւններու ընթացքին հանդերձեղէնի հարցը, որ պատարագիչները երբեմն կը նմանին զարդանկարած ամանորի տօնածառի, որ տարազ փառամոլութեան զուտ ցուցադրութիւն է եւ կրօնական կամ հոգեւոր առումով ոչ մէկ արժէք ունի։ Յիշենք դարաւոր ֆրանսական մի առած «Զգեստը չէ որ դարձնում է վանական»։ Ոմանք պիտի առարկեն թէ՛ աւանդոյթ է։ Ծէս, բայց որքա՞ն նման աննպատակ ու անիմաստ աւանդոյթներ մնացած են մոռացութեան գիրկը։
Կարելի էր դեռ շարունակել նման կարեւոր հարցերու ցանկը, որ ԳՀԽ իրաւասութեան ոլորտին քննարկուելու կարիք ունին։ Բաւարարուինք այսքանով։ Կը համարձակիմ յիշեցնել, որ եկեղեցին՝ էկլեզիան քարէ շինութիւնը չէ, այլ ոմանց կողմէ յաճախ ժխտուած, կամ մոռացուած հաւատացեալ բազմութիւնը։
Հասկացողին հազար ողջոյն։