ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
«Իսթանպուլի աչքը»։ Այսպէս կը կոչէին լուսանկարի մեծ վարպետ Արա Կիւլէրը։ Այսօր Իսթանպուլ քաղաքը արտակարգօրէն շատ աչքերով կը նայի մեզի։ Օրն ի բուն բազմահազար աչքեր քաղաքի ամէն անկիւնին տեղադրուած տեսախցիկներով կը հսկեն մեր բոլոր ապրումները։ Այդ տեսախցիկներն ալ Արա Կիւլէրի ոսպնեակին նման ուղղուած են մարդուն։ Անվտանգութեան ծառայութեան տեսախցիկներու կողքին, երթեւեկութեան տեսախցիկները, փարթամ շէնքերու, առեւտուրի կեդրոններու, խանութներու, հասարակապատկան փոխադրամիջոցներու, ներսը-դուրսը դիտող հազարաւոր աչքերով շրջապատուած ենք։ Նոյնիսկ գետնին տակը մեթրոյի կայարանները եւս օժտուած են տեսախցիկներով։ Այդքան շատ տեսախցիկներու կողմէ հսկուելու պատճառաբանութիւնը իշխանութիւնները կը բացատրեն մեր ապահովութեամբ։ Պետութեան մեր վրայ հսկելու ցանկութիւնը չի գոհանար այս հազարաւոր տեսախցիկներով եւ կ՚ուզէ աւելին իմանալ։ Ներկայ դրութեան մէջ կարելի չէ կրպակէ մը տոմսակ առնելով նաւու, գնացքի կամ հանրաշարժի դրութեամբ քաղաքէ մը քաղաք ճամբորդելը։ Պարտաւոր ենք համացանցի միջոցաւ տոմսակ վերցնելու եւ այդ պահուն ալ ահագին լրացուցիչ տեղեկութիւն փոխանցելու։ Այս բոլորն ալ կը ներկայացուին մեր անվտանգութեան պատրուակով։
Այս բազմահազար աչքերու առկայութեան պարագային իսկ Արա Կիւլէրի մահէն ետք, երբ կը լսենք. «Փակուեցաւ Իսթանպուլի աչքը» խօսքը, ուրեմն ստիպուած ենք այդ խօսքին ետին թաքնուած տրամաբանութիւնը հեսկնալու։
Այդ տրամաբանութիւնը մեզի կը ներկայացնէ ոստիկանական ծառայութեան տեսախցիկներու եւ Արա Կիւլէրի ոսպնեակին տարբերութիւնը։ Անվտանգութեան ծառայութեան տեսախցիկները կամ մարդկանց դէմքերուն, կամ ալ երթեւեկող ինքնաշարժներու համարանիշերուն ուղղուած է։ Մինչդեռ Կիւլէրի ոսպնեակը ուղղուած է կեանքին, քաղաքի առօրեային, քաղաքացիի կենցաղին։ Այդ իսկ պատճառաւ Արա Կիւլէրի առած նկարները իրենց մէջ պատմութիւն մը կը պարունակեն։ Նոյնիսկ բազում պատմութիւններ, քանի որ այդ նկարները դիտող իւրաքանչիւրը իր երեւակայութեան մէջ պիտի տեսնէ տարբեր պատմութիւն մը։ Կեանքի 90 տարիներուն 70-ի ընթացքին Պոլիսը նկարեց Արա Կիւլէր։ Իր ժամանակին վկայութիւն բերող աչք մըն է, որ փակուեցաւ նախորդ չորեքշաբթի։ Իսկ այս քաղաքի, այս երկրի մտայնութիւնը բնաւ չուշացաւ այդ վաստակը մեղադրելու պատճառներ գտնելու մէջ։ Արա Կիւլէր կարգ մը գրիչներու կողմէ հալածուեցաւ միայն ու միայն նախագահ Էրտողանը նկարած ըլլալուն համար։ Թուրքիոյ բեւեռացած քաղաքական դաշտին մէջ այդքան ալ զարմանալի չէ այս հալածանքը։ Ճիշդ է, որ իր ապրած քաղաքին ականատես եղած անձեր կրնան մեղադրուիլ իրենց անտեսածներուն պատճառաւ։ Կրնանք հարցնել, թէ Հրանդ Տինքի կամ Պերքին Էլվանի թաղումներուն, երբ այս քաղաքը իր պատմական օրերէն մէկը կ՚ապրէր Արա Կիւլէր ի՞նչու հեռու մնացած էր այդ պահը ձերբակալելու իր առաքելութենէն։ Շաբաթօրեայ մայրերը 700 շաբաթներ իրենց կորուստները սգալու համար մէկտեղուեցան ճիշդ ալ այս մեծ լուսանկարչի աշխատանոցին առջեւ։ Կիւլէր արդեօք մէկ անգամ իսկ փորձե՞ց իրենք նկարել։ Նման հարցումները կրնանք ուղղել իր նման մեծութիւն դարձած բոլոր վարպետներուն։ Արդարեւ մարդիկ հարցուցած են ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, թէ Նազըմ Հիքմեթ կամ այլ բազմաթիւ թուրք վիպագիրներ չեն անդրադարձած Հայոց ցեղասպանութեան։ Այս հարցումները բնական են, բայց ոչ արդար։ Չենք կրնար պահանջել մեր բոլոր ակնկալութիւններուն գոհացում ստանալ, որեւէ մէկէ։
Արա Կիւլէր կատարեց իր պարտականութիւնը, ետին թողելով միլիոնով հաշուած լուսանկարներ։ Այդ լուսանկարները պիտի գերազանցեն իր ու մեր ապրած ժամանակները եւ մաս պիտի կազմեն համաշխարհային պատմութեան։ Այսքանը բաւարար է, որ մենք յարգանքով ու երախտիքով խոնարհինք իր վաստակին ու յիշատակին առջեւ։