Կը պատրաստուի ընտրողներու ցանկը

Սուրբ Զատկի տաղաւարին հետ աւարտած կ՚ըլլայ Մեսրոպ Պատրիարքի մահուան առթիւ հռչա­կուած սու­գը։ Ար­դա­րեւ Զատ­կին յա­ջոր­դող օրե­րուն ար­դէն իսկ կը մեկ­նարկէ պատ­րիար­քա­կան գա­հի 84-րդ գա­հակա­լը ընտրե­լու աշ­խա­տու­թիւննե­րը։ Ընտրու­թիւննե­րու ըն­դա­ռաջ կա­րեւո­րագոյն խնդիր­նե­րէն մէկն ալ ընտրող­նե­րու ցու­ցակնե­րուն այժմէակա­նացումն է։ Վեր­ջին ան­գամ այս ուղղու­թեամբ աշ­խա­տանք տա­րուած էր 1998-ին Մես­րոպ Պատ­րիար­քի ընտրու­թեան նա­խոր­դող շրջա­նին։

2017-ին տե­ղապա­հի ընտրու­թե­նէն ետք կազ­մո­ւած Կար­գա­դիր յանձնա­խումբի ատե­նապե­տու­թեան պաշ­տօ­նը ստանձնած Խոս­րով Քէօլե­դաւի­թօղ­լու այդ ժա­մանակ ձեռ­նարկած էր այս բնոյ­թով լայ­նա­ծաւալ աշ­խա­տան­քի։

Քէօլէ­դաւի­թօղ­լո­ւի այդ աշ­խա­տու­թիւնով յստա­կացած էր 38 հա­զար հայ ընտրող­նե­րու ցանկ մը։ Ան նաեւ պատ­րաստեց խառն ամուսնու­թիւննե­րու վե­րաբե­րեալ 2,800 անուննե­րէ բաղ­կա­ցող ցանկ եւ հայ ըլ­լա­լու հա­ւանա­կանու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րէ բաղ­կա­ցած մօտ 10,000 անուննե­րէ բաղ­կա­ցած ցանկ մը եւս։

Այսպէ­սով ան հա­սած է 52,000 ընտրող­նե­րու թո­ւաքա­նակին։

Քէօլէ­դաւի­թօղ­լու կը յայտնէ թէ ինք կա­մաւոր լծո­ւած է այս աշ­խա­տան­քին, քա­նի որ մեր հա­սարա­կու­թեան մէջ կը բա­ցակա­յի եկե­ղեցի դի­մելով անու­նը գրան­ցե­լու գի­տակ­ցութիւ­նը։ Մնաց որ, եկե­ղեցի­ներու ցան­կերն ալ խիստ ան­բա­ւարար են, քա­նի որ միայն անուն ազ­գա­նու­նէ բաղ­կա­ցող ցու­ցակներ են։ Քէօլէ­դաւի­թօղ­լու կը նշէ թէ ամե­նաբազ­մա­մարդ թա­ղը 12,000 անուննե­րով հան­դի­սացած է Քուրթու­լուշ եւ Ֆերիգիւղ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ