ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ
Իբրեւ Պոլսահայ մեր առօրեայ օրակարգին վրայ ամենաշատ քննարկուած նիւթերն են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ընկերաքաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ խնդիրները։ Սակայն երբ կը փորձենք քիչ մը աւելի ընդհանրական հայեացքով դիտել շուրջբոլորը, կը տեսնենք թէ մեզ յուզող խնդիրներու կարեւոր մէկ մասը ոչ թէ ազգային, այլ համաշխարհային բնոյթ ունին։
Մեծ զարմանքով դիտած էինք Հայաստանի անկախութեան օրուայ առթիւ 21 Սեպտեմբերին վարչապետ Փաշինեանին Եռաբլուր այցը գրգռելու համար պատրաստուած դաւադրութիւնը։ Ընդդիմադիր շրջանակներ փորձած էին շահագործել նահատակուած զինուորներու մայրերը իրենց հետզհետէ նողկալի դարձած քաղաքական քարոզչութեան համար։
Հետաքրքրական է որ, նոյն երեւոյթին յաճախ կը հանդիպինք Թուրքիոյ մէջ։ Այստեղ ալ յատկապէս ազգայնական շրջանակներ անխնայ կը շահագործեն որդեկորոյստ մայրերու վիշտը անոնց զայրոյթը ուղղելով իրենց քաղաքական հակառակորդներուն։
Ցաւալի է տեսնել թէ Հայաստանի մէջ եւ Թուրքիա ազգայնականները կ՚օգտուին նոյն եղանակներէ։ Բայց կարծես թէ այդքանով սահմանուած չէ, այս օրերուս ըկը խօսինք Իտալիոյ Խորհրդարանի ընտրութիւններու մասին։ Հոն ալ ընտրութիւններէն յաղթանակով դուրս եկող Իտալիոյ Եղբայրները Կուսակցութիւնը իր բոլոր քարոզչութիւնը հիւսած էր գաղթականները հալածելու վրայ։ Այս նիւթը վերջերս եւս հետաքրքրական երեւոյթ մը ստացաւ, երբ Եւորպայի ազգայնականները գրկաբաց կը դիմաւորէին Ուկրաինայէն եկած փախստականները։
Նոյնիսկ համարձակութիւն ունեցան ըսելու թէ «Այս եկողները մեզ նման շիկահեր են եւ սպիտակամորթ»։ Այսպէսով բացայայտօրէն պարզած եղան իրենց ցեղապաշտ մերձեցումը։
Համաշխարհային քաղաքականութեան փոփոխութիւնը իր հետ բերած է նաեւ բարոյական արժէքներու մեծ անկում մը։ Այլեւս անձնական, անհատական շատերը գերազանցած են բոլոր սրբութիւնները եւ եկած է այն պահը, ուր մարդիկ մխրճուած են միայն ու միայն իրենց շահերը հետապնդելու։
Թերեւս այս ծիրէն ներս պէտք է դիտել Հայաստանի սահմանէն Թուրքիոյ յանձնուած երկու քիւրտ գործիչներու խնդիրը։ Անոնք բերման ենթարկուած էին Հայաստանի սահմանը ապօրէն կերպով հատելու մեղադրանքով։ Բայց ո՞ւր տեսնուած է որ փախստական կոչուածը օրինաւոր կերպով անցնի այս կամ այն երկրի սահմանէն։ Ան որ ապրած երկրին մէջ օրէնքներու հետ խնդիր ունի, բնականաբար ապօրէն եղանակով պիտի ելլէ իր երկրէն եւ ապաստան պիտի ուզէ գացած տեղը։ Սա ամենահիմնական մարդու իրաւունքն է, որը ունի երկու պատասխան. Ապաստանած երկրի իշխանութիւնները կը քննարկեն փախստականի պայմանները եւ եթէ իրաւացի կը թուի կ՚ընդունին անոր ապաստանիլը։
Միւս կողմէ կայ նաեւ պետութիւններու միջեւ յանցագործները փոխանակելու կանոն մը։ Այս առումով փոխադարձ պայմանագիր ստորագրած երկիրներ յանցագործներու փախուստը կանխելու համար կը գործակցին իրարու հետ։ Այստեղ կայ նոր խոչընդոտ մը՝ յանցանքի եւ յանցագործութեան ընկալումի նմանութիւնը անհրաժեշտ է։ Իսկ բոլորս գիտենք թէ Թուրքիա բոլոր ընդդիմադիրները դիւրաւ ահաբեկիչ հռչակելու ունակութիւն ունի։
Այս պայմաններու մէջ ապաստանած երկրի իշխանութիւնները պատասխանատու են նաեւ ապաստանիլ ուզողի կեանքի անվտանգութեան նիւթով։ Այդ մասին դոյզն իսկ կասկածի առկայութեան պարագային կ՚ընդունուի ապաստանիլ ուզողին դիմումը։ Հայաստան ցարդ մեզի անծանօթ պատճառներով ոտնակոխած է այս սկզբունքը եւ փախստականները հեշտութեամբ յանձնած է Թուրքիոյ ոստիկանութեան։ Եթէ որոշումը կայացած է ճիշդ ալ յարաբերութիւններու բնականոնացման թափ ստացած այս օրերուն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հաճելի թուելու միտումով պարտինք նշել թէ կատարուածը մեծ միամտութիւն մըն է։ Ընդհակառակը նման երեւոյթներու մէջ համաշխարհային կանոններու հնազանդիլը շատ աւելի պատուաբեր պիտի ըլլար Հայաստանի հաշուոյն։ Առաջին անգամ չէ որ Թուրքիա նման նիւթով մը գլխացաւ կ՚ապրի։ Անցեալին ալ շատ աւելի ծանր մեղադրանքներով ամբաստանուած մարդիկ երկրէ փախուստ տուած էին եւ անոնք հիւրընկալող երկիրներն ալ վճռակամութեամբ մերժած էին Թուրքիոյ դիմումները։
Քանի կը խորանանք այս նիւթին կը վերյիշեն անցեալի երեւոյթներ։ 1970-ական տարեթիւերուն, Իրանի Պահլաւեան թագաւորութեան շրջանին Թուրքիոյ համալսարաններուն մէջ կ՚ուսանէին բազմաթիւ իրանցի ուսանողներ։ Անոնց մէջ կար նաեւ ընդդիմադիրներ, որոնք կը քննադատէին Ռըզա Թագաւորի իշխանութիւնը։ Այդ տարիներուն Իրանի Լրաքաղութեան Ծառայութիւնը կը հետապնդէր այդ երիտասարդութիւնը, որոնց մասին տեղեկագիր կը փոխանցէր Թուրքիոյ գաղտնի գործակալութիւններուն, որպէսզի այս վերջիններս իրեն յանձնեն այդ երիտասարդները։ Այդ տարիներուն համալսարանական շրջանակներուն յաճախ կը լսուէր թէ այս կամ այն իրանցին վերադարձուած է Իրան եւ Իրանի Անվտանգութեան Ծառայութեան պաշտօնեաներուն կողմէ իսկոյն գնդակահարուած է սահմանին վրայ։
Պիտի կարծէինք թէ այս բոլորը անցեալին վերաբերող տխուր յիշատակներ ըլլային։ Ափսոս որ այդպէս չէ եւ չարիքը չէ հրաժարած իր հին սովորութիւններէն։ Եթէ նժարին մէկ կողմը պետութիւն եւ միւս կողմը մարդու կեանքն է դրուած, մենք միշտ պիտի պաշտպանենք մարդկայինը։