Կախարդական ծիսակատարութիւն համերգի տարազով

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Գործեր կան, որոնց փայ­­­­լը կը շեշ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւի իրենց պար­­­­զութեան մէջ։ Շատ ան­­­­գամ բե­­­­մը չա­­­­փազան­­­­ցութիւննե­­­­րով է որ կը ճո­­­­խանայ։ Բե­­­­մայար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­մը, լոյ­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­րու գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ծու­­­­թիւնը եւ տա­­­­կաւին զա­­­­նազան շին­­­­ծու գոր­­­­ծօններ կա­­­­խար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կան տպա­­­­ւորու­­­­թիւն մը գո­­­­յաց­­­­նել կը ջա­­­­նան։ Փո­­­­խարէն կան նաեւ բե­­­­մական այլ բնոյ­­­­թի գոր­­­­ծեր, որոնք իրենց պատ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­մով, իրենց որա­­­­կով կը փայ­­­­լին հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սատե­­­­սի դի­­­­մաց։ Այդ երկրորդ տե­­­­սակի ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացում մըն էր, որուն ներ­­­­կայ գտնո­­­­ւեցանք 14 Ապ­­­­րիլ կի­­­­րակի երե­­­­կոյ Շիշ­­­­լիի «Քենթ» մշա­­­­կոյ­­­­թի կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նին մէջ։

Նախ­­­­քան վա­­­­րագոյ­­­­րը բա­­­­ցուի հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սատե­­­­սին մա­­­­տու­­­­ցո­­­­­­­­­­­­­­­ւած էր տե­­­­ղական յա­­­­տուկ խո­­­­հանո­­­­ցային նմուշներ։ Նմուշներ՝ որոնք առնչո­­­­ւած են տար­­­­բեր յի­­­­շատա­­­­կումնե­­­­րու եւ իրենց մէջ կը պա­­­­հեն խորհրդան­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­կան իմաստներ։ Ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րեւ այս մի­­­­ջոցառ­­­­ման շրջագ­­­­ծով ոչ մէկ բան պա­­­­տահա­­­­կան էր։ Ամէն ինչ ու­­­­նէր իր նշա­­­­նակու­­­­թիւնը, իր իմաս­­­­տը, մա­­­­նաւանդ ալ իր ու­­­­րոյն պատ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­մը։ Բե­­­­մը բա­­­­ցուե­­­­լէ առաջ կա­­­­տարո­­­­ւեցաւ պատ­­­­շաճ զգու­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­ցում մը՝ չծա­­­­փահա­­­­րել ելոյթնե­­­­րու ըն­­­­թացքին մին­­­­չեւ ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­ման աւար­­­­տը, քա­­­­նի որ բե­­­­մադ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւածը ծի­­­­սական բնոյ­­­­թով ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացում մըն էր։ Երբ բե­­­­մը բա­­­­ցուե­­­­ցաւ, մեր դի­­­­մաց գտանք 12 երգչու­­­­հի­­­­­­­­­­­­­­­ներ, որոնք կա­­­­մար մը կազ­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­լու ձե­­­­ւով նստած էին կող կող­­­­քի եւ իրենց ետին ու­­­­նէին երեք նո­­­­ւագա­­­­րան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէ բաղ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ցած հա­­­­մեստ նո­­­­ւագա­­­­խումբ մը։ Բե­­­­մին վրայ տե­­­­ղադ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւած էր եռա­­­­թեւ աշ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նակ մը, որուն մո­­­­մերը վա­­­­ռեցան երգչու­­­­հի­­­­­­­­­­­­­­­ներէն մէ­­­­կուն կող­­­­մէ։ Ար­­­­դէն այդ ծի­­­­սական բնոյ­­­­թով արա­­­­րողու­­­­թիւնով մենք մտած եղանք խորհրդա­­­­ւոր աշ­­­­խարհի մը դռնե­­­­րէն ներս։ Յան­­­­կարծա­­­­կիօրէն վե­­­­րացաւ ժա­­­­մանա­­­­կի խոր­­­­հուրդը։ Չէինք գի­­­­տեր թէ ո՞ւր ենք եւ ի՞նչ ենք անում։ Ով­­­­քե՞ր են մեր շուրջը այս վե­­­­հարա­­­­նում։ Չէ որ ըսինք՝ կա­­­­խար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կան մի­­­­ջավայ­­­­րի մա­­­­սին։ Եւ կա­­­­խար­­­­դանքը յան­­­­կարծ շունչ առաւ շնոր­­­­հիւ երաժշտու­­­­թեան առա­­­­ջին հնչիւննե­­­­րուն։ Թաւ­­­­ջութա­­­­կը ալ աւե­­­­լի շեշ­­­­տադրեց մեզ պա­­­­տող այդ կա­­­­խար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կան մի­­­­ջավայ­­­­րը։ Տա­­­­րօրի­­­­նակ յու­­­­զում մը դուրս կու գար անոր հնչիւննե­­­­րէն։ Կար­­­­ծես դա­­­­րերու վիշտն ու մոր­­­­մո­­­­­­­­­­­­­­­քը բան­­­­տարկեր են այդ նո­­­­ւագա­­­­րանին մէջ եւ ան հի­­­­մա դուրս կու գայ իր աղա­­­­ղակը մեզ լսե­­­­լի դարձնե­­­­լու հա­­­­մար։

Ապա Թաւ­­­­ջութա­­­­կի այդ խոր աղա­­­­ղակին եկաւ աւել­­­­ցաւ աշ­­­­խարհի թե­­­­րեւս ամե­­­­նահին եւ նաեւ ամե­­­­նահա­­­­րազատ նո­­­­ւագա­­­­րան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն մէ­­­­կուն՝ չո­­­­պանի սրին­­­­գի հե­­­­կեկան­­­­քը։ Այդ բո­­­­լորէն ետք լե­­­­զու առ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ղը, իր ող­­­­բը պատ­­­­մո­­­­­­­­­­­­­­­ղը եղաւ պաղ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­ման։ Աշ­­­­խարհագ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­կան այս հա­­­­տուա­­­­ծի մէջ, որոշ հա­­­­ւատքնե­­­­րու հա­­­­մար այդ նո­­­­ւագա­­­­րանը աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­շունչի իմաստ ու­­­­նի։ Այդպէս ալ կ՚անո­­­­ւանո­­­­ւի «լա­­­­րաւոր աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­շունչ» կը կո­­­­չեն պաղ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­ման։ Եւ ան որ­­­­քան խո­­­­րունկ իմաստնե­­­­րով լե­­­­ցուն էր։ Բո­­­­լորին զար­­­­մանք տա­­­­լու աս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­ճան կը թրթռաց­­­­նէր սիր­­­­տեր։

12 կա­­­­նայք բեմ ելած էին ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ներուն հա­­­­ղոր­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար ալե­­­­ւիական 7ժո­­­­ղովուրդա­­­­կան հե­­­­քեաթ­­­­ներ։ Այս հա­­­­մեր­­­­գի մա­­­­սին առա­­­­ջին լսած պա­­­­հուն ակա­­­­մայ յի­­­­շած էինք «Ակօս»ի հա­­­­յերէն էջե­­­­րու վաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կաւոր խմբա­­­­գիր Սար­­­­գիս Սե­­­­րով­­­­բեանը։ Իսկ հա­­­­մեր­­­­գին ներ­­­­կայ գտնո­­­­ւելով կ՚անդրա­­­­դառ­­­­նանք, թէ որ­­­­քան տե­­­­ղին եղած էր այս նիւ­­­­թի բեր­­­­մամբ զինք յի­­­­շելու երե­­­­ւոյ­­­­թը։ Ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րեւ Սե­­­­րով­­­­բեանի այնքան հա­­­­րազա­­­­տօրէն մաս­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­կը դար­­­­ձած աշ­­­­խարհը կը կեն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նարար մեր աչ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րուն առ­­­­ջեւ։ Հին հա­­­­ւատաք­­­­ներ, հին բար­­­­քեր դուրս կու գա­­­­յին ժո­­­­ղովրդա­­­­կան պատ­­­­մութիւննե­­­­րու վե­­­­րացա­­­­կան աշ­­­­խարհէն եւ մերթ ընդ մերթ զու­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­հեռ­­­­ներ կը կազ­­­­մէին մե­­­­րօրեայ ապ­­­­րումնե­­­­րու հետ։

«Պե­­­­տես­­­­թան» երաժշտա­­­­կան ակա­­­­դեմիայի այս նա­­­­խաձեռ­­­­նութիւ­­­­նը կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պո­­­­­­­­­­­­­­­ւած էր նոյն դպրո­­­­ցի հիմ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­դիր Պիւ­­­­լենթ Չա­­­­թալ­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­յայի կող­­­­մէ։ Ան յա­­­­ջողած էր իր բնաշ­­­­խարհը տա­­­­նիլ դահ­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­ճը ամ­­­­բողջո­­­­վին լեց­­­­նող հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սատես­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։

Ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­ման աւար­­­­տին այ­­­­լեւս կա­­­­րելի չէր ժո­­­­ղովուրդի բուռն ծա­­­­փահա­­­­րու­­­­թիւննե­­­­րը զսպել։

Բո­­­­լորը մեծ յա­­­­գեցու­­­­մով կ՚ող­­­­ջունէին բե­­­­մին վրայ պաշ­­­­տօն ստա­­­­ցող բո­­­­լոր արո­­­­ւես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գէտ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։

Ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­ման հա­­­­մես­­­­տութիւնն էր, որ իր զսպո­­­­ւածու­­­­թեան մէջ կը ճո­­­­խանար, կը հարստա­­­­նար եւ կը ոգե­­­­ւորէր բո­­­­լորին։ Այդ պա­­­­հուն ափ­­­­սո­­­­­­­­­­­­­­­սան­­­­քով կը յի­­­­շենք, թէ չա­­­­փազան­­­­ցութիւ­­­­նը փա­­­­ռաբա­­­­նող ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացումնե­­­­րը հա­­­­զիւ կրկէ­­­­սի մա­­­­կար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կի կը մնան այս բնոյ­­­­թով բե­­­­մադ­­­­րութիւննե­­­­րու դի­­­­մաց։

Զա­­­­զա մշա­­­­կոյ­­­­թը ան­­­­գամ մը եւս յա­­­­ջողած էր մեզ մեր­­­­կացնե­­­­լու տա­­­­րինե­­­­րու հո­­­­լովոյ­­­­թով կեր­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րանա­­­­փոխո­­­­ւած հա­­­­ւատքնե­­­­րու տար­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն եւ բո­­­­լորս հա­­­­մակած Մնձու­­­­րի լեռ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու եւ հո­­­­վիտ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու, գե­­­­տերու ու դաշ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­րու մէջ։ Ժո­­­­ղովրդա­­­­կան բա­­­­նախօ­­­­սու­­­­թեան մէջ հայ թէ քիւրտ, զա­­­­զա թէ ղը­­­­զըլ­­­­պաշ, ալե­­­­ւի թէ քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­նեայ, իս­­­­լամ թէ հե­­­­թանոս բո­­­­լորս դուրս եկած էինք մեր տա­­­­րազ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն եւ ըմ­­­­բոշխնած Անա­­­­հիտի կաթ­­­­նաղբիւրնե­­րէն բխող զուլալ ջուրը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ