7-14 Յուլիս թուականներու միջեւ 16-րդ անգամ կը կայանայ Ոսկէ Ծիրան կինօփառատօնը։ Ինչպէս նախորդ տարիներ, այս տարի ալ թրքական շարժանկարի արուեստը կը ներկայանայ փառատօնի հանդիսատեսին։ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ ողբերգական պատմութիւն մըն է «Տումլուփընար» սուզանաւի ոդիսականը, եւ այդ դէպքը մեկնաբանող կարճամեթրաժ ժապաւէնը նկարահանուած է երիտասարդ բեմադրիչ 24 ամեայ Կէօքհան Քայայի կողմէ։ «Մի Ճրագ Տուր» խորագրեալ ֆիլմի մէջ կը նկարագրուի ճարահատութեան մէջ մահուան սպասող զինուորներու հոգեվիճակը։ Բեմադրիչ Կէօքհան Քայայի հետ զրուցեցինք նախքան իր Երեւան երթալը։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Ինչպէ՞ս որոշեցիք այս նիւթի նկարահանումը։
Պարտիմ նշել թէ այդ դժբախտ պատահարը ինքնին սինամաթոկրաֆիկ հեքեաթ մը կը պարզէ։ Նոյնիսկ կրնամ ըսել, որ բազմաթիւ մարդիկ իրենց երեւակայութեան մէջ արդէն նկարահանած են այս ֆիլմը։ Յաճախ լսած եմ «Ինչո՞ւ համար այս դէպքին ֆիլմը չէ նկարահանուած» հարցումը։ Կը կարծուի թէ նման երեւոյթ մը պիտի դիւրացնէ սցենարի հեղինակի գործը։ Բայց իրողութիւնը բոլորովին հակառակն է։ Չէ որ ժողովուրդը արդէն պատկերացում մը գոյացուցած էր դէպքի մասին։ Այդ հանգրուանէն ետք գոյացած պատկերացումին հակասող պատումները աւելի փշոտ ճանապարհ մը կը կազմեն։ Վերջապէս որոշեցինք խնդիրը խցիկի մը մէջ բանտարկուած մնացած հինգ զինուորներու տեսադաշտէն փոխանցել։ Այդ ընելու պահուն մենք նկատի ունէինք միւս զինծառայողներէն անջատուած հինգ զինուորներու պատմութիւնը։ Անոնք պատկերացում իսկ չունէին թէ ի՞նչ կատարուած է կամ ի՞նչ պայմաններու բերմամբ այդպէս մեկուսացած են եւ արդեօք պիտի կրնան փրկուիլ այդ ճգնաժամէն։ Ցաւալի է որ դուրսէն դէպի իրենց հասած վերջին պատգամը «Պինդ մնացէք ձեզ պիտի ազատենք» եղած է։ Դուրսինները, երբ զանազան միջոցներով կը փորձեն փրկարար աշխատութիւն տանիլ, անոնց ջանքերը ապարդիւն մնացած է եւ յուսահատութեան մէջ որպէս վերջին պատգամ յորդորած են «ծխելը թոյլատրուած է։ Կը յանձնարարենք երգ երգել»։ Սակայն այս պատգամը տեղ չէ հասած, քանի որ նոյն փրկարար աշխատութիւններու ընթացքին պոկուած է դուրսի հետ հաղորդակցութիւնը ապահովող հեռախօսակապն ալ։
Հետեւաբար ոչ մէկ պատկերացում ունինք ներսը մնացած զինուորներու վերջին պահերուն մասին։ Ահա այս ալ մեր գործը դիւրացնող գործօն մը կը դառնայ, քանի որ թռիչք կու տանք մեր երեւակայութեան։
Կործանած սուզանաւէն միայն հինգ զինուոր կը փրկուի։ Դուք ալ արդէն խտացած էք այդ հինգի վրայ։ Իրենց միասնութիւնը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։
Գիտենք որ նաւու ծառայողներուն թիւը 88-է եւ անոնցմէ միայն հինգ հոգի փրկուած են։ Այդ հինգը կը գտնուէին ռումբերու արձակուած բաժնին մէջ։ Հոն ընդամէնը 22 զինուորներ էին եւ մենք կեդրոնացանք անոնցմէ հինգին վրայ։
Կարճամեթրաժ ֆիլմերու տեւողութիւնը որոշ արգելքներ կը յարուցէ։ Նկարահանը ազատօրէն չի կրնար հոգեբանական վերլուծումներ ընելով կերպարի մը ներքնաշխարհը նկարագրել։ Այստեղ մեզի համար կարեւոր ձեռքբերում մըն է դերասաններու իրենց ազատ կեանքի մէջ ալ մտերիմներ ըլլալու երեւոյթը։ Ճակատագրական պայմաններու բերումով գոյացած մէկտեղումի կողքին մենք ունէինք իրենց սեփական կեանքի մէջ ալ որոշ մտերմութիւն ունեցող դերասաններ։ Իսկ հրամանատարի հետ իրենց շփումներու ընթացքին նկատուող զսպուածութիւնը դարձեալ որոշ բնականութեան մէջ ձեւաւորուեցաւ։
Իսկ ի՞նչ միտքով ձեւաւորուեցաւ ֆիլմի անուանումը։
Սա բաւականին ծանօթ ողբերգ մըն է, որ ամբողջովին կը պատշաճի պատկերուած նիւթին։ Նոյնիսկ ընդհանրացած համոզում մը կայ թէ այդ ողբերգը հիւսուած է, այս դէպքի շուրջ։ Մինչդեռ մենք նկատեցինք թէ իրողութիւնը այդպէս չէ։
Ինծի համար ուշագրաւ է թուրք զինուորներու վերաբերեալ ողբերգութեան մը «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնին ուշադրութեան արժանանալը։ Ե՞րբ կինօ փառատօնի կազմակերպիչները ձեզ հետ կապ հաստատեցին, ի՞նչ տպաւորութիւններ ունեցաք։
Սա մեզի համար շատ յուզումնալից զարգացում մըն էր, քանի որ միշտ մտահոգուած էինք տեղականի մէջ սահմանափակուելու խորհրդով։ Կ՚ուզէինք մեր խօսքը համաշխարհային արձագանգ մը գտնէ եւ այս հրաւէրով քայլ մը եւս մօտեցանք այդ նպատակին։ 10 Յուլիսին արդէն Երեւան հասած պիտի ըլլամ եւ այժմէն անհամբեր եմ ֆիլմիս հետ առնչուած հարցումները լսելու։ Վերջապէս ամէն աշխարհագրական հատուած ունի իր ուրոյն մտածելակերպը։ Իմ նախորդ ֆիլմերէն մէկը, երբ կը ցուցադրուէր Նորուէկիոյ մէջ, հանդիսատեսներէն մէկը մօտենալով հարց տուած էր, թէ ես որ այսքան երիտասարդ եմ ինչո՞ւ համար կը հետաքրքրուիմ մահուան թեմաներով, քաղաքականութեամբ կամ երկրի խնդիրներով։ Չէի կրցած համոզիչ պատասխան մը ներկայացնել։ Գոհացած էի ժպտելով միայն։ Բայց ապա երկար մտածեցի եւ հետզհետէ անդրադարձայ որ մահը ինք եւս մշակութային խնդիր մըն է։
Ձեր նախորդ ֆիլմերն ալ արժանացած էին արտասահմանեան ցուցադրութիւններու։
Ճիշդ է, զանազան մրցանակներ նուաճած եմ տարբեր կինօփառատօներու ընթացքին։ Այս վերջին ֆիլմիս եւս միջազգային հանրութեան ներկայանալը մեծ ուրախութիւն է ինծի համար։ Ինչպէս վերեւ նշած եմ, միշտ խուսափեցայ տեղականի սահմաններու մէջ մնալէ։
Կ՚ուզեմ լսել նաեւ կարճամեթրաժ ֆիլմի նախասիրութեան տեղի տուող պատճառները։
Իրականութեան մէջ ֆիլմի տեւողութիւնը ճշդողը ո՛չ թէ նախասիրութիւնն է, այլ պատմուածի տեւողութիւնը։ Որ նիւթը, որքան ժամանակի մէջ կարելի է նկարագրել։ Այս է ֆիլմին տեւողութիւնը ճշդող կարեւորագոյն գործօնը։ Արդարեւ այս ֆիլմն ալ նկարահանուած էր 60 վայրկեանի տեւողութեամբ։ Սակայն մոնթաժի սեղանին վրայ, այդ տեւողութիւնը կրճատուեցաւ նախ քառասուն եւ ապա 30 րոպէով։ Փառատօներու կազմակերպիչները անդրադարձած չեն, սակայն շատ անգամ իրենց պարտադրանքները կը վնասեն նաեւ ֆիլմի որակին։ Բայց միւս կողմէ չենք կրնար մերժել կինօփառատօներուն շարժանկարի արտադրանքները հանդիսատեսին փոխանցելու խնդրին մէջ ունեցած նպաստը։ Օրինակի համար մենք պարզապէս մեր ֆիլմի տեւողութեան պատճառաւ չենք կրցած դիմել զանազան տեղական փառատօներու։ Ըստ ինձ կարժէ մտածել թէ ֆիլմը գնահատելու ժամանակ հիմնական չափանիշը անոր տեւողութիւնն է, թէ բովանդակութիւնը։