Պսակաձեւ ժահրի համավարակի հետեւանքով վերջին երկու տարիներուն առցանց կատարուող 1915-ի զոհերու յիշատակման միջոցառումը այս տարի կը կայանայ Պէշիքթաշի նաւամատոյցին դիմաց գտնուող Պարպարոսի հրապարակին վրայ։
24 Ապրիլի յիշատակման հարթակի նախաձեռնութեամբ կատարուող հրապարակային միջոցառումները նախ կը կատարուէին Թաքսիմի հրապարակը։ Երկու տարի անց մէկտեղման վայրը փոխադրուած էր նախ Ֆրանսական Դեսպանտան առջեւ, ապա Թիւնելի Հրապարակ եւ վերջապէս 2019-ին Շիշհանէի մեթրոյի կայարանին մուտքը։ Հարթակը պատկան իշխանութիւններու հետ բանակցելով այս տարուայ համար որոշած է Պէշիքթաշի Հրապարակը։ Երեկոյեան ժամը 19.00-ին, այդ մէկտեղումին ընդառաջ Մարդու Իրաւունքներու Միութիւնը մամլոյ յայտարարութիւնով մը պիտի յիշատակէ ցեղասպանութեան զոհերը։
Նոյն օր Շիշլիի գերեզմանատան մէջ պիտի յիշատակուի նաեւ շարքային զինուոր Սեւակ Պալըքճը, որ նոյնպէս ատելութեան դրդումով գործուած ոճիրի մը զոհը դարձած էր։ Շաբաթօրեայ Մայրերը 16 Ապրիլի իրենց մէկտեղման պահուն Տիրան Քելեկեանի անձին մէջ յիշատակեցին 24 Ապրիլ 1915-ին ոստիկաններու կողմէ բերման ենթարկուած եւ ապա անյայտ կորած հայ մտաւորականները։
Նշենք որ բացի զանգուածային բնոյթի այս միջոցառումներէ զանազան հասարակական կազմակերպութիւններ արդէն իսկ ձեռնարկած են Թուղրքիոյ Հանրապետութեան որդեգրած ուրացման ռազմավարութիւնով մոռացութեան տրուած մեծ ոճիրը դահլիճային կամ համացանցային ծրագիրներով քննարկելու։
Միւս կողմէ աշխարհի տարբեր քաղաքներուն մէջ աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը պատրաստուի անգամ մը եւս հայոց ցեղասպանութեան բիւրաւոր զոհերու յիշատակման միջոցառումներու։
2015 թուին Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ եղեռնի նահատակները սրբադասելու որոշումէն ետք 24 Ապրիլ թուականը սահմանուած չէ զոհերու յիշատակումով։ Ընդհակառակ այդ խորհրդանշական օրը ալ աւելի մեծ նշանակութիւն կը ստանայ, երբ ցեղասպանութեան երեւոյթները հետզհետէ յաճախակի կը դառնան աշխարհի տարբեր անկիւններու վրայ։
Թուրքիոյ հանրապետութեան իշխանութիւնները որքան ալ փորձեն այս յիշատակումները թրքատեացութեան ճղճիմ սահմանի մը մէջ դիտել խնդիրը շատ աւելի էական բնոյթ ունի եւ այդ առումով ալ արժանի է համամարդկային ուշադրութեան։