ՍԵՐՏԱՐ ՔՈՐՈՒՃՈՒ
«Երբ ան կ՚երգէր Աստուած կ՚իջնէր երկիր զինք լսելու»
Օսմանեան շրջանի յառաջատար կին քաղաքական գողծիչ եւ վիպագիր Հալիտէ Էտիպ այսպէս կը բնութագրէր 24 Ապրիլ 1915 թուին տարագրուած եւ ապա հրաշքի բերմամբ կենդանի մնացած Կոսմիտաս վարդապետը։ Հայոց ցեղասպանութեան խորհրդանշանը դարձած Կոմիտաս վարդապետի բոլորին ծանօթ «Կռունկ»ը 8 Հոկտեմբերին ռմբակոծուելէն անմիջապէս ետք հնչեց Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենաբրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Տաճարը նաեւ կեդրոնն է Արցախի Եպիսկոպոսական Աթոռին։ Ռմբակոծումէն ետք Պելկիաբնակ Սեւակ Աւանեսեան իսկոյն շարժման անցաւ։ «Եկեղեցին ռմբակոծուած պահուն ես համերգ կը նուագէի։ Անմիջապէս ծրագրեցի դէպի Հայաստան թռիչքը, երբ ես կը բարձրանայի ինքնաթիռի աստիճանները եկեղեցին երկրորդ անգամ ռմբակոծուեցաւ։ Ճիշդը ըսեմ, որ չէի զարմացած»։
Աւանեսեան ապա կը յայտնէ թէ այդ տաճարի մէջ «Կռունկ»ը նուագելը հոգեւոր կանչի մը հետեւանքն էր։ Այդ գործը չէր նուագած ութը տարեկանէն ի վեր։ Ան կոմիտասը կը նկարագրէ որպէս կեանքի բոլոր դժուար պահերուն իր հետ հաղորդակցութիւն գտած մէկը ըլլալով։ Այսօր պատահածները 1915-ը կը յիշեցնեն։ «Եկեղեցիս, մշակոյթս եւ հողս անգամ մը եւս կը կործանի ու աշխարհ անգամ մը եւս լռութեան մատնուած է»։ Ան կը նշէ թէ հայոց ցեղասպանութենէ ետք աշխարհի մատնուած լռութեան դիմաց Կոմիտաս Վարդապետ ալ լռած էր։ «Երբեմն ես ալ կը ցանկամ Կոմիտաս վարդապետի այդ բողոքը կրկնել»։
Սեւակ Աւանեսեան մօրենական կողմէ ընտանիքը վերապրածներու գերդաստան մըն է։ Մօրենական կողմէ Բագրատունիներէ սերած են։ Հայոց վերջին թագաւորութիւնը կը ներկայացնեն Բագրատունիները։ «Մօրս մեծ հայրը 103 տարի ապրեցաւ եւ իր ամբողջ ընտանիքին սպանութեան ականատես եղաւ։ 7 տարեկան քոյրը աչքերուն առջեւ բռնաբարեցին ու ապա սպաննեցին։ Մայրս իր լսածներէն այնքան ազդուած էր, որ մինչեւ այսօր ականջը չէ ծակած։ Օղ չէ կախած։ Յանկարծ թուրք ասկյարը չպոկէ վախնալով»։
Աւանեսեալ գոհ է այդ նուագին եկած մեկնաբանութիւններէն։ «Բազմաթիւ գնահատական մեկնաբանութիւններ հնչեցին։ Շատը իմ երաժշտութեան միջոցաւ վերահասու եղան պատերազմին։ Բայց բոլոր լաւ բաներու նման այս ալ շուտով պիտի մոռցուի եւ մարդիկ պիտի վերադառնան իրենց առօրեային»։
Սուրբ Ամենափրկիչի փլած եկեղեցւոյ մէջ նուագը միակը չէր։ Սեւակ Աւանեսեան Արցախի Կէօվհեր Աղա մզկիթի բակին նուագեց իրեն սերնդակից Կիան Սոլթանիի «Պարսկական Կռակի պար» անուն գործը։
«Պատմական շինութիւն մըն է։ Վերանորոգուած է։ Շրջակայքի մարդիկ չարտօնեցին որ ներս մտնեմ։ Այստեղ հոգեւոր տաճար մըն է պէտք է ձեր կողքին իսլամ մը ըլլար եւ ան կարենար արտօնել ներս մտնալնուդ։ Մենք չենք ուզեր ուրիշին կրօնքին դէմ անարգանք ընել ըսելով արգիլեցինք մզկիթ մտնելս»։
Աւանեսեան այդ իսկ պատճառաւ նուագեց մզկիթի բակը։ Մշակոյթներուն սահմաններ չունենալուն հաւատացոր Աւանեսեան կ՚ըսէ թէ Շուշի, Ստեփանակերտ կամ Երեւանի մէջ բազմաթիւ ատրպէյճանցիներ կ՚ապրէին։ «Մենք լաւ կը յիշենք զիրենք։ Հապա անոնք ինչո՞ւ այսքան ատելութեամբ լցուած են մեզի հանդէպ» կը հարցնէ թաւ ջութակահար Աւանեսեան։