ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Ի. դարու քաղաքական պայմանները անջատած էին Խորհրդային Հայաստանը եւ Թուրքիոյ հայութիւնը։ Այդ անջատումը բաւական սուղ արժած էր Թուրքիոյ հայութեան մշակութային զարգացման վրայ։ Տասնամեակներ շարունակ անտեղեակ մնացած էինք Հայաստանի արձանագրած գիտական, ճարտարապետական, գրական եւ գեղարուեստական նուաճումներէն։ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան յայտնութիւնով կարելի եղած էր գոյացած անջրպետը որոշ չափով վերացնել։ Այդ վերածման գործին մէջ իր յատուկ բաժինը ունեցաւ Համահայկական ողիմպիական խաղերը։ Ողիմպիական խաղերու խորհուրդը արդէն ծանօթ էր իսթանպուլահայերուն, քանի որ Մեսրոպ Պատրիարք միշտ իր մտքին մէջ ունէր Օգոստոս ամիսներու ընթացքին կազմակերպել «Նաւասարդեան» խաղեր, որոնք անցեալին կարեւոր իրադարձութիւն եղած են հայոց պատմութեան մէջ։ Թէեւ Մեսրոպ Պատրիարք չէր կրցած յաջողիլ Նաւասարդեան խաղերու գործադրութիւնը, բայց նորանկախ հանրապետութիւնը շատ աւելի մեծ, համազգային չափանիշով կ՚ընէր այն ինչ որ ընել ուզած էր Մեսրոպ Պատրիարք։
Արդարեւ անցնող տարիներու ընթացքին միշտ ալ բարձր եղաւ պոլսահայոց ուշադրութիւնը այս կազմակերպութեան հանդէպ։ Ամէն անգամուն ամենաբազմանդամ մասնակցութիւնը բերող քաղաքներէն մէկը կը հանդիսանար Իսթանպուլը։ Խաղերու բացման աւանդական շքերթին պոլսահայերը հպարտօրէն կը բերէին իրենց ներկայութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան յայտարարելով թէ «Հոս ենք, կը պահենք մեր կենսունակ գոյութիւնը եւ կը խոստանանք մեր բաժինը ունենալ հայաշխարհի ամբողջութեան մէջ»։
Այս տարի կրկին անգամ կը կազմակերպուի Համահայկական ողիմպիական խաղերը։ Ափսոսանքով վերահասու կը դառնանք, թէ Պոլսոյ մարզակումբները հրաժարած են մասնակցելէ։ Այս հրաժարումը կը բացատրուի խաղերու պաշտօնական բացումին Ղարաբաղի մէջ տեղի ունենալուն պատրուակով։ Մեր խումբերը համարձակութիւն չեն ունեցած Ղարաբաղի մէջ կազմակերպուած նման միջոցառումի մը մասնակցելու։ Այս դժկամութեան գլխաւոր ազդակը անշուշտ որ Ատրպէյճանական սպառնացող դիւանագիտութիւնն է։ Ատրպէյճանցիներ միջոցէ մը ի վեր կը զբաղին Ղարաբաղ պաշտօնապէս այցելողները սեւ ցանկի վրայ նշելու եւ նոյնիսկ եթէ յաջողին ցանկագրուածները «Իթերփոլ»ի միջոցաւ բերման ենթարկելու։ Անցեալին փորձած էին նման ընթացք մը գործադրել թուրքիացի խումբ մը մտաւորականներու դէմ, որոնք նկատի չէին ունեցած ատրպէյճանցիներու այս գերզգայնութիւնը։ Ատրպէյճանցիկ նոյնիսկ համարձակեցան Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պահանջել իր քաղաքացիները ձերբակալելով Ատրպէյճանի յանձնելը։ Բնականաբար Թուրքիա առիթ չէր տուած նման գայթակղութեան մը։ Սակայն այս բոլորը բաւարար եղած են, որ մեր մարզակումբները խրտչին նման հաւանականութեան մը դիմաց եւ այսպէսով ալ մերժեն Համահայկական խաղերու մասնակցիլ։ Սա ինքնին բաւական մտահոգիչ պատկեր մըն է աշխարհասփիւռ հայութեան համար, քանի կը տեսնենք թէ Ատրպէյճան յաջողած է իր ակնկալած ճնշումը բանեցնել եւ ձեւով մը խոչընդոտել համազգային կազմակերպութիւն մը։
Տուեալ պայմաններու մէջ դժուար է նման որոշումի մը համար պոլսահայ մարզակումբները մեղադրել։ Վերջապէս անոնք յստակօրէն կը տեսնեն թէ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը ինչպիսի ենթարկուածութեան մը մատնուած է Ատրպէյճանի դիմաց։ Պատահածը յաղթանակ մըն է Ատրպէյճանի չար կամքին համար եւ ամօթ մը մեր հաշւոյն, որ չենք կրցած դիմագրաւել այդ սպառնալիքը։
Թող բոլորը գիտնան թէ բաւականին դժուար է ազգին արժանապատուութիւնը բարձր պահելու խնդիրը։ Մանաւանդ հոն՝ ուր կը տիրէ քաղաքական եւ օրինական անկանոնութիւնը։