Մեծ մօրս պատմութիւնը հնագէտներէ լսելու կարիք չունիմ

Կա­րօ Փայ­­լան ան­­գամ մը եւս առար­­կեց Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի Ամե­­րիկա­­յի Ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու Տան Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան մա­­սին բա­­նաձե­­ւը վա­­ւերաց­­նե­­­լէ ետք, որ­­պէս հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւն ար­­տա­­­սանած խօս­­քե­­­րուն։

Էր­­տո­­­ղան այս առ­­թիւ ըսած էր որ, նիւ­­թը պէտք է քննար­­կո­­­ւի, պատ­­մա­­­բան­­նե­­­րու կամ հնա­­գէտ­­նե­­­րու կող­­մէ։

Խորհրդա­­րանի ծրագրման պիւտճէի քննար­­կումնե­­րու ըն­­թացքին Փայ­­լան ելոյթ ու­­նե­­­ցաւ ու ըսաւ թէ, իբ­­րեւ հայ պատ­­գա­­­մաւոր կ՚ու­­զէ քա­­նի մը խօսք ուղղել։ «Նախ­­քան 1915 այս հո­­ղերու վրայ մեր գո­­յու­­թիւնը կը բա­­ցատ­­րո­­­ւէր մի­­լիոն­­նե­­­րով։ Իսկ այ­­սօր երբ բո­­լորս կողք կող­­քի գանք մար­­զա­­­դաշտ մը ան­­գամ չենք կրնար լեց­­նել։ Շո­­գիացած չենք։ Այլ ապ­­րե­­­ցանք աղէտ մը։ Որուն ինչ ըլ­­լա­­­լը բա­­ցայայ­­տե­­­լու հա­­մար ոչ պատ­­մա­­­բան­­նե­­­րու, ոչ ալ հնա­­գէտ­­նե­­­րու երաշ­­խի­­­քին կը կա­­րօտինք։ Իմ մեծ մայրս այդ տա­­րինե­­րուն որ­­բա­­­ցած է։ Կրցաւ կեան­­քը շա­­րու­­նա­­­կել շնոր­­հիւ իր մահ­­մե­­­տական հա­­րեւան­­նե­­­րուն։ Այդ մար­­դիկ հա­­կառակ պե­­տու­­թեան «Հա­­յերու խնա­­յող­­նե­­­րը իրենց տան առ­­ջեւ կա­­խաղան պի­­տի հա­­նուին» հրա­­հան­­գին հա­­մար­­ձա­­­կած են որ­­բա­­­ցած հա­­յու մը տէր կանգնիլ։ Կը հա­­ւատամ թէ այս խնդի­րը այս հո­ղերուն խնդիրն է եւ լու­ծումն ալ պէտք է այս հո­ղերուն վրայ փնտռել»։ ըսաւ Կա­րօ Փայլն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ