ԱՐԻՍ ՆԱԼՃԸ
Թուրքիոյ հայ հասարակութեան պատմութիւնը նաեւ գաղթելու պատմութիւն մըն է։ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն մազապուրծ փրկուած ընտանիքներ ապաստանեցան պոլսոյ գաղթակայարաններուն եւ բազմաթիւ որբեր ալ քաղաքի որբանոցներուն։
Անոնցմէ շատեր յաջորդող տարիներուն գաղթեցին դէպի արեւմտեան երկիրներ։ Գաղթի այս հոսանքը ժամանակ առ ժամանակ թափ ստանալով շարունակուեցաւ մինչեւ 1970-ական տարեթիւեր։ Գաւառէն դէպի Պոլիս գաղթի վերջին մեծ հոսանքը տեղի ունեցաւ 1960-ականներու աւարտին։ Մուշ, Սասուն եւ շրջակայ գաւառներէն ընտանիքներ համաձայնեցան իրենց զաւակները Պոլիս ղրկելով անոնց օտարութեան մէջ ձուլման արգելք ըլլալու խորհուրդին։ Այս տարի կը նշուի, այս նպատակին համար հիմնուած «Մանկանց Բոյն»ի յիսնամեակը։ Քրտախօս այդ երախաներու մեծամասնութիւնը այսօր հասած են 60-ական տարիքներու։ Արդարեւ 29 Յունիսին Եւրոպայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ մէկտեղուելով անոնք յիշատակեցին երբեմնի «Մանկանց Բոյն» գալու 50 ամեակը։ Եւրոպայի զանազան քաղաքներէն ժամանած այդ սաներու պատուոյ հիւրն էր Մանկանց Բոյնի այդ շրջանի տնօրէնուհի տիկին Տիանա Քամփարոսեանը։
Պելկիոյ հայ տեմոքրատներու միութեան նախաձեռնած ճաշկերոյթի բացման ճառը արտասանեց «Մանկանց Բոյն»ի կրտսերագոյն սան՝ բժիշկ Պօղոս Եալըմ։ Բժիշկ Եալըմ բացման ուղերցին մէջ յուզումով արտայայտեց գաղթի պայմաններու հոգեբանութիւնը «Պահ մը խորհեցէք թէ անծանօթ մարդիկ եկած են եւ կ՚առաջարկեն ձեր զաւակները տանիլ բազմահազար քիլոմեթրերու հեռաւորութեամբ մի օտար երկիր, ուր անոնք պիտի ստանան հայեցի ուսում եւ կրթութիւն։ Մեր հայրերը այդ պահուն չէին գիտեր թէ ինչ անակնկալներ կը սպասէ իրենց զաւակներուն, բայց գիտէին իրողութիւն մը, անոնք զաւակներնին պիտի ղրկէին հայոց մօտ։ Երախաները պիտի երթային հայ եւ քրիստոնեայ միջավայր մը։ Մենք ծնողազուրկ չըլլալով հանդերձ որբացած էինք։ Մեզմէ շատեր յաջորդող քանի մը տարիներուն չկրցան տեսնել իրենց ծնողները։ Փոխարէնը վայելեցինք դպրոցի կառավարիչներուն ընտանեկան խնամքը։ Անոնք մեզ ընդունեցին իբրեւ իրենց հարազատ որդիները։ Իրենց այդ գուրգուրանքով է որ կրցանք հանդուրժել մեր ընտանիքներու կարօտին։ Մեր ծնողները գիտէին, թէ իրենք այդ շրջակայքի վերջին հայերն են։ Դիմադրած էին բազմաբնոյթ դժուարութիւններու եւ իրենց ինքնութիւնը պահած էին այդ հզօր կամքով։ Սակայն հատուկենտ կը լսէին նաեւ, այս կամ այն գաւառի մէջ իսլամ դաւանելու հարկադրուած հայերու մասին»։
Եալըմ բնութագրելով այդ օրերուն իրենց մատնուած դժուարութիւնները նշեց թէ առաջին եկողներու խումբը տեղաւորուած էր «Ժողովարան», ուր հասարակութեան կողմէ կը դիտուէր իբրեւ բողոքականաց վարժարան։ Յաջորդ տարի եկող խումբը, քանի որ Ժողովարանի մէջ տեղ չէր մնացած տեղաւորուեցաւ Ներսէսեան եւ Գարակէօզեան։
«1969-ին երբ մենք եկանք այլեւս տեղ չէր մնացած դպրոցներու մէջ։ Շնորհք պատրիարքի նախաձեռնութեամբ կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմէին Եդուարդ Մոմճեան, Պերճ Քամփարոսեան, Պետրոս Պաշաք, Ֆերման Թորոսլար, Սարգիս Սերովբեան եւ այլ մարդիկ։ Այդ մարդիկ մեծ նուիրումով փարեցան այս սրբազան պարտականութեան, որոնց հետեւանքով է որ մեզմէ իւրաքանչիւրը որոշ տեղ մը հասաւ եւ հիմա ապահոված ենք նաեւ յաջորդ սերունդներու ապագան»։
Եալըմ յիշեց թէ այս նախաձեռնութենէ երեք տարիներ վերջ թաղեցիներու բողոքներով դադրեցաւ Մանկանց Բոյնի առաքելութիւնը։
«Այս անգամ բաժանուեցանք զանազան տուներ։ Երախտիքով կը յիշեմ թէ Անդրանիկ վարպետ այդ օրերուն տունէ տուն կը շրջէր մեր սնունդը անթերի մատակարարելու համար»։ Տոքթոր Պօղոս Եալըմ ապա երախտիքով յիշեց Մանկանց Բոյնի օրերուն իրենց օժանդակած անունները՝ Հրանդ Տինքը, Արմենակ Պաքըրճեանը, Պարոն Հայճանը։
Օրուայ աւարտին Մանկանց Բոյնի սաներու անունով պատուոյ հիւրին՝ տիկին Տիանա Քամփարոսեանին շնորհուեցաւ մետայլ մը, ի յիշատակ այս եզակի հանդիպման։
Ապա Տիանա Քամփարոսեան ելոյթ ունենալով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց այս միջոցառման կազմակերպման առթիւ։ «Հազիւ 23 կամ 24 տարեկան էի, երբ հայերէն թերթերը տեղեկացուցին գաղթականներու գալուստը։ Յաջորդ օր ամուսինս՝ Պերճ Քամփարոսեանի հետ միասին պարկ մը գետնախնձոր եւ պարկ մըն ալ սոխ բեռցուցինք ինքնաշարժի սնտուկին եւ ուղղուեցանք Գումգաբու։ Այնտեղ թաղականները մեզ կը ճանչնային։ Շնորհակալութեամբ վերցուցին մեր տարած սննդամթերքը եւ հրաւիրեցին սուրճ մը խմելու։ Այդ սուրճը մեզ 11 տարի կապեց այս հաստատութեան։ Այդ ժամանակ Պոլսոյ մէջ 22 դպրոցներ ունէինք։ Իսկ գաղթող ընտանիքները բազմազաւակ էին։ Իւրաքանչիւր ընտանիք ունէր 8-10 երախայ։ Այսպէսով մենք բացի բողոքականաց Ինճիր Տիպի կամ Գարակէօզեան վարժարանները ստիպուեցանք կեանքի կոչել Խորէնեան վարժարանի շրջափակին մէջ գտնուող փայտաշէն հատուածը, իբր դպրոց։ Երախաներուն ինծի հետ աւելի դիւրին շփումը ապահովելու համար ստիպուեցայ քանի մը քրտերէն բառեր սորվիլ։ Անունդ ինչպէ՞ս է հարցնելու համար կը դիմէի «Նաւադէ չիէ» հարցումով։ Կամ կը յուշէի «Էզ ֆըլլա ըմ», այսինքն ես քրիստոնեայ եմ։ Այսպէսով կ՚ապահովէի անոնց վստահութիւնը»։ Տիանա Քամփարոսեան կը յայտնէ իր մեծ գոհունակութիւնը, նշելով որ ինք առաջին մէկ-երկու նախադասութենէ ետք, կ՚առաջարկէ ըսելով՝ եթէ ցանկութիւն ունին կրնայ թրքերէն կամ ֆրանսերէն արտայայտուիլ։ Բոլորը միաբերան պատասխանած են որ հայերէն խօսի։ «Ահաւասիկ մեր այդ աշխատութեան հետեւանքն էր, որ կը վայելէի այդ պահուն։ Նախկին աշակերտներս չէին մոռցած իրենց մայրենին եւ կ՚ուզէին այդ լսել իմ բերնէն» եզրակացուց Տիանա Քամփարոսեան։