Չե՛նք արտօներ որ մոռացութեան մատնուի

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի լրագրող Տենիզ Եիւճելի ազատութեան համար տարած բուռն պայքարէն ետք, Միացեալ նահանգներու իշխանութեան բանեցուցած ծանր ճնշումներով ալ ազատ արձակուեցաւ պատուելի Պրանսըն։ Այս զարգացումները անգամ մը եւս ուշադրութեան առարկայ դարձուց Օսման Քաւալայի բանտարկութեան պայմանները, քանի որ ան իբրեւ Թուրքիոյ քաղաքացի զուրկ էր նման զօրակցութիւններէ եւ այս պայմաններուն տակ ալ լրացուցած եղաւ բանտարկութեան առաջին տարին։

Լման տարի մըն է, որ ան ենթարկուած է ծանր մեղադրանքի, բայց իր դէմ յարուցուած մեղադրանքները չեն կրցած հիմնաւորուիլ օրինական ամբաստանագրի մը ձեւով։ Արդարեւ մեզ կը վիճակի գոյացած ամէն առիթով հասարակութեան յիշեցնել այս անարդարութիւնը եւ այդպէսով զօրակցիլ մեր բարեկամ Օսման Քաւալային։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ