Դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական միակ կապն է Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան սահմանումով Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը։ Կազմակերպութիւնը կը ներկայացնէ Արսէն Աւագեան, իր կողքին ունենալով տեղակալ տիար Իկոր Մարտիրոսեանը։ Արդարեւ Աւագեան եւ Մարտիրոսեան անցնող ժամանակի ընթացքին յաջողած են քաղաքի հայութեան հետ շատ սերտ կապեր հաստատել եւ անոնց համար, (հոգ չէ թէ ոչ պաշտօնական) դառնալ Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացուցչութիւն։ Սակայն դիւանագիտական կարգով նման աշխատութիւններ կը պահանջեն, որոշ հերթափոխութիւն։ Այդ հիման վրայ պարոն Մարտիրոսեան բոլորած է այս քաղաքին մէջ իր պաշտօնավարութեան շրջանը եւ այժմ կը պատրաստուի մեկնիլ Հայաստան, իր աշխատութիւնը շարունակելու համար ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան կազմին մէջ։
Այս առթիւ պարոն Իկոր Մարտիրոսեան փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ «Ակօս»ի խմբագրութիւն, ուր առիթ ունեցանք յառաջիկայ աշխատանքներուն մէջ յաջողութիւն մաղթել իրեն, որպէս արդէն իսկ հարազատ բարեկամ։