Այժմու Թուրքիան ներսէն դիտուած

ՀԵՐՎԷ ԺՕՐԺԸԼԷՆ

 

Վերջերս Յունաստա­­նի մէջ լոյս տե­­­­սաւ Մե­­­­րօրեայ Թուրքիոյ ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րաքա­­­­ղաքա­­­­կան հա­­­­մայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րը ցո­­­­լաց­­­­նող հա­­­­ւաքա­­­­ծոյ մը։ Հա­­­­տորի խմբա­­­­գիր եւ «Ակօս»ի սիւ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կագիր Հեր­­­­քիւլ Միլ­­­­լաս ի մի բե­­­­րած է Թուրքիոյ մա­­­­սին վեր­­­­լուծու­­­­թիւննե­­­­րով ծա­­­­նօթ խումբ մը ակա­­­­դեմա­­­­կան­­­­ներ, որոնք աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տակ­­­­ցած են այս խիստ կա­­­­րեւոր ու­­­­սումնա­­­­սիրու­­­­թեան վրայ։ Անոնց մէջ կը հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պինք դար­­­­ձեալ «Ակօս»ի աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տակից­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն Ալին Օզի­­­­նեանի Հրանդ Տինք Հիմ­­­­նարկի նախ­­­­կին վար­­­­չութեան ան­­­­դամնե­­­­րէն ակա­­­­դեմա­­­­կան Ճեն­­­­կիզ Աք­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­րի, Ահ­­­­մետ Ին­­­­սէ­­­­­­­­­­­­­­­լի անուննե­­­­րուն։ Ստո­­­­րեւ կը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նենք սոյն հրա­­­­տարա­­­­կու­­­­թեան շուրջ Հեր­­­­վէ Ժօր­­­­ժը­­­­­­­­­­­­­­­լէնի «Ակօս»ի հա­­­­մար գրի առած յօ­­­­դուա­­­­ծը։

Երեք­­­­շաբթի 7 Մա­­­­յիս 2019 տե­­­­ղի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ Աթէն­­­­քի Կոս­­­­տանդնու­­­­պոլսէ­­­­ցինե­­­­րուն Մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին Կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նին մէջ ելոյթ մը որ Թուրքիոյ քա­­­­ղաքա­­­­կան թո­­­­թովու­­­­թիւննե­­­­րուն մա­­­­սին նոր գիր­­­­քի մը հրա­­­­տարա­­­­կու­­­­թեան նո­ւիրո­­­­ւած էր։ Գիր­­­­քը՝ «Ի նէա Թուրքիա էք թոն էսօ» (Նոր Թուրքիան Նէր­­­­սէն) խմբագ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւեցաւ ծա­­­­նօթ պոլ­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­ցի յոյն-ուղղա­­­­փառ քա­­­­ղաքա­­­­կան գի­­­­տու­­­­թիւննե­­­­րու մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­գէտ հե­­­­ղինա­­­­կին՝ Էր­­­­քիւլ Միլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­սի կող­­­­մէ որ 1971-էն ի վեր Աթէնք կը բնա­­­­կի։ Վեր­­­­ջին տա­­­­րիներ, Միլ­­­­լաս անընդհատ կը փոր­­­­ձէ յու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­խօս հան­­­­րութեան բա­­­­ցատ­­­­րել թէ ինչպէ՞ս թրքա­­­­կան ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թիւնը թէ յոյ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, թէ Թուրքիոյ հո­­­­ռոմ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կը նկա­­­­տի։ Կը ջա­­­­նայ թուրքե­­­­րուն եւ յոյ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն նա­­­­խապա­­­­շարումնե­­­­րը մէ­­­­կը միւ­­­­սին մա­­­­սին, եր­­­­կու ազ­­­­գին պատ­­­­մութեան զեղ­­­­ծումնե­­­­րը եւ իրենց փո­­­­խադարձ խոր ան­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւնը մեղ­­­­մել։ Սա­­­­կայն իր նոր կազ­­­­մած հա­­­­տորը տար­­­­բեր նպա­­­­տակ կ՛ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նայ։

Հա­­­­ւաքա­­­­կան հա­­­­տորը զա­­­­նազան տե­­­­սան­­­­կիւնէն կը քննէ Թուրքիոյ այժմեան քա­­­­ղաքա­­­­կան մտա­­­­հոգիչ այ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­փոխու­­­­թիւննե­­­­րը եւ ժո­­­­ղովրդա­­­­վարու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն հե­­­­ռացու­­­­մը։ Է. Միլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­սի հետ 14 Թուրքիացի մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­գէտ­­­­ներ մաս­­­­նակցե­­­­ցան այս ան­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­խըն­­­­թաց հրա­­­­տարակ­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­կան նա­­­­խաձեռ­­­­նութեան։ Զոր օրի­­­­նակ, նախ­­­­կին Պոլ­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­ցին՝ Ալին Օզի­­­­նեան որ հի­­­­մա Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի Հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թեան մէջ իբր լրագ­­­­րող գոր­­­­ծօն է, գիր­­­­քին գլուխ մը գրած է «Թուրքիոյ մէջ հա­­­­յու­­­­հի ըլ­­­­լալ» վեր­­­­նագրով։ Նշա­­­­նաւոր եր­­­­կու իրո­­­­ղու­­­­թիւններ ընդգծո­­­­ւեցան ելոյ­­­­թին ըն­­­­թացքին։ Առա­­­­ջինը՝ գիր­­­­քը աւե­­­­լի դիւ­­­­րաւ Յու­­­­նաստա­­­­նի մէջ եւ դէ­­­­պի յու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­րէն թարգմա­­­­նու­­­­թեամբ լոյս կը տես­­­­նէ քան թէ Թուրքիոյ մէջ եւ այն լե­­­­զուով որով յօ­­­­դուած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը գրուած են։ Թե­­­­րեւս նոյն հա­­­­տորը ապա­­­­գային թրքե­­­­րէնով Կիպ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­սի մէջ լոյս պի­­­­տի տես­­­­նէ։ Երկրոր­­­­դը՝ մաս­­­­նակցող հե­­­­ղինակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մե­­­­ծամաս­­­­նութիւ­­­­նը հի­­­­մա Թուրքիայէն դուրս, եր­­­­բեմն Յու­­­­նաստա­­­­նի մէջ, կը բնա­­­­կին եւ կ՚աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տին։

Երե­­­­կոյեան ելոյ­­­­թին ըն­­­­թացքին չորս խօ­­­­սող­­­­ներ ներ­­­­կայ էին։ Հէր­­­­քիւլ Միլ­­­­լաս եւ ալ եր­­­­կու հա­­­­տորին մաս­­­­նակցող­­­­ներ՝ Ճէն­­­­կիզ Աք­­­­թար եւ Ահ­­­­մետ Ին­­­­սէլ, եր­­­­կուքն ալ քա­­­­ղաքա­­­­գէտ են որոնք Ֆրան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­յի մէջ ու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­նած են։ Ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­ման վա­­­­րիչը լրագ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ղը՝ Իլիաս Քա­­­­նէլ­­­­լիս էր։ Երե­­­­կոն երկլե­­­­զու ելոյթ էր։ Յոյ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը յու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­րէն խօ­­­­սեցան իսկ թուրք հիւ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րը անգլե­­­­րէն։

Ահ­­­­մետ Ին­­­­սէլ Թուրքիոյ վար­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­ձեւին բնոյ­­­­թին հիմ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կան փո­­­­փոխու­­­­թեան մա­­­­սին իր կար­­­­ծի­­­­­­­­­­­­­­­քը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացուց։ Ըստ Ին­­­­սէ­­­­­­­­­­­­­­­լի, Թուրքիոյ հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թիւնը ալ բռնա­­­­պետա­­­­կան եւ կա­­­­մայա­­­­կան վար­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­ձեւ եղած է, ուր քա­­­­ղաքա­­­­ցին օրէն­­­­քէն չի պաշտպա­­­­նուիր եւ որուն մէջ օրէնսդիր, գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­դիր եւ դա­­­­տական իշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թիւննե­­­­րը իրար­­­­մէ այ­­­­լեւս ան­­­­կախ չեն։ Ան­­­­կէ զատ մամ­­­­լոյ կամ որե­­­­ւէ լրա­­­­տուու­­­­թեան զան­­­­գո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­յին մի­­­­ջոց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը մէկ կու­­­­սակցու­­­­թեան կող­­­­մէ կը տի­­­­րապե­­­­տուին։ Այս կա­­­­ցու­­­­թեան հան­­­­դէպ թրքա­­­­կան ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թիւնը եր­­­­կուքի բաժ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է։ Բայց նշա­­­­նաւորն է որ ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թեան ընդդի­­­­մու­­­­թիւնը աւե­­­­լի զօ­­­­րաւոր է քան Ռու­­­­սիոյ կամ Հունգա­­­­րիոյ մէջ, ուր որ նման երե­­­­ւոյթներ են։ Ան­­­­կէ զատ նոր վար­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­ձեւը տնտե­­­­սական բնա­­­­գաւա­­­­ռին մէջ կը ձա­­­­խողի զար­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ցում պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռել։ Բե­­­­ւեռա­­­­ցած վի­­­­ճակը կրնայ քա­­­­ղաքա­­­­յին պա­­­­տերազմի ծնունդ տալ։ Ին­­­­սէլ Պոլ­­­­սոյ քա­­­­ղաքա­­­­պետա­­­­կան ընտրու­­­­թիւննե­­­­րուն ջնջու­­­­մը իբր մե­­­­նատի­­­­րու­­­­թեան հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թեան յե­­­­տին ախ­­­­տանշան կ՚ըմբռնէ։

Երկրորդ հիւ­­­­րը՝ Ճէն­­­­կիզ Աք­­­­թար նոյն վի­­­­ճակը տար­­­­բեր ձե­­­­ւով կը վեր­­­­լուծէ։ Իր հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տումնե­­­­րուն հա­­­­մաձայն, Թուրքիոյ ներ­­­­կայ վի­­­­ճակը կը բա­­­­ցատ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւի երեք ազ­­­­դակնե­­­­րով։ Առա­­­­ջինը՝ Սիւննի Իս­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­մին կող­­­­մէ արեւմտա­­­­կանաց­­­­ման մեր­­­­ժումն է, հա­­­­կառակ որ ու­­­­րիշ քա­­­­ղաքա­­­­կան ու­­­­ժե­­­­­­­­­­­­­­­րը նոյնպէս հա­­­­կա-արեւմտեան ձգտումներ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նան։ Երկրոր­­­­դը՝ արեւմտա­­­­կանաց­­­­ման սխալ ըմբռնումն է։ Թուրքիոյ արեւմտա­­­­կանա­­­­ցու­­­­մը ընտրա­­­­նիին կող­­­­մէ ամ­­­­բողջ եր­­­­կի­­­­­­­­­­­­­­­րին վրայ պար­­­­տադրո­­­­ւեցաւ։ Այս շրջա­­­­նակին մէջ ազատ ան­­­­հատնե­­­­րը չէին կրնար զար­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­նալ։ Երոր­­­­դը՝ չա­­­­փազանց պե­­­­տական կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նացումն է։ Տե­­­­ղական նա­­­­խաձեռ­­­­նութիւննե­­­­րը ան­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­ջապէս կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նին կող­­­­մէ ընդհատուեցան եւ են­­­­թարկու­­­­եցան կեդրոնին։

Գիր­­­­քին ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­մը բա­­­­ւական ծանր հո­­­­գեր պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռեց ներ­­­­կայ ունկնդիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն վրայ։ Մի եւ նոյն ատեն, երախ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գէտ էինք որ Թուրքիոյ վի­­­­ճակին մա­­­­սին քննա­­­­կան բայց ոչ-յար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կողա­­­­կան լու­­­­րեր եւ վե­­­­րլու­­­­ծումներ կրցած էինք լսել։

 

Հեր­­վէ Ժօր­­ժը­­­լէն

Ηρακλής Μήλλας / 
Հէր­­քիւլ Միլ­­լաս (խմբա­­գիր), 
Η Νέα Τουρκία εν των έσω 
(Նոր Թուրքիան ներ­­սէն), Աթէնք, Σιδέρης / «Սի­­տէրիս» 
հրա­­տարակ­­չա­­­տուն, 2019.

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ