Տօն Խաչի գիւտի

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Խաչի գիւտի տօնը Ս. Խա­­­չին նո­­­ւիրո­­­ւած չորս տօ­­­ներէն մինն է։ Ըստ աւան­­­դութեան՝ Քրիս­­­տո­­­­­­­սի խա­­­չելու­­­թիւնից յե­­­տոյ նրա խա­­­չափայ­­­տը մո­­­ռացու­­­թեան կը մատ­­­նո­­­­­­­ւի՝ անխնամ մնա­­­լով գետ­­­նին՝ եր­­­կու աւա­­­զակ­­­նե­­­­­­­րի խա­­­չափայ­­­տե­­­­­­­րի հետ միասին։

Կանցնեն տա­­­րիներ եւ գար­­­նա­­­­­­­նային մի օր, երբ մա­­­նուկնե­­­րը կը խա­­­ղային խա­­­չափայ­­­տի գտնո­­­ւելու վայ­­­րում, կաղ տղա­­­յի մը ոտ­­­քը կը դպչի Քրիս­­­տո­­­­­­­սի խա­­­չին։ Կաղ տղան ան­­­մի­­­­­­­ջապէս կ՚ապա­­­քինո­­­ւի, եւ լու­­­րը արա­­­գօրէն կը տա­­­րածո­­­ւի, եւ կոյ­­­րե­­­­­­­րը, բո­­­րոտ­­­նե­­­­­­­րը, կա­­­ղերը կը բժշկո­­­ւին խա­­­չափայ­­­տի զօ­­­րու­­­թեամբ։

Սա իմա­­­նալով՝ Յա­­­կոբոս Տեառ­­­նեղբայ­­­րը ի պահ կը վերցնէ խա­­­չափայ­­­տը։ Բայց հրեանե­­­րը նա­­­խան­­­ձով լցո­­­ւելով՝ Յա­­­կոբո­­­սից կը խլեն խա­­­չափայ­­­տը՝ այն դնե­­­լով Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի տա­­­ճարի Գե­­­ղեցիկ կո­­­չուող դրան մօտ։

Գե­­­ղեցիկ դրան մօտ մի ան­­­դա­­­­­­­մալոյծ կը նստէր, ողոր­­­մութիւն կը մու­­­րար։ Ահա նա էլ խա­­­չի զօ­­­րու­­­թեամբ կ՚ապա­­­քինուի։ Ապա բո­­­րոտ մը կը բժշկո­­­ւի… Սա տես­­­նե­­­­­­­լով՝ հրեանե­­­րը Խա­­­չը կը տա­­­նեն եւ Քրիս­­­տո­­­­­­­սի գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նի մէջ կը տե­­­ղադ­­­րեն, ապա վէ­­­մով կը փա­­­կեն մուտքը։

Բայց ահա վ­­էմի ճեղ­­­քե­­­­­­­րէն կե­­­նարար լոյս կը ճա­­­ռագի՝ բժշկե­­­լով հի­­­ւանդնե­­­րին։ Հրեանե­­­րը գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նի մուտքի մօտ Ափ­­­րո­­­­­­­դիտէ դի­­­ցու­­­հու ար­­­ձա­­­­­­­նը կը կանգնեց­­­նեն, որ­­­պէսզի մար­­­դիկ մտա­­­ծեն, թէ նա է իրենց բժշկո­­­ղը։

Այդ մի­­­ջոցին Կղաւ­­­դիոս կայ­­­սեր կի­­­նը՝ Պատ­­­րո­­­­­­­նիկէն, քրիս­­­տո­­­­­­­նէու­­­թիւն կ՚ըն­­­դունի եւ կու գայ Երու­­­սա­­­­­­­ղէմ՝ երկրպա­­­գելու տէ­­­րու­­­նա­­­­­­­կան վայ­­­րե­­­­­­­րը։ Յա­­­կոբոս Տեառ­­­նեղբօր հետ նա կ՚այ­­­ցե­­­­­­­լի Քրիս­­­տո­­­­­­­սի գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նը, ուր կը գտնի Ս. Խա­­­չը եր­­­կու աւա­­­զակ­­­նե­­­­­­­րի խա­­­չափայ­­­տե­­­­­­­րի հետ միասին։

Երբ նրանք մուտք կը գոր­­­ծեն գե­­­րեզ­­­ման, Պատ­­­րո­­­­­­­նիկէի դուստրը յան­­­կարծա­­­մահ կ՚ըլ­­­լայ։ Նրա մար­­­մի­­­­­­­նը կը դնեն խա­­­չափայ­­­տե­­­­­­­րի վրայ, եւ Քրիս­­­տո­­­­­­­սի խա­­­չափայ­­­տին դիպ­­­չե­­­­­­­լուց՝ Պատ­­­րո­­­­­­­նիկէի դուստրը յա­­­րու­­­թիւն կ՚առ­­­նի։ Այդպէս նրանք երեք խա­­­չափայ­­­տե­­­­­­­րի մէ­­­ջէն կ՚առանձնաց­­­նեն Քրիս­­­տո­­­­­­­սի Խա­­­չը եւ այն կը յանձնեն Յա­­­կոբոս Տեառ­­­նեղբօ­­­րը, ով ամէն տա­­­րի Ծաղ­­­կա­­­­­­­զար­­­դի տօ­­­նէն սկսեալ մինչ Սեպ­­­տեմբե­­­րի14-ը այն դուրս կը բե­­­րէր եւ վեր բարձրաց­­­նե­­­­­­­լով կը գո­­­վաբա­­­ներ. «Խա­­­չի քո Քրիս­­­տոս եր­­­կրպա­­­գանեմք…» ։

Յա­­­կոբոս Տեառ­­­նեղբայ­­­րը նաեւ խա­­­չափայ­­­տէն մա­­­սունք կու տայ Պատ­­­րո­­­­­­­նիկէին, ով այն իր հետ կը տա­­­նի Հռոմ։ Այս սուրբ մա­­­սունքը սերնդէ սե­­­րունդ փո­­­խան­­­ցո­­­­­­­ւելով՝ կը հաս­­­նի Հռիփ­­­սի­­­­­­­մէ կոյ­­­սին, ով այն յե­­­տագա­­­յում իր հետ կը բե­­­րէ Հա­­­յաս­­­տան եւ կ՚ամ­­­փո­­­­­­­փէ այն Վա­­­րագայ լե­­­րան գա­­­գաթին՝ որ­­­պէս մեծ պար­­­գեւ թող­­­նե­­­­­­­լով այն Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նին։ Այս պատ­­­մութեանը պէտք է որ ծա­­­նօթ ըլ­­­լանք Վա­­­րագայ սուրբ Խա­­­չի տօ­­­նէն։

Դառ­­­նանք, սա­­­կայն, Յա­­­կոբոս Տեառ­­­նեղբօ­­­րը։ Երբ Կլաւ­­­դիոս կայսրը կը վախ­­­ճա­­­­­­­նուի եւ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը կ՚անցնի Նե­­­րոնի ձեռ­­­քը, հրեանե­­­րը սպան­­­նել կու տան Յա­­­կոբո­­­սին եւ խա­­­չափայ­­­տը կը տա­­­նեն Գող­­­գո­­­­­­­թայի վրայ ամ­­­փո­­­­­­­փելու՝ այնտեղ խոր փոս կը փո­­­րեն եւ երեք խա­­­չափայ­­­տե­­­­­­­րը կը թա­­­ղեն այնտեղ։ Ապա այդ վայ­­­րը մեծ աղ­­­բա­­­­­­­նոցի կը վե­­­րածեն։

Կ՚անցնեն շուրջ երեք հա­­­րիւր տա­­­րիներ, մինչ խա­­­չափայ­­­տը նո­­­րէն կը գտնո­­­ւի։ Հռո­­­մի կայսր կը կար­­­գո­­­­­­­ւի Կոս­­­տանդիանոս բա­­­րեպաշ­­­տը, ում մայ­­­րը՝ Հե­­­ղինէ թա­­­գու­­­հին տե­­­սիլք կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայ՝ գնալ Երու­­­սա­­­­­­­ղէմ եւ գտնել Քրիս­­­տո­­­­­­­սի խա­­­չը։

Գա­­­լով Երու­­­սա­­­­­­­ղէմ՝ նա Հուդ անու­­­նով հրեայի մը մի­­­ջոցով կը գտնէ խա­­­չափայ­­­տե­­­­­­­րը եւ Պի­­­ղատո­­­սի ձեռ­­­քով գրո­­­ւած եռա­­­լեզու տախ­­­տա­­­­­­­կը։ Այս ան­­­գամ նոյնպէս մա­­­հացա­­­ծի մար­­­մի­­­­­­­նը հեր­­­թով կը դնեն խա­­­չափայ­­­տե­­­­­­­րի վրայ եւ երբ դրանցմէ մէ­­­կին դիպ­­­չե­­­­­­­լով՝ յա­­­րու­­­թիւն կ՚առ­­­նէ, կը հասկնան, որ այդ է Քրիս­­­տո­­­­­­­սի Խա­­­չը։ Խա­­­չի մի­­­ջոցով կը բժշկուի նաեւ մա­­­համերձ մի կին։

Այս ամէ­­­նը տես­­­նե­­­­­­­լով՝ շա­­­տերը քրիս­­­տո­­­­­­­նէու­­­թիւն կ՚ըն­­­դունին, այդ թո­­­ւին եւ հրեայ Հու­­­դան, ով այ­­­սուհետ կը կո­­­չուի Կիւ­­­րեղ, եպիս­­­կո­­­­­­­պոս կ՚ըլ­­­լայ, ապա կը մար­­­տիրոսանայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ