Հոկտեմբեր ամսուայ առաջին տասնօրեայ հատուածին Հռոմի Պապական Աթոռը բեմահարթակ հանդիսացաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ նաեւ Հայաստանի համար։ Ֆրանչիսկոս Պապի հրաւէրով Վեհափառ Հայրապետ Գարեգին Բ. Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Վատիկանի մէջ մասնակցեցան միջեկեղեցական բնոյթի զանազան միջոցառումներուն։ Հոգեւոր պետերուն կ՚ընկերակցէին նաեւ Հայ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականները։
Միւս կողմէ ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգիսեան եւ Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը եւս ժամանած էին Հռոմ եւ ներկայ գտնուեցան հայկական արուեստի նուիրուած ցուցահանդէսին։ Այս բոլորին մասին լուրերը եւ լուսանկարները քաղելով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի եւ Վատիկանի պաշտօնական կայքէջէն, կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան։
Վատիկանի երկօրեայ
համաժողովը իր գագաթնակէտին հասաւ Վեհափառ հայրապետի ուղերձը համաժողովի ընթացքին
Սէնթ Էճիտիօ համայնքին կողմէ կազմակերպուած համաժողովը, 7 Հոկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի, շարունակուեցաւ խտացեալ օրակարգով։ «Լա Նուվոլա» համագումարներու կեդրոնի յարկէն ներս տեղի ունեցած աշխատանքները կեդրոնացան չորս կարեւոր նիւթերու վրայ։
Համաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, որ «Հորիզոնի ընդլայնում. միւսներու նորովի գիւտը» խորագրեալ ֆորումի նիստին որպէս ատենախօս իր ելոյթը ունեցաւ։ Բանախօսութիւններուն հետեւեցան նաեւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան մաս կազմող բարձրաստիճան հոգեւորականները։
Սէնթ Էճիտիօ համայնքէն Հայր Մարքօ Կնիանիին վարած նիստի ընթացքին բացի Վեհափառ Հայրապետէն, ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ամերիկահայ գիտնական, «Moderna» պիօփորձագիտական ամերիկեան ընկերութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան։
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքերուն մէջ նախ ողջունեց համաժողովի կազմակերպիչներն ու մասնակիցները, ըսելով. «Առ Աստուած գոհունակութեամբ կ՚ողջունենք Սուրբ Էճիտիօ համայնքի կազմակերպած միջկրօնական ու միջմշակութային երկխօսութեան հերթական համաժողովը։ Մեր օրհնութիւնն ու գնահատանքը կը բերենք կազմակերպիչներուն ու նախաձեռնողներուն։ Անոնց ազնիւ ջանքերով այսօր հնարաւորութիւն ունեցած ենք՝ կրկին համախմբուելու եւ կիսելու տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներու փոխճանաչողութեան ու փոխըմբռնման մասին մեր մտահոգութիւններն ու ընկալումները»։
Նորին Սրբութիւնը, յաջորդաբար անդրադարձաւ հայութեան արդի մարտահրաւէրներուն եւ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց ներկայ իրավիճակը։ Համամարդկային արժէքներու վրայ հիմնուելով, յետ պատերազմեան շրջանի մասին իր ելոյթը ունեցաւ եւ ներկայացուց Հայաստանէ ներս տիրող իրավիճակը եւ պատերազմի հետ առընչուած ժխտական իրավիճակները։
Այս ուղղութեամբ ունկնդիրներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ՝ համընդհանուր գործակցութեան ու ջանքերու կարիքը կը զգացուի՝ բարեկարգելու համար մեր ընդհանուր տունը՝ Երկիր մոլորակը։
Իր խօսքերը եզրափակեց հետեւեալ ձեւով. «Մենք կ՚աղօթենք, որ բացուին բոլոր մարդկանց սիրտերն ու միտքերը՝ մարդկութեան կեանքի նորոգման համար մարդը վերահաստատելով Աստուծոյ արարչակից ըլլալու իր ճշմարիտ կոչման ու նպատակի մէջ։ Թող Աստուած ունկնդիր ըլլայ մեր աղօթքին, զօրացնէ մեզ մեր առաքելութեան մէջ եւ օրհնէ բոլոր ազնիւ ջանքերը յանուն խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու համերաշխութեան»։
Միջեկեղեցական աղօթք
Համաժողովի նիստերէն յետոյ, ժամը 16.30-ին, Ն.Ս.Տ. Ֆրանչիսկոս Ա. Քահանայապետի, Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթողոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ պատմական «Քոլոսէում»ին շուրջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն։ Երկու փուլերէ բաղկացեալ արարողութեան առաջին բաժինը միջեկեղեցական, իսկ երկրորդը միջկրօնական բնոյթ ունէր։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը եւս, որպէս պատուոյ հիւրերէն մին հետեւեցաւ այս եզակի ու խորհրդաշատ արարողութեան։ Բացի Մեր Հոգեւոր Պետէն, արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան մաս կազմող բարձրաստիճան եկեղեցականներ։ Հրաւիրեալներու շարքին կը գտնուէին նաեւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքել, քոյր եկեղեցիներէ բարձրաստիճան հոգեւորականներ, միջեկեղեցական դէմքեր, ինչպէս նաեւ հայազգի աշխարհականներ։
Նորին Սրբութիւնը, յաջորդաբար անդրադարձաւ Հայ իրականութենէ ներս զգալի դարձած քրիստոնէական վկայութեան, զոհողութեան եւ հաւատքի նշաններուն մասին։ Հայաստանէն օրինակներով տալով շարունակեց իր խօսքերը եւ շեշտելով հոգեւոր մշակութային արժէքներու կարեւորութիւնը, յոյս յայտնեց որ համամարդկային քրիստոնէական արժէքները պահպանուին ամենուրէք։
Հուսկ, իր խօսքերու աւարտին, խաղաղ ու արդար աշխարհ կերտելու դժուարին ճանապարհին մէջ Աստուծոյ օգնականութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտելով, ներկաները հրաւիրեց Տիրոջ օգնականութեան։
Միջեկեղեցական աղօթքէն վերջ, եկեղեցիներու ներկայացուցիչները թափօրով մը անցան «Քոլոսէում»ի շրջակայ համալիրի մէկ այլ հատուածը, ուր բեմահարթակի վրայ այս անգամ տեղ առին այլ կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Միջկրօնական ներկայացուցիչներ իրենց պատգամներով հանդէս եկան։ Բաց աստի, ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել։
Սրբազան Քահանայապետը այստեղ հանդէս եկաւ իր եզրափակիչ պատգամով։ Նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն։ Ապա, միասին աղօթելու, ինչպէս նաեւ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի մասին եղած մտահոգութիւններուն բաժնեկից դառնալու կարեւորութիւնը շեշտադրեց։
Այս յատկանշական համախմբման արձակման պահուն ներկաներ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին աշխարհի բոլոր պատերազմներու զոհերու յիշատակները։ Ապա, բոլոր հոգեւոր պետերը սիրոյ ողջոյն փոխանցեցին մանուկներու, որոնք իրենց ձեռքին մէջ կը կրէին խորհրդանշական խաղաղութեան պատգամներ՝ ձիթենիի ճիւղերու մէջ։
Այսպէսով եզրափակուեցաւ Սէնթ Էճիտիօ միջազգային համայնքին կողմէ կազմակերպուած տարեկան աւանդական խաղաղութեան աղօթքի ծրագիրը։
Յունաց Բարթողոմէոս
Ծայրագոյն Պատրիարքի հետ տեսակցութիւն
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետն ու Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 7 Հոկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի առաւօտ, պաշտօնական հիւրերու յատուկ «Տոմուս Սանթա Մարթա» հիւրանոցին մէջ տեսակցութիւն ունեցան Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթողոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքին հետ։ Նորին Սրբութեան եւ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեանը։ Իսկ, Բարթողիմէոս Պատրիարքի կողքին էր Գատըգիւղի Էմմանուէլ Սրբազան Մետրոպոլիտը։
Հայ Եկեղեցւոյ Հայրապետն ու Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը, եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ ողջագուրուեցան։ Թէ՛ Բարթողոմէոս Պատրիարքը եւ թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը Սէնթ Էճիտիօ համայնքին կողմէ կազմակերպուած համաժողովին հրաւիրուած էին, որպէս ատենախօսներ։ Հանդիպման ընթացքին հոգեւոր առաջնորդներ զրուցեցին համաժողովի օրակարգին եւ ընդգրկած կարեւոր նշանակութեան մասին։ Բաց աստի, անոնք եղբայրաբար զրուցելու, իրենց յիշատակները վերաթարմացնելու առիթն ունեցան։ Շեշտուեցաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Յոյն Եկեղեցւոյ բարւոք յարաբերութիւնները։
Այս հանդիպումը նաեւ գեղեցիկ առիթ դարձաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր մօտ։ Բարթողիմէոս Պատրիարքի Աթոռը հաստատուած է Պոլսոյ մէջ եւ տարուան ընթացքին տարբեր առիթներով Յունաց Պատրիարքն ու Նորին Ամենապատուութիւնը առիթ կ՚ունենան իրարու հետ հանդիպելու, միջեկեղեցական նիւթերու մասին զրուցելու եւ բարեմաղթութիւններ կատարելու։ Իսկ, այս անգամ անոնք Վատիկանի մէջ Հոգեւոր Պետերու իսկ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած համաժողովին կը մեկտեղուէին։ Բաց աստի, առիթը աւելը կ՚իմաստաւորուէր քանի Վեհափառ Հայրապետը, հանդերձ իր պատուիրակութեամբ իր բարձր ներկայութեամբ զրուցակից կը դառնար։
Այցելութիւն Սէնթ Էճիտիօ
Համայնքի Կեդրոնին
Վեհափառ Հայրապետն ու Պատրիարք Հայրը, երէկ Ն.Ս.Տ. Ֆրանչիսկոս Ա. Քահանայապետի հետ տեսակցելէ յետոյ Վատիկանի բարձրաստիճան պատասխանատու դէմքերուն հետ հանդիպումներ ունեցած էին։ Այլապէս անոնք Կարտինալ Փիէթրո Փարոլինի, Կարտինալ Քուրթ Քոխի, Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիին եւ Քենթըրպրիի Արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպիի քաղաքավարական այցելութիւն տուած էին։
Առ այդ, Նորին Սրբութիւնը եւ Նորին Ամենապատուութիւնը, հանդերձ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան մաս կազմող բարձրաստիճան եկեղեցականներ՝ Խաժակ Սրբազանի, Մուշեղ Սրբազանի եւ Տաթեւ Սրբազանի այցելութիւն տուին նաեւ Սուրբ Էճիտիօ համայնքի կեդրոնը, ուր եկեղեցուոյ մէջ կատարուած ուխտի աղօթքէն յետոյ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցաւ ճաշասեղանով։ Ներկայ էին ՍԷնթ Էճիտիոյի հիմնադիր Փրոֆ. Անտրէա Ռիքարտին, այժմու նախագահ՝ Մարքօ Իմփակլիացցօ եւ ՍԷնթ Էճիտիոյէն Հայր Մարքօ Կնավին։
Ճաշի ընթացքին տեղի ունեցաւ ջերմ զրոյց։ Ներկաներ թէ՛ արտայայտուեցան համաշխարհային հարցերու ու տագնապներու եւ թէ՛ Հայ ինքնութեան հետ աղերսուած դրական եւ ժխտական երեւոյթներու մասին։ Վեհափառ Հայրապետը, մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Վատիկանի հիւրընկալներուն եւ պատասխանատուներուն, որոնք հետաքրքրուած էին նաեւ Հայաստանի հետ։ Նորին Սրբութիւնը, արտայայտուեցաւ նաեւ տեղւոյն ժողովուրդին պատերազմի յաջորդող շրջանին ունեցած կեանքի մասին։ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ՝ քրիստոնէական համամարդկային արժէքները պէտք է պահպանուին յատկապէս քրիստոնեաներու կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը մեծապէս կը կարեւորէ միջազգային հանրութեան դերակատարութիւնը։
Բաց աստի, յայտնենք, թէ՝ Հայր Մարքօ Կնավին անդրադարձաւ նաեւ ՍԷնթ Էճիտիոյի գործունէութեան։ Ինք յիշատակեց Պոլսոյ մէջ ունեցած օրերը եւ յայտնեց, թէ՝ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր հետ ունեցած բարեկամութիւնը տասնեակ տարիներ առաջ տակաւին Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր Կղզեաց հովուութեան եւ տեսչութեան տարիներուն հաստատուած էր։ Ինք զանազան առիթներով գտնուած էր Պոլսոյ մէջ։
Ուրախութիւն էր Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրընկալել Վատիկանի մէջ։ Ինք այս առումով, հարազատ կը զգար Հայ Եկեղեցին ու պատիւ էր նաեւ Վեհափառ Հայրապետն ու բարձրաստիճան եկեղեցականները հիւրընկալել Սուրբ Էճիտիօ համայնքի կեդրոնին մէջ։
Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։
Վատիկանի մէջ
հրաժեշտի ընթրիք
«Մարդիկ որպէս եղբայրներ եւ երկրագունդի ապագան. կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» խորագրեալ համաժողովի երկօրեայ նիստերը իրենց աւարտին հասան 7 Հոկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի երեկոյեան։
Իսկ, երեկոյեան հրաժեշտի ընթրիք մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որ Վատիկանի մէջ կը գլխաւորէ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան։ Վատիկանի Քրիստոնէից հետ միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Քուրտ Քոխի հիւրասիրութեամբ պատրաստուած ընթրիքը տեղի ունեցաւ, բարձրաստիճան հիւրերու համար յատկացուած Վատիկանի «Տոմուս Սանթա Մարթա» հիւրանոցին մէջ, ուր Վեհափառ Հայրապետն ու Պատրիարք Հայրը կ՚իջեւանին իրենց կեցութեան օրերուն։
Վեհափառ Հայրապետին եւ Կարտինալ Քուրտ Քոխի սեղանակից էին Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ինչպէս նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Փիեթրօ Փարոլին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարք Նորին Գերերջանկութիւն Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ., Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զեքիեան եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան։ Հրաժեշտի ընթրիքին մասնակցեցան նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան բարձրաստիճան եկեղեցականներ։
Հրաժեշտի ընթրիքի սեղանին շուրջ, Վեհափառ Հայրապետի, Պատրիարք Սրբազան Հօր եւ սեղանակից բարձրաստիճան եկեղեցականներու միջեւ ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ։ Այս մէկը առիթ դարձաւ նաեւ որ, Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականներ իրենց շնորհաւորանքը յայտնեն Հայ Կաթողիկէ նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին։
Պատրիարք Հայրը յայտնեց, թէ՝ Վատիկանի այցելութիւնը իր բազմակողմանի երեսակներով իմաստաւորուած էր։ Քոյր եկեղեցիներու բարձրաստիճան եկեղեցականներու հետ Հայ Եկեղեցւոյ Հայրապետն ու բարձրաստիճան եկեղեցականները իրարու հանդիպելու, զրուցելու եւ իրենց եղբայրական արտայայտութիւնները փոխանցելու առիթն ունեցած էին։
Կարտինալ Քուրտ Քոխը, Կարտինալ Փիեթրօ Փարոլին եւ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, Վատիկանի հանրածանօթ դէմքերէն ըլլալով յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, որ ընդառաջելով հրաւէրին փութացած էր Վատիկան, նաեւ հանդէս գալու ատենախօսութեամբ։ Ուրախութեամբ անդրադարձան նաեւ, թէ՝ Պատրիարք Հօր Վատիկան այցելութիւնը եւս ուրախացուցիչ պարագայ էր, նկատի ունենալով միջեկեղեցական շրջանակներէ ներս իր ունեցած ծանօթութիւնները։
Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին եւ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան անդամներուն ցուցաբերուած եղբայրսիրութեան եւ հիւրասիրութեան համար։