«Փոքրիկ»ը Հեքիաթահաւաք կը կազմակերպէ

Խուզարկեցէ՛ք ձեր գրպանները հրամմեցէ՛ք Հեքիաթահաւաքին

«Փոք­րիկ» հե­քիաթա­րանը կը կազ­մա­կեր­պէ «հե­քիաթա­հաւաք» մը։ Այս նոր ձեռ­նարկու­թեամբ «Փոք­րիկ»ը կը փա­փաքի քա­ջալե­րել հե­ղինակ­նե­րը, խրա­խու­սել նո­րեկ գրող­նե­րը ու նպաս­տել հայ ման­կա­կան գրա­կանու­թեան՝ նոր եւ ու­րոյն ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րով։

Հե­քիաթա­հաւա­քին աշ­խա­տակազ­մը «Հի­մա գրե­լու ժա­մանակն է» կ՚ըսէ եւ կ՚աւելցնէ. «Եթէ կը սի­րէք գրել, յա­ճախ կը կար­դաք ման­կա­կան գրա­կանու­թիւն, ձե­զի ան­ծա­նօթ չեն ման­կա­կան գրա­կանու­թեան, ման­կա­վար­ժութեան կամ հո­գեբա­նու­թեան ոլորտնե­րը, կ՚ու­զէք աւե­լի ար­դիական նիւ­թեր զար­ցագնել հե­քիաթ­նե­րուն մէջ, ու­րեմն հրամ­մե­ցէ՛ք»։

Հե­քիաթա­հաւա­քին մաս­նակցող հե­քիաթին լե­զուն պէտք է հա­յերէն ըլ­լայ՝ արե­ւելա­հայե­րէն կամ արեւմտա­հայե­րէն։ Տա­րիքի սահ­մա­նափա­կում չկայ եւ որե­ւէ նիւ­թի մա­սին կա­րելի է գրել։ Հե­քիաթ­նե­րը պէտք է ղրկո­ւին info@pokrig.org հաս­ցէին մին­չեւ 28 Փետ­րո­ւար 2022։ Յե­տոյ պի­տի ընտրո­ւի երեք հե­քիաթ ու իւ­րա­քան­չիւր հե­քիաթ պի­տի ստա­նայ 250 տո­լար մրցա­նակ։

Հե­քիաթա­հաւա­քին աշ­խա­տակազ­մի ան­դամներն են՝ ման­կա­կան գիր­քե­րու հե­ղինակ Անա­հիտ Սար­գի­սեան, Երե­ւանի «Խնկօ Ապեր» ման­կա­կան գրա­դարա­նի հե­քիաթի բաժ­նի վա­րիչ Իս­կուհի Աւե­տիսեան, Ամե­րիկա­յի Արեւմտեան Թե­մի Ազ­գա­յին Վար­ժա­րան­նե­րու Խնա­մակալ Մար­մի­նի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Թա­մար Թիւ­ֆէնկճան, Պոլ­սոյ մէջ հա­յերէ­նի ու­սուցչու­հի ու Փոք­րի­կի խմբագ­րա­կան կազ­մի ան­դամ Մա­րի Գա­լայ­ճը, Ամե­րիկա­յի Արե­ւելեան Թե­մի Ազ­գա­յին Առաջ­նորդա­րանի Ու­սումնա­կան Խոր­հուրդի վա­րիչ տնօ­րէն Մա­րի Կիւ­լիւմեան եւ Լի­բանա­նահայ բե­մադ­րիչ Սէ­րուժ Յով­սէ­փեան։

Գրպան­ներդ խու­զարկէ, բար­ձիդ տակն ալ լաւ նա­յէ,

պա­հուը­տած բա­ռերդ փնտռէ գտիր ու լե­զուիդ վրայ, քով քո­վի շա­րէ...

Եր­կու բառ կամ եր­կու հա­րիւր բառ, թող ըլ­լայ հի՛նգ հա­րիւր բառ,

յե­տոյ շի­տա՛կ նստէ ու ծուռ գրէ կամ ծո՛ւռ նստէ եւ շի­տակ գրէ,

փոք­րիկ հե­քիաթ մը շա­րադ­րէ... կ’ըսէ Անա­հիտը Սար­գի­սեանը։

Մաս­նակցու­թեան պայ­մաններ

Հե­քիաթի լե­զուն պէտք է հա­յերէն ըլ­լայ՝ արե­ւելա­հայե­րէն կամ արեւմտա­հայե­րէն։ Տա­րիքի սահ­մա­նափա­կում չկայ. Նիւ­թը ազատ է. Հե­քիաթը պէտք է գրո­ւի առաւելա­գոյն 500 բա­ռով՝ Microsoft Word-ի վրայ գրա­շարո­ւած Sylfaen տա­ռատե­սակով եւ 12 տա­ռաչա­փով։ Հե­քիաթը նա­խապէս հրա­տարա­կուած պէտք չէ ըլ­լայ. Նոյն ան­ձը առա­ւելա­գոյն երեք հե­քիաթով կրնայ մաս­նակցիլ։ Հե­քիաթ­նե­րը մէ­կէ աւե­լի հե­ղինակ­ներ կրնան ու­նե­նալ։

Հե­քիաթ­նե­րը պի­տի ղրկո­ւին info@pokrig.org հաս­ցէին մին­չեւ 28 Փետ­րո­ւար 2022։ Մրցա­նակա­բաշ­խութիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 31 Մարտ 2022 թո­ւակա­նին։ Հե­քիաթա­հաւա­քին աշ­խա­տակազ­մը պի­տի ընտրէ երեք հե­քիաթ ու իւ­րա­քան­չիւր հե­քիաթ պի­տի ստա­նայ 250 տո­լար մրցա­նակ։ Մրցա­նակի ար­ժա­նացած հե­քիաթ­նե­րը արեւմտա­հայե­րէնով պի­տի հրա­պարա­կուին ՓՈՔ­ՐԻ­Կի կայ­քէ­ջին մէջ։

Փոքրիկ Հե­­քիաթա­­րան՝ Հիմ­­նո­­­ւած է 2014 թո­­ւակա­­նին Պոլ­­սոյ մէջ եւ մին­­չեւ այ­­սօր հրա­­պարա­­կած է 150-է աւե­­լի հե­­քիաթ­­ներ՝ արեւմտա­­հայե­­րէնով։ «Փոք­­րիկ»ին բո­­լոր հե­­քիաթ­­նե­­­րը կը պատ­­րաստո­­ւին 4-7 եւ 8-11 տա­­րիքի երե­­խանե­­րուն հա­­մար։ Կայ­­քէ­­­ջին առըն­­թեր, հե­­քիաթ­­նե­­­րը կը հրա­­պարա­­կուին նաեւ YouTube-ի մէջ. Այս հե­­քիաթ­­նե­­­րուն իւ­­րա­­­քան­­չիւրը գու­­նա­­­ւոր շար­­ժուն պատ­­կերնե­­րով կը զար­­դա­­­րուի եւ կը ձայ­­նագրուի. Փոք­­րի­­­կը կը պա­­րու­­նա­­­կէ նաեւ հե­քիաթա­­շար­­քեր, եր­­գեր եւ շու­­տա­սելուկներ։ Հե­­քիաթ­­նե­­­րուն կից պատ­­րաստո­­ւած են աշ­­խա­­­տու­­թեան էջեր, որ­­պէսզի փոք­­րիկնե­­րը աւե­­լի լաւ ըմբռնեն հե­­քիաթ­­նե­­­րը եւ ու­­սուցիչ­­նե­­­րը դիւ­­րութեամբ զրու­­ցեն անոնց հետ հե­­քիաթ­­նե­­­րու բո­­վան­­դա­­­կու­­թեան մա­­սին. Փոք­­րի­­­կը կը կազ­­մա­­­կեր­­պէ «Հե­­քիաթա­­տօն», կ՚այ­­ցե­­­լէ դպրոց­­ներ եւ կը ձեռ­­նարկէ աշ­­խա­­­տանոց­­ներ։ Ներ­­կա­­­յիս, ՓՈՔ­­ՐԻ­­­Կին կը հե­­տեւին հե­­ռու մօ­­տիկ 21 եր­­կիրներ։ Հե­­ռու մօ­­տիկ, փոք­­րիկ ըն­­թերցա­­սէր­­ներ ամէն ամիս աւե­­լի քան 7000 ան­­գամ կ՚այ­­ցե­­­լեն Փոք­­րիկ-ին աշ­­խարհը։

www.pokrig.org

Youtube : Pokrig Hekiataran

Instagram : @pokrig_hekiataran

Fb :@pokrig

Twitter: @Pokrig


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ