Տիեզերական Պատրիարքէն հերքում «Աքշամ» թերթին

Յունաց Տիեզերական Պատրիարքարանը պաշտօնական հերքում պահանջեց «Աքշամ» թերթի 16 Նոյեմբեր թուակիր լրատուութեան համար։ Թերթը պնդած էր, թէ պատրիարքարանի կազմէն անձեր գաղտնի տեսակցութիւն մը ունեցած են Քըլըչտարօղլուի հետ։ Այս մասին պատրիարքական փոխանորդ Հայր Անդրէաս Սոֆիանոփուլոսի ստորագրութեամբ հրատարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը. «Տիեզերական Պատրիարք Բարթողիոմէոս Ա. երկրի զանազան անկիւններու մէջ կառավարութեան եւ շրջանային վարչութիւններու թոյլտուութեամբ արարողութիւններ կը կատարէ։ Նշանակութիւն չունենար տուայ վայրերու քաղաքապետին որ կուսակցութեան անդամակցիլը։ Մենք բոլոր քաղաքապետներու եւ քաղաքներու պետական ներկայացուցիչներ հանդիսացող կուսակալներու հետ կը պահենք քաղաքակիրթ յարաբերութիւններ։ Միւս կողմէ պատրիարք սրբազանի յարգարժան Էօզճան Ըշըքլարի համար Քեմալ Քըլըչտարօղլուին պատուիրակութիւն մը ղրկած ըլլալու մասին պնդումը հիմնովին սուտ եւ դիտումնաւոր զրպարտութիւն մըն է։ Նոյնպէս տրամաբանութենէ զուրկ է Սելիմփաշայի մէջ գտնուող կարգ մը կալուածներու պատրիարքարան փոխանցումը ապահովելու մասին խոստումի վերաբերեալ լուրը։ Հուսկ պատրիարքարանը երբեք միջամուխ չէ եղած քաղաքականութեան եւ յետ այսու ալ պիտի չըլլայ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ