Լրագրողներու Միութիւնները միասնական յայտարարութիւնով մը դատապարտեցին «Քոճաէլի Սես» թերթի խմբագիր Կիւնկէօր Արսլանի սպանութիւնը։
Լրագրողութեան ասպարէզի զանազան կազմակերպութիւններ հասարակական կոչ մը հրապարակելով անդրադարձան այս վերջին ոճիրին եւ նշեցին թէ լրագրողներու ուղղեալ յարձակումներու անպատժելիութեամբ աւարտը նոր յարձակումներու գետին կը պատրաստէ։
Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ Պրուսայի մէջ ռատիօ ծրագիրներ պատրաստող Հազըմ Էօզսույի ոճիրը եւ Մերսինի քաղաքապետութեան մօտ կատարուած անօրինութիւնները հրապարակող «Հապերճի» թերթի դէմ ուղղուած յարձակումները։