Պոլիսը՝ գաղթականութեան խաչմերուկ (Բ)

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Նախորդ գրու­­թեան մուտքին նշած էինք թէ Պո­­­լիս պատ­­­մութեան բո­­­լոր շրջան­­­նե­­­­­­­րուն գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­ներ ու­­­նե­­­­­­­ցած է։ Եկո­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րը երկկող­­­մա­­­­­­­նի փո­­­խազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւն բե­­­րած են քա­­­ղաքին։ Թէ իրենց յատ­­­կութիւննե­­­րով զար­­­գա­­­­­­­ցու­­­ցած ու հարստա­­­ցու­­­ցած են Պո­­­լիսը, եւ թէ իրենք հա­­­մակեր­­­պե­­­­­­­լով ար­­­քա­­­­­­­յանիստ քա­­­ղաքի կեն­­­ցա­­­­­­­ղին, հետզհե­­­տէ կազ­­­մած են քաղ­­­քե­­­­­­­նի դա­­­սակարգ մը, որ իր ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը գտած է «Պոլ­­­սե­­­­­­­ցի» սահ­­­մա­­­­­­­նու­­­մով։

Նիւ­­­թի ամ­­­բողջու­­­թիւնը պա­­­հելու հա­­­մար զանց առ­­­նենք «կրատ» յե­­­տադաս մաս­­­նի­­­­­­­կը եւ դի­­­տենք թէ Արեւմտեան Եւ­­­րո­­­­­­­պայի «պուրկ»երը եւ արե­­­ւելեան աշ­­­խարհի «պո­­­լիս»նե­­­րը կամ «կերտ»երը ինչպէ՞ս կը տար­­­բե­­­­­­­րին քա­­­նի մը յատ­­­կութիւննե­­­րով։ Միջ­­­նա­­­­­­­դարեան Եւ­­­րո­­­­­­­պայի աւա­­­տապե­­­տական հա­­­մակար­­­գի քայ­­­քա­­­­­­­յու­­­մով ազատ ար­­­ձա­­­­­­­կուած ճոր­­­տե­­­­­­­րը գե­­­տափե­­­րու վրայ կու­­­տա­­­­­­­կուե­­­լով կազ­­­մե­­­­­­­ցին աւան­­­ներ կամ գիւ­­­ղեր, որոնք կարճ ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին զար­­­գա­­­­­­­նալով դար­­­ձան բա­­­ռավեր­­­ջին պուրկ մաս­­­նի­­­­­­­կը ստա­­­ցող քա­­­ղաք­­­ներ։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ այդ քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու բնա­­­կիչ նախ­­­կին ռա­­­միկ դա­­­սակար­­­գը այս նոր ըն­­­կե­­­­­­­րատնտե­­­սական հա­­­մակար­­­գի մէջ ներ­­­կա­­­­­­­յացաւ «պուրժո­­­ւա» անո­­­ւանու­­­մով։ Պուրկե­­­րը զար­­­գա­­­­­­­ցան իրենց հիմ­­­նա­­­­­­­դիր դա­­­սակար­­­գի զար­­­գացման հե­­­տեւան­­­քով։

Պուրկե­­­րու փո­­­խարէն պո­­­լիս­­­նե­­­­­­­րը կամ կեր­­­տե­­­­­­­րը շատ աւե­­­լի եր­­­կար ան­­­ցեալ ու­­­նին եւ հիմ­­­նա­­­­­­­դիր­­­նե­­­­­­­րու անուննե­­­րով կը յի­­­շուին։ Անոնց զար­­­գացման նա­­­խապայ­­­մանն էր հիմ­­­նա­­­­­­­դիր ար­­­քա­­­­­­­յի հարստու­­­թիւնը։ Եթէ մէկ կողմ թո­­­ղենք ժա­­­մանա­­­կի եր­­­բեմն հա­­­զար տա­­­րինե­­­րու հաս­­­նող հե­­­ռաւո­­­րու­­­թիւնը, պուրկե­­­րը հիմ­­­նողնե­­­րը նախ­­­կին ճոր­­­տեր էին, որոնք ձեր­­­բա­­­­­­­զատո­­­ւելով գե­­­րիի պայ­­­մաննե­­­րէ, ազա­­­տու­­­թեան մէջ նոր կեանք կեր­­­տե­­­­­­­ցին։

Իսկ պո­­­լիս­­­նե­­­­­­­րու կամ կեր­­­տե­­­­­­­րու բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեցին իրենց ար­­­քա­­­­­­­ներուն աղա­­­խինը մնալ։ Չկրցան տի­­­րանալ սե­­­փական հարստու­­­թեան եւ աւե­­­լին՝ չկրցան քա­­­ղաքի տէ­­­րը ու տի­­­րակա­­­նը դառ­­­նալ։ Այսպէս արե­­­ւելեան քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րէն չէր կրնար քաղ­­­քե­­­­­­­նի դա­­­սակարգ մը դուրս գալ։ Եւ­­­րո­­­­­­­պայի քաղ­­­քե­­­­­­­նինե­­­րը ձեր­­­բա­­­­­­­զատո­­­ւած էին ազ­­­նո­­­­­­­ւական դա­­­սակար­­­գի լու­­­ծեն եւ Ֆրան­­­սա­­­­­­­կան մեծ յե­­­ղափո­­­խու­­­թե­­­­­­­նէ ետք սկսած էր իրենց շրջա­­­նը։ Նոյն հո­­­սան­­­քը տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րու հո­­­լովոյ­­­թով ողո­­­ղեց նաեւ արե­­­ւելեան աշ­­­խարհի պո­­­լիս­­­նե­­­­­­­րը կամ կեր­­­տե­­­­­­­րը, բայց չի կրցաւ ար­­­մատներ ար­­­ձա­­­­­­­կել ժո­­­ղովրդա­­­կան լայն խա­­­ւի մէջ։ Մնաց մտա­­­ւորա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու շրջա­­­նակին մէջ։ Օգ­­­տո­­­­­­­ւելով հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին վե­­­րիվայ­­­րումնե­­­րէն, հա­­­զիւ այս վեր­­­ջիննե­­­րուն զի­­­նուոր­­­նե­­­­­­­րու կամ բա­­­նուոր­­­նե­­­­­­­րու հետ գոր­­­ծակցե­­­լով դի­­­մեց իշ­­­խա­­­­­­­նափո­­­խու­­­թեան։

Յե­­­ղափո­­­խու­­­թիւնը երբ չու­­­նի զան­­­գո­­­­­­­ւածա­­­յին բնոյթ, երբ ժո­­­ղովուրդը ո՛չ թէ մաս­­­նա­­­­­­­կից, այլ հան­­­դի­­­­­­­սատեսն է իրա­­­դար­­­ձութիւննե­­­րու, դժո­­­ւար թէ հրա­­­ժարի իր ճոր­­­տի հպա­­­տակու­­­թե­­­­­­­նէն եւ դառ­­­նայ ազատ ու հպարտ քա­­­ղաքա­­­ցի։

Տո­­­ւեալ պայ­­­մաննե­­­րու մէջ երկրի բնա­­­կիչը նոյ­­­նիսկ իր ընտրած ղե­­­կավար­­­նե­­­­­­­րը կը դնէ իշ­­­խա­­­­­­­նաւո­­­րի դիր­­­քին։ Առանց գի­­­տակ­­­ցե­­­­­­­լու քա­­­ղաքա­­­ցիի սե­­­փական իրա­­­ւունքնե­­­րուն, իր­­­մէ կը գթայ մատ­­­նո­­­­­­­ւած պայ­­­մաննե­­­րուն բա­­­րելա­­­ւու­­­մը։

Նշած էինք Պոլ­­­սոյ իր պատ­­­մութեան բո­­­լոր շրջան­­­նե­­­­­­­րուն գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­ներ ըն­­­դունած ըլ­­­լա­­­­­­­լու երե­­­ւոյ­­­թին մա­­­սին։ Նաեւ նշած էինք եկո­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րու այս մեծ քա­­­ղաքին ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցած կեն­­­ցա­­­­­­­ղին յար­­­մա­­­­­­­րուե­­­լու ձգտու­­­մը։

Դա­­­րերու տե­­­ւողու­­­թեամբ որոշ յա­­­րատե­­­ւու­­­թեան մը բնոյ­­­թով շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուած դէ­­­պի Պո­­­լիս գաղ­­­թը յան­­­կարծա­­­կի ոս­­­տում մը ու­­­նե­­­­­­­ցաւ Ի դա­­­րու երկրորդ կէ­­­սէն սկսեալ։

Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան շրջա­­­նի առա­­­ջին 25 տա­­­րինե­­­րուն երկրի կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը միահե­­­ծան կեր­­­պով ստանձնած էր Հան­­­րա­­­­­­­պետա­­­կան կու­­­սակցու­­­թիւնը։ Առա­­­ջին ան­­­գամ 1946 թո­­­ւին տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ մէ­­­կէ աւե­­­լի կու­­­սակցու­­­թիւննե­­­րով կա­­­տարո­­­ւած խորհրդա­­­րանի ընտրու­­­թիւն։ 1950-ին ար­­­դէն ընդդի­­­մադիր Դե­­­մոկ­­­րա­­­­­­­տական կու­­­սակցու­­­թիւնը ապա­­­հոված էր ձայ­­­նե­­­­­­­րու մե­­­ծամաս­­­նութիւ­­­նը։ Իշ­­­խա­­­­­­­նափո­­­խու­­­թիւնը Բ. Հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին պա­­­տերազ­­­մէ ետք տի­­­րող քա­­­ղաքա­­­կան հա­­­կումնե­­­րու ալ օգ­­­նութեամբ ծնունդ տո­­­ւաւ որոշ ազա­­­տու­­­թիւննե­­­րու։ Մինչ այդ պե­­­տու­­­թեան կեդ­­­րո­­­­­­­նական պլա­­­նաւո­­­րու­­­թեամբ ըն­­­թա­­­­­­­ցող տնտե­­­սու­­­թիւնը կարճ ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին իր դաշ­­­տը թո­­­ղուց սե­­­փական ներդրումնե­­­րու։ Մեծ գոր­­­ծի դաշտ գո­­­յացաւ յատ­­­կա­­­­­­­պէս Պոլ­­­սոյ մէջ։ Աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի հնա­­­րաւո­­­րու­­­թիւննե­­­րը խրա­­­խու­­­սե­­­­­­­ցին երկրի գա­­­ւառ­­­նե­­­­­­­րէն դէ­­­պի մեծ քա­­­ղաք գաղ­­­թը։

Ան­­­ցեալին աւան­­­դա­­­­­­­բար եկո­­­ւոր գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րը կը հա­­­մակեր­­­պէին մեծ քա­­­ղաքի կեն­­­ցա­­­­­­­ղին։ Բայց այս ան­­­գամ պա­­­տահե­­­ցաւ հա­­­կառա­­­կը, եկո­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րը, քիչ մըն ալ ինքնա­­­պաշտպա­­­նու­­­թեան թե­­­լադ­­­րած մտա­­­հոգու­­­թիւննե­­­րով, իրենց կեն­­­ցա­­­­­­­ղը պար­­­տադրե­­­ցին մեծ քա­­­ղաքի բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րուն։ Ու­­­շագրաւ է այս ինքնա­­­պաշտպա­­­նու­­­թեան տե­­­ղի տո­­­ւող գոր­­­ծօ­­­­­­­նը։ Մար­­­դիկ եր­­­կար տա­­­րիներ են­­­թա­­­­­­­գիտակ­­­ցութիւն մը գո­­­յացու­­­ցած էին մեծ քա­­­ղաքի այ­­­լա­­­­­­­սեր­­­ման սպառ­­­նա­­­­­­­լիքին մա­­­սին։ Դժո­­­ւար էր օտա­­­րու­­­թեան պայ­­­մաննե­­­րուն տակ ըն­­­տա­­­­­­­նեկան աւան­­­դութիւննե­­­րը պա­­­հել։ Հե­­­տեւա­­­բար որոշ հե­­­ռաւո­­­րու­­­թիւն պա­­­հեցին քա­­­ղաքի յատ­­­կութիւննե­­­րուն հան­­­դէպ։ Յա­­­ջողե­­­ցան եւ իրենց յա­­­ջողու­­­թեան զու­­­գա­­­­­­­հեռ ալ փո­­­խուե­­­ցաւ քա­­­ղաքի աւան­­­դա­­­­­­­կան դի­­­մագի­­­ծը։ 1950-ական տա­­­րեթի­­­ւերու սկզբին հա­­­զիւ թէ մէկ մի­­­լիոնի հաս­­­նող բնակ­­­չութիւ­­­նը այժմ են­­­թադրա­­­բար մօ­­­տեցած է քսան մի­­­լիոնի սահ­­­մաննե­­­րուն։

Քա­­­ղաքը շա­­­րու­­­նակ աճե­­­ցաւ եւ կորսնցուց քա­­­ղաք բա­­­ռի նշա­­­նակած յատ­­­կութիւննե­­­րը։ Այս պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ ալ վեր­­­ջերս կը նկա­­­տուի փա­­­խուստի հո­­­սանք մը։ Մա­­­նաւանդ թո­­­շակա­­­ռու­­­ներ եւ հա­­­մեմա­­­տաբար աւե­­­լի հան­­­գիստ կեան­­­քի պայ­­­մաններ ու­­­նե­­­­­­­ցող­­­ներ փրկու­­­թիւն կը գտնեն աւե­­­լի փոքր քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու մէջ։

Այս բո­­­լորով հան­­­դերձ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րու դէ­­­պի Պո­­­լիս հոս­­­քը։ Երբ տե­­­ղացին օրըս­­­տօ­­­­­­­րէ կը դժո­­­ւարա­­­նայ քա­­­ղաք կո­­­չուած ա՛ս հսկայ խառ­­­նա­­­­­­­րանին մէջ ապ­­­րե­­­­­­­լու, բազ­­­մա­­­­­­­թիւ օտար երկրա­­­ցիներ իրենց կեան­­­քի փրկու­­­թիւնը կը գտնեն Պո­­­լիս գաղ­­­թե­­­­­­­լով։

Ան­­­շուշտ որ մեծ զա­­­նազա­­­նու­­­թիւն մը կը տի­­­րէ այս նոր գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րու ամ­­­բողջին մէջ։ Ոմանք փա­­­խած են իրենց երկրի պա­­­տերազ­­­մի փոր­­­ձանքէն եւ յօ­­­ժարած ամե­­­նածանր գոր­­­ծե­­­­­­­րուն աշ­­­խա­­­­­­­տելու ամե­­­նանո­­­ւազ վար­­­ձատրու­­­թեամբ։ Ոմանք յա­­­ջողած են իրենց գու­­­մարնե­­­րով գա­­­լու եւ նոր գոր­­­ծեր ձեռ­­­նարկե­­­լու մէջ։ Իսկ ոմանց հա­­­մար լոկ հանգրո­­­ւան մըն է Պո­­­լիսը, դէ­­­պի Եւ­­­րո­­­­­­­պա կամ Ամե­­­րիկա գաղ­­­թե­­­­­­­լու ճա­­­նապար­­­հին։

Զար­­­մա­­­­­­­նալիօրէն բայց իրա­­­կանու­­­թեան մէջ բնա­­­կանա­­­բար այս հո­­­սանքն ալ իր դրոշ­­­մը թո­­­ղած է բազ­­­մա­­­­­­­հազար տա­­­րինե­­­րու պատ­­­մութիւն ու­­­նե­­­­­­­ցող Պոլ­­­սոյ վրայ։

Տաս­­­նա­­­­­­­մեակ մը առաջ շատ քի­­­չեր լսած էին «Ֆա­­­լաֆել» արա­­­բական ճա­­­շատե­­­սակը։ Եւ շատ ու շատ աւե­­­լի քի­­­չեր ալ համ­­­տե­­­­­­­սած։ Այ­­­սօր մար­­­դիկ փո­­­ղոց կ՛ել­­­լեն այդ նոր ճանչցած ֆա­­­լաֆե­­­լը ու­­­տե­­­­­­­լու։ Նման օրի­­­նակ­­­ներ կա­­­րելի է բե­­­րել Կեդ­­­րո­­­­­­­նական Ասիոյ եր­­­կիրնե­­­րու, Ափ­­­րի­­­­­­­կէի կամ Հա­­­րաւա­­­յին եւ Հե­­­ռաւոր Ասիոյ խո­­­հանոց­­­նե­­­­­­­րէն։

Կրնանք եզ­­­րա­­­­­­­կաց­­­նել ,թէ Պո­­­լիս ի գին բազ­­­մաբնոյթ շա­­­հագոր­­­ծումնե­­­րու, յօ­­­շոտումնե­­­րու, կը պա­­­հէ իր ձգո­­­ղու­­­թեան ու­­­ժը մարդկու­­­թեան հան­­­դէպ։ Կար­­­դա­­­­­­­րաց­­­նէ մեծ բա­­­նաս­­­տեղծնե­­­րու իր նկատ­­­մամբ ար­­­հա­­­­­­­մար­­­հանքը ու գո­­­վասան­­­քը միահիւ­­­սած ածա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը։

Չէ որ Նա­­­զըմ Հիք­­­մէթ այս քա­­­ղաքը բնու­­­թագրած էր «Քա­­­ռասուն ամու­­­սիննե­­­րու աւել­­­ցուկ չքնաղ կոյս» եւ Եղի­­­շէ Չա­­­րենց ալ «Մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին պոռ­­­նիկ» տո­­ղերով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ