Երբ Լաչինի միջանցքի իբրեւ թէ բնապահպաններու ձեռամբ արգելափակման հետեւանքով արցախահայ 120 հազար բնակչութիւն կը մնայ պաշարման մէջ, դիւանագիտական շփումները կը շարունակուին միջազգային գետնի վրայ։
Այս ծիրէն ներս 18 Փետրուարին Միւնիխի մէջ կայացաւ Ալիեւ-Փաշինեան-Պլինքըն հանդիպումը։ Վարչապետ Փաշինեանի կողքին էր Արտ. Գործ. Նախարար Արարատ Միրզոյեան, իսկ դիմացի սեղանի վրայ Ալիեւի կողքին Ճէյհուն Պայրամով։ Էնթընի Պլինքընին կ՚ընկերակցէին Եւրասիոյ հարցերով նախարարի տեղակալ Քերըն Տենֆրիտ եւ խորհրդական Լուի Լ. Պոնօ։
Նախքան եռակողմ հանդիպում, Էնթընի Պլինքըն համոզում յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները պատմական կարելիութիւն ունին հասնելու կայուն խաղաղութեան։ «Միացեալ Նահանգները պատրաստ է ամէն ինչ ընելու, որպէսզի աջակցինք երկխօսութեան ջանքերուն՝ ըլլայ այդ ուղղակի կերպով մեր ընկերներուն հետ, ըլլայ այդ այսպիսի եռակողմ ձեւաչափով, թէ միջազգային այլ գործընկերներու հետ», յայտնեց Պլինքըն։
Իսկ որո՞նք են ակնարկուած միջազգային գործընկերները, այդ մասին պարզում մը չէ ըրած ԱՄՆ Արտ. Գործ. Նախարարը։
Հանդիպման պահուն քննարկուեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի վերաբերող աշխատանքներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ շրջանային փոխադրամիջոցներու ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման եւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման իրականացման՝ Փրակի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ։
Փաշինեան ընդգծեց հայկական կողմի տեսլականը՝ ստորագրութեան այնպիսի համաձայնագիր մը ձեւաւորելու, որ պիտի երաշխաւորէ շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը։
Միւնիխի հանդիպումէն ետք, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին Ալիեւ յայտարարեց, որ հայկական կողմին պաշտօնապէս առաջարկած է հսկիչ անցագրային կէտեր տեղադրել Լաչինի եւ Հայաստանի միջեւ։ «Ես անգամ մը եւս ըսի, որ շրջափակման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ» շեշտեց ան, յաւելելով թէ Միւնիխեան եռակողմ հանդիպումը արդիւնաւէտ եղած է, ուր քննարկուած են զանազան հարցեր։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս, մեկնաբանելով հանդիպումը՝ ըսաւ. «Արտաքին Գործոց Նախարար Էնթընի Պլինքըն այսօր (18 Փետրուար) Միւնիխի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկկողմ խաղաղ բանակցութիւնները զարգացնելու նպատակով։ Ան ի գիտութիւն ընդունեց այն զգալի յառաջընթացը, որուն երկու կողմերը հասան վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին խաղաղութեան համաձայնագիրի ուղղութեամբ, եւ Եւրոպական Միութեան նախագահ Շարլ Միշէլի առաջարկը՝ կողմերը Պրիւքսելի մէջ հիւրընկալելու։ Քննարկման ընթացքին արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց Լաչինի միջանցքով ազատ ու բաց առեւտրական եւ սեփական տարանցման անհրաժեշտութիւնը։ Ան նաեւ կողմերուն կոչ ուղղեց՝ փոխադրամիջոցներու այլ ուղիներ բանալու։