Հայոց ցեղասպանութիւնը իր ամբողջութեան մէջ ունի բազմաթիւ մանրամասնութիւններ։ 1915 թիւնը հայ ժողովուրդի իրողութեան մէջ անհամեմատօրէն բարձր թիւերով որբերու յայտնութեան երեւոյթ մըն է նաեւ։ Արդարեւ կ՚արտատպենք այս մասին ուշագրաւ յօդուած մը, որ լոյս տեսած է «Ասպարէզ»ի 24 Ապրիլ 2019 թուին մէջ։
ՆԱՐԻՆԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ որբերու նկատմամբ թրքական որբանոցներուն գործած է պատժամիջոցներու ու բռնութիւններու մի ամբողջ ցանկ։ Սա եւս մէկ անգամ կը փաստէ, որ կրօնափոխութիւնը ու անուանափոխութիւնը իրականացուած են բռնի միջոցներով։ Որբանոց մտնելու առաջին պարտադիր պայմանն անուանափոխութիւնն էր։ Իրենց յուշագրութիւններուն այս մասին կը յիշատակեն գրեթէ բոլոր որբերը։
Անթուրայի որբանոցին շուրջ երեքուկէս տարի անցուցած Գառնիկ Բանեանը իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, որ որբանոցը անոր տրուած է 549 թիւը եւ Ահմետ անունը։ Նոյն որբանոցի սան Մելքոն Պետրոսեանին տրուած է Նեճիպ անունը եւ ութ թիւը։ Յարութիւն Ալպոյաճեանը երկու անգամ անուանափոխուած է։ Առաջին անգամ Դերային, այնուհետեւ՝ Անթուրային, որտեղ ստացած է Շիւքրիւ անունը եւ 534 համարը։ Խորէն Գլըճեանին Հալէպէն տարած են Կ. Պոլիս, «Հարպիյէ» զինուորական կեդրոնական դպրոց։ Այստեղ բոլորին պղնձէ կնիքներ բաժանած են իրենց նոր թրքական անունով։ Ան ստացած է «Ալի օղլու իսլամ» անունով կնիքը, որը տնօրէնութեան կարգադրութեամբ միշտ պէտք է վզէն կախուած ըլլար։ Մարտինի երկսեռ թրքական որբանոցի սան Մարի Գրիգորեանը, որուն բաժին հասած էր Այշէ անունը, անուանափոխութեան արարողակարգի մասին կը պատմէ. «…ամէնուս համար ինքնութեան թուղթեր շինուեցան, ուր առանց բացառութեան բոլորիս հայրերը կոչուեցան Ապտուլլահ, իսկ մայրերը՝ Սալիհա…»։ Ատանայի որբանոցը շուրջ վեց տարի անցուցած, Մեհմետ Օղլու անունը ստացած Երուանդ Փոստալճեանն իր յուշերուն կը գրէ. «Մենք՝ որբերս, մեր անունները չմոռնալու համար, թուղթերու վրայ գրուած մեր վրայ կը պահէինք»։
Նորեկներուն կը բաժանէին ըստ դասարաններու, տասնապետ կը նշանակէին՝ ով պատասխանատու էր իր խումբի համար։ Օրական մի քանի ժամ զինուորական ձեւով կը մարզուէին։ Ցանկացած սխալ քայլ կը դատապարտուէր ծեծի։
Հ. Ալպոյաճեանն կիրառուող բռնութիւններու վերաբերեալ կը գրէ. «Եթէ որեւէ մէկը հայերէն կը խօսէր… Անոր խիստ կը պատժէին։ Կամ կը ծեծէին կամ կը ստիպէին ճաշարանի կտուրին կանգնել ու երեք-չորս ժամ արեւին նայելու։ Յաճախ որբանոցէն անտառ ուտելիքի համար փախչող երեխաներուն ալ 24 ժամ կը բանտարկէին ու ոչինչ չէին տար ուտելու՝ ճաշի ժամին բոլորի ներկայութեամբ ենթարկելով ֆալախայի։ Ֆալախայի կիրառման համար որբանոցին գործած է յստակ «ուղեցոյց», որտեղ նշուած է, թէ ո՛ր «յանցագործութեան» դէպքին քանի՛ անգամ պէտք է ֆալախայի ենթարկել։ Դասերը ընթացել են նախատինքներու, վիրաւորական խօսքերու, պատի տակ դրուած ծանր քարերու, անոր կը հետեւին տարբեր չափերու գաւազաններու, ֆալախայի գործիքի առկայութեամբ։
Թրքական «մանկավարժութիւն»ը կիրառուած է հնարաւոր բոլոր ձեւերը. Մարտինի որբանոցին մէջ դասընթացքի ժամանակ աղմուկը պատճառ կը դառնար, որ ուսուցչուհին «օրհնեալ գաւազանով» ծեծի ենթարկէ երախաներուն, յետոյ ալ դաժան ցրտին բակ դուրս բերէ՝ անունները կարդալու պատրուակով։
Նման որբանոցներուն պարտադիր էին նաեւ իսլամի դասերը։ Մելքոն Պետրոսեանը իր յուշագրութեամբ քանի մը դրուագներ կը բերէ այդ դասերէն։ Ֆէյզի փաշան քրիստոնէութեան մասին խօսելու ատեն նշած է. «…ձագուկներս, ձեր կրօնը հինցած է ինչպէս կրակապաշտութիւնը, նոյնպէս ձեր Յիսուս մարգարէն հինցած է, շապիկ մը որ հիննայ՝ կը նետեն, նորը կը հագնին»։ Մարտինի որբանոցին իսլամի դասերուն պարտադիր հատուածներ սովորած են Քուրանէն, անոր զուգահեռ սորված են նաեւ իսլամական օրէնքներու համաձայն լուացուիլ ու նամազ ընել։
Որբանոցներու պարտադիր պայմաններէն եղած է նաեւ թլփատումը։ Եթէ երախաները անուանափոխութեան կամ իսլամ ընդունելու փաստը ինչ-որ կերպ կ՚ընդունէին ու համակերպէին՝ թէկուզ առերես, ապա թլփատման արարողակարգին անոնք ամենաշատը կ՚ընդդիմանային։ Որբանոցներուն, երբ այդ մասին լուրեր կը տարածուէին, տղաներէն շատերը փախուստի կը դիմէին։ Ատանայի որբանոցի սան Երուանդ Փոստալճեանն իր յուշերուն կը գրէ, որ որբանոցի տնօրէնը թերթի մէջ յայտարարութիւն կու տուր ու թուրք հաւատացեալներուն որբանոցի հայ երախաներու թլփատման արարողութեանը ներկայ գտնուելու կոչ կ՚ընէր։ Խորէն Գլըճեանը կը յիշէ, որ իրենց որբանոցի տնօրէնութեան հրամանով բոլոր հայ երախաներուն տարած են Կ. Պոլիս ու թլփատած։
Թուրք ղեկավարները պարբերաբար ստուգայցեր կը կատարէին որբանոցներուն, ինչը միշտ կ՚ուղեկցուէր տօնախմբութեամբ ու բարձր ծափողջոյններով։ Մանկական յուշագրութիւններուն այդ իրադարձութիւնը միշտ նոյնացուած է համեղ ուտելիքներու, տօնական ու կեղծ բարիդրացիական մթնոլորտի հետ։ Ճեմալ փաշան մի քանի անգամ այցելած է Անթուրայի որբանոց, Էնվէր եւ Թալէաթ փաշաները՝ Հարպիէի։
Որբանոցներուն երեխաներու թիւը նուազեցնելու համար եղած են նաեւ թունաւորման դէպքեր։ Յաճախ «բնական ճանապարհով» թունաւորած են ջուրը, երբ դիակներ գցած են որբանոցներուն ջուր մատակարարող ջրհորներու մէջ։ Մարտինի որբանոցին մէջ թունաւորման դէպքերը կապուած էին յատկապէս հացի օգտագործման հետ։ 1918թ. վերջին Անթուրայի որբանոցի թրքական անձնակազմը հեռանալէ առաջ դեղագործ Ռըզա պէյին պատուիրած է վերջին ընթրիքի ժամանակ բոլոր որբերուն թունաւորել։ Բայց Ռըզա պէյը չէր համաձայնած նման ոճրագործութեան։ Ուշագրաւ է այն փաստը, որ Ռըզա պէյի հարցման ընթացքին ճաշարանին նստած բոլոր երախաները յիշած են իրենց հայկական անունները։
Այսպիսով, երիտթուրքական կառավարութեան ռազմավարութիւնը նպատակ ունէր թիրախային խմբին, տուեալ դէպքին՝ հայ երախաներուն զրկելու սեփական կենսաբանական բնորոշումներէն, ինքնութիւնէն՝ աստիճանաբար վերածելով մի այլ ինքնութեան։ Ան հետեւողականօրէն, ծրագրուած հետամուտ եղած է այս քաղաքականութեան մինչեւ 1918թ. Մուդրոսի զինադադարի կնքումը, յետագային թրքական որբանոցները յանձնուած են միսիոներական, օտարերկրեայ եւ հայկական կազմակերպութիւններուն։
Հայ որբերու թրքացման գործընթացը իրականացած է քանի մը փուլով, որմէ առաջինը հաւաքագրման ու տեղափոխման հարցերու լուծումն էր։ Օսմանեան կառավարութիւնը կը շտապէր անոնց հաւաքագրել, քանի որ մտավախութիւն ունէր, որ միսիոներական, բարեգործական կազմակերպութիւնները իրենցմէ շուտ կը յաջողին այդ գործին մէջ։ Երկրորդ փուլով անոնք, հայ որբերուն կեդրոնացնելով որբանոցներուն մէջ, կը սկսէին բուն գործընթացը՝ անոնց անուանափոխելով, թլփատելով, իսլամի դասեր կազմակերպելով։ Թրքական կողմը կը խուսափէր նմանօրինակ մանրուքներէն անգամ, որը հայ որբերուն կը յիշեցնէր իրենց անցեալը։ Անոնք կը նախընտրէին երախաներուն դիմել միայն իրենց թուերով՝ զրկելով անոնց ոչ միայն ազգային ինքնութիւնէն, այլ նաեւ անհատականութենէն։ Դէպքեր եղած են, երբ ղեկավարութիւնը որբանոցի աշխատակիցներ չունենալու պարագային ալ հեռացուցած է որբանոցի մէջ աշխատող հայ կանանց՝ վախնալով, որ անոնց ներկայութիւնը որբերու համար կարող է հայկական ինքնագիտակցութեան խթան դառնայ։
Վախի մթնոլորտը, պատժամիջոցներու կիրառումը առաջին հայեացքին կարծես կը յաջողին. որբերը կը դադրին միմեանց հետ խօսիլ հայերէն, սակայն յուշագրութիւններուն բոլոր հեղինակները կը նշեն, որ քնելէ առաջ ծածկոցի տակ միշտ խաչակնքած են, ծնողներէն լսած «Հայր Մեր»էն հատուածներ կրկնած, երբեմն ալ աղօթք չյիշելով՝ իրենց ու իրենց հարազատներու անուններն են կրկնած՝ չմոռանալու համար։
Թրքական կառավարութիւնը իր այս քաղաքականութեան իրագործման ընթացքին միշտ ալ մտավախութիւն ունեցած է եւ վերապահութիւնով մօտեցած է իսլամացած հայերուն։ Նշենք, որ Կ. Պոլսէն հրաման եղած է, որով իսլամանալու թոյլտուութիւն տրուած է միայն կեդրոնական իշխանութիւններու հաւանութիւնը ստանալէ յետոյ կամ ալ միայն մուսուլմաններու հետ ամուսնացած կանանց։ Որբանոցներուն աւելի հեշտ էր վերահսկել իսլամացման գործընթացը, որուն ալ ի սկզբանէ միտուած էր թրքական կառավարութիւնը։ Սակայն անոր քաղաքականութիւնը երկար չի գործեր։ 1919թ.՝ զինադադարի առաջին վեց ամիսներուն, կարեւոր միջոցներ կը ձեռնարկուին որբերուն վերադարձնելու ուղղութեամբ։ «Որբահաւաքի» ժամանակ հայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւնները կը կարողանան որբանոցներէն դուրս բերել եւ փրկել թրքացման ճանապարհին գտնուող բազմաթիւ հայ երախաներուն։ Սակայն պէտք է նշել, որ առաւել փոքր տարիքի երախաներու մի ստուար հատուած, չյիշելով իր ինքնութիւնը, երբեմն ալ անցեալի վերապրումները կրկնուելու վախէն ելնելով՝ նախընտրած է լռել իր հայ ըլլալու մասին եւ այս ճանապարհով ձուլման ենթարկուած է։