Ձեռնարկներ խաւարը լուսաւորելու համար

Պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակը հա­մաշ­խարհա­յին աղէտ մըն է բո­լոր երկրնե­րէ ներս։ Սա­կայն այդ հա­մաշ­խարհա­յինի կող­քին աշ­խարհի զա­նազան եր­կիրներ կ՚ապ­րին նաեւ իրենց յա­տուկ բազ­մաբնոյթ դժո­ւարու­թիւններ։ Ափ­սոս որ Լի­բանան եւ անոր Մայ­րա­քաղա­քը չքնաղ Պէյ­րութ կը տա­ռապի բազ­մաբնոյթ խնդիր­նե­րով։ Բա­ժան բա­ժան եղած հա­սարա­կու­թիւնը կը փոր­ձէ դի­մագ­րա­ւել թէ քա­ղաքա­կան որոշ լա­րուա­ծու­թիւն եւ անո­րոշու­թիւն եւ թէ տնտե­սական ահ­ռե­լի ճգնա­ժամ։

Այս պայ­մաննե­րու տակ իրա­կանա­ցող իւ­րա­քան­չիւր գե­ղարո­ւես­տա­կան ձեռ­նարկ ու­նի նաեւ սփո­փիչ ու մխի­թարա­կան յատ­կութիւն։ Լի­բանա­նահա­յու­թեան հա­մար վա­յելք մըն է հայր ու դուստր Տիգ­րան եւ Մար­գա­րիտա Մա­տու­լեան­նե­րու գոր­ծե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Անո­ւանի գե­ղան­կա­րիչ Տիգ­րան Մա­տու­լեան իր դստեր Մար­գա­րիտա Մա­տու­լեանի հետ հա­մատեղ ցու­ցադրու­թիւնով մը կու գան ներ­կա­յաց­նել իրենց ստեղ­ծա­գոր­ծութին­նե­րը, որոնք գե­ղարո­ւես­տա­կան բարձր ճա­շակի ու որա­կի դրսե­ւորումներ են։

Այս ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցու­մը կը կա­յանայ 17 Դեկ­տեմբե­րին եւ կը շա­րու­նա­կէ բաց մնալ մին­չեւ 30 Դեկ­տեմբեր։

Սի­պիլ կը պատ­րաստու հմա­յել
լի­բանա­նահա­յու­թիւնը

Հա­մազ­գա­յինի Լի­բանա­նի Շրջա­նային Վար­չութեան նա­խաձեռ­նութեամբ պոլ­սա­հայ անո­ւանի երգչու­հի Սի­պիլ ելոյթ կ՚ու­նե­նայ Լի­բանա­նի մէջ։

Սի­պիլի այս հա­մեր­գը ու­նի բա­րեսի­րական հա­մեր­գի բնոյթ, քա­նի ան կը կա­յանայ Հա­մազ­գայնի Գե­ղարո­ւես­տի դպրոց­նե­րու սա­ներու ֆոն­տին օժան­դա­կելու հա­մար։

Հա­մեր­գին իրենց մաս­նակցու­թիւնը կը բե­րեն նաեւ «Քնար» պա­րախումբը, «Գա­յանէ» պա­րի դպրո­ցը, «Տա­ւիղ» կի­թարա­հար­նե­րու հա­մոյ­թը եւ Բար­սեղ Կա­նաչեան երաժշտա­կան քո­լեճը։

Հա­մեր­գը պի­տի կա­յանայ 26 Դեկւտեմ­բեր 2021-ի երե­կոյեան ժա­մը 20.00-ին «Յա­կոբ Տէր Մել­քո­նեան» թա­տերաս­րա­հին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ