Թուրքիա յառաջիկայ տարուայ Յունիս ամսուն կայանալիք ընտրութիւններու ընդառաջ կ՚ապրի բաւականին աղմկայարոյց օրեր։
Քաղաքական վերլուծաբաններ ճակատագրային կը համարեն այս ընտրութիւնները եւ կ՚ըսեն թէ եթէ իշխանափոխութիւն մը չարձանագրուի խիստ հաւանական է թէ այս ընտրութիւնը ըլլայ խորհրդարանական վերջին ընտրութիւն։ Եթէ այս հանգրուանին նախագահ Էրտողան յաջողի կրկին անգամ համախմբել իր ընտրողները, մենատիրական համակարգը իր ամբողջ ամրութեամբ պիտի հաստատուի, որուն պիտի յաջորդէ երկրին կրօնական պետութեան մը վերածուելու գործընթացը։
Սակայն լիրայի արժեզրկումը եւ յարատեւ սղաճը կը սպառնան այդ զօրակցութեան։ Արդարեւ Նախագահ Էրտողան վերջերս նախընտրած էր դաշինք կնքելու ծայրայեղ ազգայնականներու հետ։ Փոխադարձաբար ընդդիմադիր վեց կուսակցութիւններն ալ համախմբուեցան երկրորդ դաշինքի մը մէջ։
Իսկ նախորդ շաբաթ համայնավար շրջանակներ յայտարարեցին երրորդ դաշինք մը, որուն մղիչ ուժն է Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութիւնը։ Այս դաշինքին միացած են Աշխատանքի Կուսակցութիւնը (ԷՄԵՓ), Աշխատող Ժողովուրդին Կուսակցութիւնը (ԷՀՓ), Թուրքիոյ Բանուորական Կուսակցութիւնը (ԹԻՓ), Համայնավար Խորհուրդներու Դաշնակցութիւնը (ՍՄՖ) եւ Հասարակական Ազատութեան Կուսակցութիւնը (ԹԷօՓ) նախորդ շաբաթ օր Ոսկեղջիւրի համագումարներու կեդրոնին մէջ յայտարարեց իր կազմութիւնը։ Նոր դաշինքը կոչուած է Աշխատանքի եւ Ազատութեան Դաշինք անուանումով։
Ի տարբերութիւն ընդդիմադիրներու վեցեակ սեղանէն, այս վերջինը գաղափարախօսական ամբողջութիւն մը կը ներկայացնէ։ Այդ առումով անոնք կը ներկայանան որպէս Թուրքիոյ ձախակողմեան շարժումի միասնական ուժը։
Այս վերջին զարգացմուէն ետք քաղաքական վերլուծաբանները սկսած են խօսիլ դաշնակցութիւններու դաշնակցութեան մը հաւանականութեան մասին։ Ի զուր չէ այս հաստատումը, քանի արդէն շատեր վաղուց համոզուած էին թէ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութիւնը ինքնին կղպանքի մը դերակատարութիւնը ունեցած է եւ իշխանութիւնը պիտի ձեւաւորուի անոր հակումներու հետեւանքով։
Ի դէմ այս բոլոր զարգացումներուն, հասարակութեան մտահոգութիւնները կը մնան անփոփոխ։ Համատարած համոզումի մը համաձայն գործող իշխանութիւնը ընտրութիւններու ընդառաջ կրնայ թափ տալ ահաբեկչական գրգռիչ արարքներու եւ նոյնիսկ պատերազմի գործողութիւններու, ընտրութիւնները չեղարկելու կամ ալ լարուածութենէն նպաստ քաղելու տենչանքով։