ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ
uygargultekin@agos.com.tr
«Անատոլու Քիւլթիւր» ընկերութեան հիմնադիր, հասարակական կազմակերպութեան գործիչ եւ գործատէր Օսման Քաւալա աւելի քան մէկ տարի է, որ բանտարկուած է։ Քաւալայի իրաւապաշտպանները 31 Հոկտեմբեր չորեքշաբթի օր Թաքսիմ «Հիլլ» հիւրանոցի մէջ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը կազմակերպեցին եւ ներկայացուցին Քաւալայի ազատազրկամ ընդհանուր պատկերը։ Ժողովը սկսաւ Քաւալայի բանտէն ուղարկած պատգամի ընթերցումով։ «Լրացած է Սիլիվրիի արգելանոցի մէջ բանտարկութեան առաջին տարին։ Զիս սահմանադրական համակարգը տապալելու յանցանքով մեղադրողները իւրաքանչիւր օր ալ աւելի կը համոզուին, թէ սխալ է այդ մեղադրանքը։ Սա ինծի համար ուսուցման գործընթացք մըն է, որուն փոխարժէքը կը հատուցեմ ազատազրկութեամբ։ Օր առաջ, նոյնիսկ ժամ առաջ կ՚ուզեմ ընտանիքիս վերադառնալ։ Միւս կողմէ տարիներէ ի վեր պատմած ենք երկար ձերբակալութիւններու անպատեհութեան մասին։ Արդարեւ իմ ներկայ պայմաններուս դրդապատճառն ալ այդ անօրէն ձերբակալման եղանակն է։ Կը յուսամ, որ իմ մատնուած վիճակը առիթ մը կը հանդիսանայ այս անարդարութեան անդրադառնալու համար»։
Առաջին ելոյթ ունեցողը եղաւ իրաւապաշտպան Իլհան Քոյունճու ու յայտնեց թէ չեն կրնար ակնկալութիւն մը ունենալ իրաւաբանութենէ դուրս որեւէ հաստատութենէ։
«Քաւալա երկու մեղադրանքներով ձերբակալուած է։ Անոնցմէ մէկն է սահմանադրական համակարգը տապալել, իսկ միւսն ալ Կառավարութիւնը տապալել փորձել։ Կը պնդեն թէ Քաւալա կապ ունի 15 Յուլիսի ձախողած յեղափոխութիւնը կազմակերպողներու հետ։ Զինք ճանչցողները գիտեն, թէ Քաւալա միշտ եղած է գաղափարի մարդ, որ առաջնակարգ կը համարէ երկխօսութիւնը եւ համաձայնութիւնը։ Ան երբեք ու երբեք չի կրնար կապ ունենալ երկրի օրինական համակարգը բռնի կերպով փոխել ուզող, այս կամ այն խմբակի հետ։ Մանաւանդ պէտք է նշել թէ մեր օրէնքներու մէջ չէ նշուած օտարներու հետ շփման մէջ ըլլալու մասին որեւէ մեղադրանք կամ պատժամիջոց։ Նոյնպէս անիմաստ է Կառավարութիւնը տապալելու մասին առաջ բերուած մեղադրանքը։ Տակաւին Օսման Քաւալան կը մեղադրեն «Կէզի»ի դիմադրութեան օրերուն ցուցարարները ֆինանսաւորելու մեղադրանքով։ Սակայն այս պնդումն ալ զուրկ է որեւէ փաստէ։ Մեղադրողները ոչ մէկ փաստ կը ներկայացնեն այս պնդումները համոզիչ դարձնելու համար։ Մինչեւ օրս բազմաթիւ դատավարութիւններ տեղի ունեցան «Կէզի»ի դէպքերու առումով։ Այդ դատավարութիւններու ընթացքին տող մը իսկ չէ անցած այդ բողոքի շարժումին Կառավարութիւնը տապալելու միտուած ըլլալու մասին։ Օսման Քաւալա ո՛չ փաստերը քօղարկելու, ո՛չ ալ փախչելու հաւանականութիւնը ունի։ Ուրեմն պիտի հարցնենք՝ եթէ իր մասին այսքան ծանր մեղադրանքներ կը կասկածիք ինչո՞ւ համար տարիէ մը ի վեր ամբաստանագիր մը չէք պատրաստած»։
Իրաւապաշտպան Տենիզ Թոլկա Այթիւրքն ալ անդրադարձաւ ազատ արձակման պահանջումին։ «Մեզմէ քօղարկուած բազմաթիւ տեղեկութիւններ կը փոխանցուին մետեային։ Կը դժուարանանք այս անկարգութիւնները հասկնալու մէջ։ Երբ մենք դիմենք կը մերժեն ըսելով, թէ թղթածրարի վրայ գաղտնապահութիւն վճռուած է։ Բայց անհասկնալի կերպով այդ գաղտնի տեղեկութիւնները կը փոխանցուին կարգ մը մամուլի գործակալութիւններուն։ Մենք երկար ժամանակ լուռ մնացինք այս անկարգութիւններուն դիմաց, միշտ յուսալով թէ 15 Յուլիսի առթիւ հռչանկուած արտակարգ իրավիճակը վերջ ի վերջոյ պիտի վերանայ եւ պիտի վերադառնանք օրէնքի բնականոն գործադրման։ Քաւալայի ազատ արձակման համար բազմաթիւ աղերսագիրեր յանձնած ենք ու սպասած ենք, որ այդ աղերսագիրերը նկատի առնուին։ Իսկ յետոյ զարմանալով տեսանք, որ առանց մեր ներկայութեան, առանց մեզ լսելու նիստ գումարած եւ մերժած են մեր դիմումները։ Օսման Քաւալա ձերբակալութեան որոշումի կայացած 1 Նոյեմբերէն այս կողմ չէ ներկայացած որեւէ դատաւորի։ Նոյնիսկ յանցագործութիւնը կատարող դատախազը կարիք չէ զգացած զինք լսելու»։
Իրաւապաշտպան Քէօքսալ Պայրաքթար ալ օրինակներով պարզեց թէ ինչպէս ոտնակոխուած է, թէ սահմանադրութիւնը եւ թէ Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու ատեանի սկզբունքները։ «Քաւալա անսովոր կերպով ինքնաթիռէն իջնելու պահուն բերման ենթարկուեցաւ եւ 13 օր անց առանց դատախազի մը կողմէ հարցաքննուելու ձերբակալուեցաւ։ Բերման ենթարկուելու գործընթացը ամբողջովին հակառակ է ընդունուած համաշխարհային կանոններու։ Ամենացաւալին այն է, որ իր դէմ ոչ մէկ փաստ կրցած են ներկայացնել, բայց կը յամառին զինք պատանդի պայմաններով ձերբակալուած պահելու։ Թուրքիոյ իրաւական համակարգը մեր արդար պահանջներուն դիմաց ոչ մէկ լուծում կրցաւ գոյացնել։ Այս պայմաններու մէջ անհրաժեշտութիւն դարձած է ԵՄԻԱ-ի ատեանին դիմել։ ԵՄԻԱ մինչեւ 10 Յունուար 2019 պատասխան մը կը սպասէ Կառավարութենէն։ Քաւալայի դէմ գործադրուածը տանջանք մըն է։ Տանջանքը ոչ միայն ծեծով, բռնութեամբ է որ կը գործադրուի, այստեղ կատարուածն ալ բառին բուն իմաստով տանջանք մըն է»։