Յիշատակուեցաւ Օտեանի 150-ամեակը

Հայ երգիծա­բա­­նու­­­թեան հսկա­­­ներու շար­­­քէն է Երո­­­ւանդ Օտեան, որուն ծննդեան 150-ամեակը նշո­­­ւեցաւ 21 Դեկ­­­տեմբեր շա­­­բաթ երե­­­կոյ Կեդ­­­րո­­­­­­­նական Սա­­­նուց Միու­­­թեան մէջ։

Այս տա­­­րուայ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին նա­­­խաձեռ­­­նութեանց կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւ­­­նը ստանձնած Սե­­­ւան Աթաօղ­­­լու Օտեանի յի­­­շատակ­­­ման հա­­­մար ալ շատ լաւ մշա­­­կուած ծրա­­­գիր մը գոր­­­ծադրեց։ Այս ծրագ­­­րի մէջ ելոյթ ու­­­նե­­­­­­­ցան «Ակօս»ի աշ­­­խա­­­­­­­տակազ­­­մէն Սե­­­ւան Աթաօղ­­­լու, Օտեանի «Հայ­­­կա­­­­­­­կան Սփիւռքը» գոր­­­ծի թարգմա­­­նիչ Գէորգ Թաշ­­­քը­­­­­­­րան եւ հրա­­­պարա­­­կագիր, Գրի­­­գոր Զոհ­­­րա­­­­­­­պի մե­­­նագ­­­րութեան, լու­­­սանկա­­­րիչ Շա­­­հինեան­­­նե­­­­­­­րու Գեր­­­դաստա­­­նի պատ­­­մութեան ու 24 Ապ­­­րիլ 1915 խո­­­րագ­­­րեալ ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թեան հե­­­ղինակ Նե­­­սիմ Օվա­­­տիա Իզ­­­րա­­­­­­­յէլ։ Նախ Նե­­­սիմ Օվա­­­տիա անդրա­­­դար­­­ձաւ Օտեանի գրա­­­կան վաս­­­տա­­­­­­­կին, որուն հան­­­դի­­­­­­­պած էր այլ ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւննե­­­րու ըն­­­թացքին եւ իր վա­­­ղեմի բա­­­րեկամ Գէորգ Թաշ­­­քը­­­­­­­րանէն խնդրած էր որոշ հա­­­տուած­­­նե­­­­­­­րու թարգմա­­­նու­­­թիւնը։ Ապա Գէորգ Թաշ­­­քը­­­­­­­րան պատ­­­մեց թէ ինչպէս երեք ան­­­գամներ կար­­­դա­­­­­­­լու հար­­­կադրո­­­ւած եղաւ Օտեանի նշա­­­նաւոր գոր­­­ծը, որու աւար­­­տին ար­­­դէն թարգմա­­­նու­­­թիւնն ալ ու­­­նէր իր ձեռ­­­քին մէջ։

Սե­­­ւան Տէ­­­յիր­­­մենճեան որ­­­պէս բա­­­նասէր ու­­­սումնա­­­սիրեց Օտեանի գրա­­­կանու­­­թեան առանձնա­­­յատ­­­կութիւննե­­­րը, տեղն ու տե­­­ղը դնե­­­լով ան­­­ցեալի եւ այժմու վէպ հաս­­­կա­­­­­­­ցողու­­­թիւնը։ «Որ­­­պէս գրա­­­կանու­­­թեան ոճ ան­­­ցեալին եւ այ­­­սօ­­­­­­­րուայ մի­­­ջեւ շատ լուրջ հաս­­­կա­­­­­­­ցողու­­­թեան տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւններ կան։ Ան­­­ցեալի վի­­­պագիր­­­նե­­­­­­­րը շատ ան­­­գամ օրա­­­կան հեր­­­թա­­­­­­­կանու­­­թեամբ կը պատ­­­րաստէին իրենց գոր­­­ծե­­­­­­­րը, որոնք թեր­­­թո­­­­­­­նի ձե­­­ւով լոյս կը տես­­­նէին թեր­­­թե­­­­­­­րու էջե­­­րուն» բա­­­ցատ­­­րեց Սե­­­ւան Տէ­­­յիր­­­մենճեան։

Ապա Արի Թաշ, Եղեայ Աք­­­կիւն եւ Պօ­­­ղոս Չալ­­­կը­­­­­­­ճըօղ­­­լու ըն­­­թերցման թատ­­­րո­­­­­­­նի ձե­­­ւաչա­­­փով ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցին Օտեանի «Խեղ­­­ճուկը» գոր­­­ծը։

Մի­­­ջոցառ­­­ման ներ­­­կայ էր նաեւ Հայ Կա­­­թողի­­­կէ հա­­­մայնքի վի­­­ճակա­­­ւոր Ար­­­հիապա­­­տիւ Գե­­­րապայ­­­ծառ Լե­­­ւոն Զէ­­­քիեան, որ իր ար­­­տա­­­­­­­սանած Հուսկ բա­­­նով* դրո­­­ւատեց կա­­­տարո­­­ւած աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը եւ այսպէ­­­սով աւար­­­տին հա­­­սաւ այս շատ լաւ ծրագ­­­րո­­­­­­­ւած մի­­ջոցառումը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ