Միրզոյեան այցելեց Թուրքիա

Հայաս­տա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեան կոր­ծա­նիչ երկրա­շար­ժի առ­թիւ պաշ­տօ­նական այ­ցե­լու­թիւն մը կա­տարեց Թուրքիա։ Միր­զո­յեան այստեղ Թուրքիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Մեվ­լութ Չա­ւու­շօղլո­ւի հետ հան­դիպման պա­հուն յայտնեց թէ այս դժո­ւարին օրե­րուն Թուրքիա այ­ցե­լելով ան­գամ մը եւս կ՚ընդգծէ խա­ղաղու­թիւն կեր­տե­լու մա­սին Հա­յաս­տա­նի կամ­քը։ Մել­վութ Չա­ւու­շօղլու ալ հա­մատեղ մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թեան ըն­թացքին նշեց որ Հա­յաս­տան աղէ­տի այս օրե­րուն բե­րեկա­մու­թեան ձեռք մեկ­նած է Թուրքիոյ։ Ան նաեւ յա­ւելեց թէ Հա­յաս­տան 28 հո­գիէ բաղ­կա­ցող փրկա­րար ջո­կատով մաս­նակցած է փլա­տակ­նե­րէն կեան­քեր փրկե­լու առա­քելու­թեան եւ 8 Փետ­րո­ւարէն այս կողմ յա­ջողած է դուրս բե­րել ման­կա­մար­դուհի մը եւ երի­տասարդ մը։ «Մեծ եռան­դով աշ­խա­տեցան եւ մենք նկա­տեցինք այդ աշ­խա­տան­քի ըն­թացքին իրենց ոգե­ւորու­թիւնը։ Միւս կող­մէ Հա­յաս­տան 100 թոն­նա մար­դա­սիրա­կան օգ­նութիւն ու­ղարկե­լով այս դժո­ւարին օրե­րուն բա­րեկա­մական ձեռք մեկ­նած է մեր երկրին» ըսաւ Մեվ­լութ Չա­ւու­շօղլու։

Արա­րատ Միր­զո­յեան ալ իր ելոյ­թին մէջ յի­շելով Սպի­տակի երկրա­շար­ժը նշեց որ հայ ժո­ղովուրդը լաւ կը զգայ նման աղէ­տի մը պատ­ճա­ռած տա­ռապան­քը։ Ան յա­նուն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ցա­ւակ­ցութիւն յայտնեց աղէ­տի զո­հերու հա­րազատ­նե­րուն, Թուրքիոյ ժո­ղովուրդին եւ պե­տու­թեան։ «Հա­յաս­տան երկրա­շար­ժէն ան­մի­ջապէս վերջ որո­շեց Թուրքիա օգ­նութիւն տրա­մադ­րե­լու։ Ու­րախ եմ որ հայ փրկա­րար­ներ իրենց գոր­ծընկեր­նե­րու հետ միասին յա­ջողած են կեան­քեր փրկել։ Խորհրդան­շա­կան էր որ շա­բաթ օր 30 տա­րի անձ առա­ջին ան­գամ մար­դա­սիրա­կան օգ­նութեան փո­խադ­րութեան հա­մար բա­ցուե­ցաւ ցա­մաքա­յին սահ­մա­նը։ Այս դժո­ւարին օրե­րուն Թուրքիա գտնո­ւելով կր՚ու­զեմ ընդգծել խա­ղաղու­թիւն կեր­տե­լու հա­մար իմ պատ­րաստա­կամու­թիւնս»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ