Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի, 11 Յունիս 2022, Շաբաթ, ժամը 11.30-ին, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ Մայր Աթոռի Արտաքին Յարաբերութիւններու եւ Արարողակարգի Բաժնի Տնօրէն Գերշ. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննէսեանի կատարուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի վարդապետական աստիճանի մասնաւոր իշխանութեան տուուչութիւնը, խարտաւիլակութեամբ՝ Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեանի։
Արարողութեանց ներկայ էին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապաեան, Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան, միաբան հայրեր, սարկաւագներ եւ ուխտաւորներ։ Ներկաներու կարգին էին նաեւ ուխտաւոր Պոլսեցիներ։ Արարողութիւնը խորհրդաւոր զուգադիպութեան մը եւս առիթ եղաւ, որով Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի այցելու տասնեակ աշակերտներ եւս հետեւեցան արարողութեան։
Արարողութիւնը սկիզբ առաւ, Տէրունական Աղօթքով, զոր արտասանուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուող մանուկներու կողմէ։ Յընթացս արարողութեան, Հայր Սուրբը, նախ նզովեց Քրիստոնէական Ուղղափառ վարդապետութեան անհարիր ուսուցումներով հերետիկոս հռչակուածները։ Ապա, աշակերտելու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց Հայ Եկեղեցւոյ եռամեծար վարդապետներուն, ընթերցելով նաեւ ուղղափառ վարդապետութեան դաւանանքը։ Առ այդ, Նաթան Արքեպիսկոպոս, Հայր Սուրբին շնորհեց վարդապետական գաւազան գործածելու իշխանութիւն եւ արարողութեան աւարտին «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց նորապսակ Յարութիւն Վարդապետը։
Սրբազան Հայրը նաեւ քարոզեց, անդրադառնալով օրուայ խորհուրդին եւ ըսաւ. «Այսօր կը հրճուի հոգին մեծ վարդապետ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին, որուն գերեզմանին մօտ, անգամ մը եւս վարդապետ մը ծնաւ մեր եկեղեցւոյ մէջ։ Վարդապետ՝ որ այսօրուան խօսքով կարող ենք թարգմանել ուսուցիչ եւ այսօր Դուք ստացաք իշխանութիւն ուսուցանելու եւ խրատելու։ Մենք այսօր այստեղ հաւաքուած հոգեւոր եղբայրներ, հոգեւոր խրախճանքի մէջ ենք։ Եւ մեր աղօթքն է, որ Տէրը մշտապէս Ձեր վարդապետական գաւազանը ամուր պահէ եւ մեր նախնեաց վարդապետաց ուղին մշտապէս լուսաւորէ ձեր ընթացքը եւ վարդապետութեան ճանապարհը»։
Իր խօսքերու ընթացքին, եկեղեցւոյ մէջի մանուկներու ներկայութեամբ պարզուած գեղեցիկ տեսարանին եւս անդրադառնալով, Սրբազան Հայրը ըսաւ որ, այս մանուկներու ներկայութիւնը կարծէք պատգամ մը կը փոխանցէր նորընծայ վարդապետին։ Գնացէ՛ք եւ պահպանեցէ՛ք քրիստոնէական հաւատքը հայուն եւ յիշեցէ՛ք թէ՝ այսքան հայու զաւակ Քրիստոսի խօսքին կարօտն ունին եւ պէտք է մեծնան այդ խօսքով։
Սրբազան Հայրը յաջորդիւ յիշեցուց, թէ՝ Հայր Սուրբը անդամն է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ միաբանութեան եւ այս առումով նաեւ խրատներ տուաւ։ Յայտնեց, թէ՝ Հայր Սուրբը պիտի երթայ Պոլսոյ հաւատացեալներուն քարոզելու եւ զանոնք մխիթարելու։ Պոլսոյ մէջի ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը անհրաժեշտ եւ կենաց առաքելութիւն որակելով, յայտնեց, թէ՝ անցեալի բաղդատմամբ աւելի սակաւաթիւ դարձած են հաւատացեալ անձերը։ Սակայն այս բոլորին մէջ, հոգեպէս մխիթարելու պարտականութիւնը կը յանձնուի վարդապետական իշխանութեամբ։ Այս առթիւ, իր շնորհաւորանքը յայտնեց նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, ներկայ հոգեւորականներ ու ուխտաւորներ շնորհաւորեցին Հայր Սուրբը։ Իսկ, յաջորդիւ, Հայր Սուրբը, իջաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանը ուր կատարեց, որպէս վարդապետ իր անդրանիկ ուխտի աղօթքը։
Վեհափառ Հայրապետը
լանջախաչ շնորհեց նորընծայ Յարութիւն Վարդապետին
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, 12 Յունիս 2022, Կիրակի, Վեհարանի մէջ ընդունեց Պատրիարքական Աթոռոյս նորընծայ վարդապետը Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, որ Մայր Աթոռի Արտաքին Յարաբերութիւններու եւ Արարողակարգի Բաժնի Տնօրէն Գերշ. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննէսեանի ձեռամբ 11 Յունիսին Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Եկեղեցւոյ մէջ արժանացած էր մասնաւոր վարդապետութեան աստիճանի։
Նաթան Արեքպիսկոպոս, նորընծայ վարդապետը ներկայացուց Նորին Սրբութեան եւ այս առիթով հայցեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետը, իր հայրական օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքը բերելով Հայր Սուրբին աւարտաճառի պաշտպանութեան եւ վարդապետական աստիճանի արժանանալու առիթները, վստահութիւն յայտնեց, որ նորընծայ վարդապետը առաւել ջերմեռանդութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ Հայր Սուրբին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռէ ներս ունեցած ծառայութեան եւ մաղթեց որ Պոլիս վերադարձին իր ներդրումը բերէ Պատրիարքական Աթոռոյ գործունէութեանց։ Այս առթիւ իր շնորհաւորանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց նաեւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, Հայր Սուրբի ծնողաց, ինչպէս նաեւ Պոլսահայ Ժողովուրդին։
Յարութիւն Վարդապետը եւս երախտագիտական խօսք մը արտասանեց եւ Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց իր հայրական հոգածութեան համար։ Յիշեցուց, թէ՝ ամիսներ առաջ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր դիմումով եւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ ու համամտութեամբ, հաստատուած էր Մայր Աթոռ իր ուսումնասիրութիւնը կատարելու համար։ Այս մէկը առիթ եղած էր Մայր Աթոռոյ միաբանական կեանքին մաս կազմելու եւ օր ըստ օրէ զգալու, թէ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը, որպէս գործօն կառոյց կը ծառայէ ի սփիւռս աշխարհի հայ ժողովուրդին։ Այս շրջագիծով կեցութեան օրերը օրհնեալ պահերու վերածուած էին, ըստ որում Հայր Սուրբը Պոլիս վերադարձին իր հետ վարդապետական կոչումին առընթեր պիտի փոխադրէր նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի շունչը, ինչպէս նաեւ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին սէրն ու օրհնութիւնը Պոլսահայ համայնքին։
Հանդիպման աւարտին, Նորին Սրբութիւնը վարդապետական ականակուռ լանջախաչով զարդարեց Յարութիւն Վարդապետի կուրծքը, եւ «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց զինքը։