ՎԻԳԷՆ ՉԸԹԸՐԵԱՆ
Բազմաթիւ պետութիւններ կան որոնց սահմանները ճշդուած են քանակով։ Օտարերկրեայ դիւանագէտներ, կեղեքիչ գերտէրութիւններու վարիչներ հեռուէն գծած են պատմութեան արկածներուն հետեւանքով անկախացած այդ պետութիւններուն սահմանները։ Այս տեսակի պետութիւնները սակայն, պատմութեան բերումով գոյացած տուեալ երկրի մէջ ազգ մը կազմելու դժուարութիւնը կ՚ապրին։ Անոնցմէ ոմանք իրենց հպատակները տակաւին ազգային դիմագիծ մը իսկ չունեցած, կը դիմեն մարդասպանութեան, տեղի տալով անձնասպանութեան համազօր քաղաքացիական պատերազմներու։
28 Մայիս 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը բոլորովին կը տարբերի այս օրինակներէն։ Այստեղ ոչ թէ պետութիւն մը իր բնակիչներէն ազգ կազմելու կը ջանայ, այլ գոյութիւնը վտանգուած ազգը ճարահատութեան պայմաններու տակ կը դիմէ վերջին միջոցին։ Հակառակ ընդունելութիւն գտած համոզումներուն, թէ Օսմանեան եւ թէ Ռոմանովներու կայսրութիւններու հայ ազգային շարժումը բարեփոխութիւն կը պահանջէր, այլ ոչ թէ անկախութիւն։ Հայ ազգի պատմութիւնը շատ աւելի հին է քան այս յօդուածին նիւթ դարձած պետութիւնը։
Լաւ չէ ուսումնասիրուած Հայաստանի Ա. հանրապետութեան (1918-1920) պատմութիւնը։ Պաղ պատերազմի տարիներուն հայ հասարակութեան մէջ բեւեռացած էին հանրապետութիւնը ու անկախութիւնը փառաբանողները եւ խորհրդային իշխանութիւններու դիրքորոշումը պատճառաբանելով երկուքն ալ վանողները։ Խորհրդային Միութեան տարանջատումէն ետք այդ բեւեռացումը որոշ չափով յաղթահարուած է թէեւ, սակայն մինչեւ օրս կը շարունակուի առաջին հանրապետութեան խնդրին առումով կուտակուած դժգոհութիւնը։ Նէօլիպերալ գաղափարախօսութենէ տարուած այժմու Վրաստանի քաղաքական տեսութիւնը եւ վրաց մենշեւիկներու իշխած հանրապետութիւնը, Ատրպէյճանի այժմու գահաժառանգական համակարգը եւ «Մուսաւաթ» կուսակցութեան իշխած Ատրպէյճանի առաջին հանրապետութեան միջեւ եւս բարդ յարաբերութիւններ եղած են։ Ռուսական օրինակն ալ նմանութիւններ ունի։ Յեղափոխութեան հարիւրամեակին Փութինի վարչութեան պահպանողական տարրերը խիստ անհանգստացած էին ռուսական յեղափոխութեան պատգամներէն։ Անցեալի բեւեռացումը եւ ներկայի անուշադրութիւնը կը դժուարացնեն հայոց ԺԹ դարու պատմութեան ընկալումը։ Ընկալումի այս բացակայութեան հետեւանքով իմաստ կը կորսնցնեն բարեփոխութիւն, յեղափոխութիւն, անկախութիւն, ազգ եւ պետութիւն եզրերը։
Եկեղեցւոյ ուժը
ԺԴ դարէն սկսեալ հայոց մեծագոյն քաղաքական կառոյցը եկեղեցին է։ Կոստանդնուպոլսոյ Մեհմէտ Բ-ի կողմէ նուաճուիլը, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի հիմնադրումը, 1461-ին Յովակիմ արքեպիսկոպոսի աւանդութիւններու բերումով «ազգապետ» կարգուիլը Օսմանեան կայսրութեան մէջ նոր շրջանի մը մեկնակէտն էր։ Նման երեւոյթ կը տիրէ Պարսկաստանի հայ ժողովուրդին համար։ Հոն ալ Պետրոս մեծը 1716-ին Մինաս արքեպիսկոպոս Տիգրանեանը կ՚ընդունի իբրեւ համայն ռուսահայոց հոգեւոր առաջնորդ։
Դիտելով հայոց ԺԹ դարու սկիզբներու քաղաքական օրակարգը, կը տեսնենք թէ գլխաւոր խնդիրը Հայ առաքելական եկեղեցիէն բաժանուելով 1831-ին Յակոբ Չուքուրեանի գլխաւորութեամբ կաթողիկէ ազգ եւ 1847-ին ափ բողոքական ազգ ըլլալով ներկայացող միջդաւանանքային պառակտումներն են։ Այս օրակարգին վրայ կ՚աւելնայ նաեւ Օսմանեան համակարգին մատնուած ճգնաժամը, Արեւմտեան երկիրներէ եկած քարոզիչներուն հետզհետէ զգալի դարձող ազդեցութիւնը, կրօնական-աշխարհական ինքնութեան հակասութիւնները։ Այս բոլորը միասնաբար կ՚ապացուցեն հայոց միջեւ քաղաքական աշխուժութեան բարձրացումը։ Այս երեւոյթը ա՛լ աւելի յստակացաւ Ապտուլմեճիտ Ա-ի կայսրութիւնը արեւմտականացնելու, կրօնական համայնքներէ Օսմանեան քաղաքացիներ կազմելու շրջանին։ Այդ ծիրէն ներս 1839-ին հռչակուեցաւ բարեփոխումներ (Թանզիմաթ), որոնք կը թելադրէին կրթութեան, հարկահաւաքման եւ ներկայացուցչական ոլորտներէ ներս իշխանութեան պայքար։ Այդ պայքարի հետեւանքով 1860-ին կը ձեւաւորուի հայոց ազգային խորհրդարանը եւ սահմանադրութիւնը, որ 1863-ին պիտի վաւերացուէր Ապտուլազիզ կայսրին կողմէ։
1863-ի սահմանադրութիւնը
Օսմանեան կայսրութենէն 16 տարի առաջ իր ուրոյն սահմանադրութիւնը հաստատելով հայերը ապացուցած կ՚ըլլան նաեւ ազգին ընկերային մակարդակը։ Քաղաքներու մէջ ուշագրաւ ներկայութիւնը, բարձր ուսման, գրատպութեան եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու հասանելիութիւնը հայերը բնորոշող յատկութիւններ եղան։ Հայեր օսմանեան կայսրութեան ճարտարագիտութեան, առեւտուրի եւ տնտեսագիտութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունեցան։ Զարմանալի չէ որ հայը իր համայնքային վարչամեքենայի արդիականացումէն աւելի քաղաքական դեր ստանձնած է երկրի բարեփոխման եւ Օսմանեան սահմանադրական շարժումին մէջ։ Իրաւաբան Գրիգոր Օտեան այս առումով լաւ օրինակ մըն է, քանի որ մեծ ներդրում ունեցած է ե՛ւ հայոց եւ թէ՛ օսմանեան սահմանադրութեան պատրաստութեան գործին։ Նոյնիսկ հայ առաքելական եկեղեցին, յատկապէս Մկրտիչ Խրիմեանի պատրիարքութեան շրջանին մասնակցած է բարեփոխման աշխատութիւններուն։
Բարեփոխութիւն փոխան
անկախութեան
ԺԹ դարու վերջերուն եւ Ի դարու սկզբին Օսմանեան կայսրութեան հայերու մօտ նկատուած քաղաքական աշխուժութիւնը բարեփոխումներու (Թանզիմաթ) հետեւանքն էր եւ կը միտեր Օսմանեան կրօնական համայնքներու միջեւ հաւասարութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը ապահովելու։ Քաղաքական գետնի վրայ ազդեցիկ հայերու մեծամասնութիւնը, մինչեւ շատ ուշ ժամանակներ իբրեւ այլընտրանք մերժած են անկախ Հայաստանի հիմնադրութիւնը։ Զիրենք դիտած են իբրեւ օսմանեան ամբողջական քաղաքական յեղափոխութեան տարրեր։ Հայոց արդի կուսակցութիւնները՝ 1887-ին Ժընեւի մէջ հիմնուած ՍԴՀԿ եւ 1890-ին Թիֆլիսի մէջ հիմնուած ՀՅԴ եւս բարեփոխութիւն կը պահանջէին փոխանակ անկախութեան։ Թէեւ Հնչակներ անկախութեան կոչ կատարած էին բայց իրենց ձայնը աւելի նուազ լսելի էր բաղդատմամբ Դաշնակցութեան։ Այս ռազմավարութիւնը ունէր իր յստակ պատճառները։ Կայսրութեան պալքանեան նահանգներու յոյն, սերպ, ռումինացի եւ պուլղար բնակչութենէն տարբերուելով հայ բնակչութիւնը բաժանուած էր օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութիւններու միջեւ։ Երկու կայսրութիւններու տարածքին երկուական միլիոն հայեր կ՚ապրէին։ Ռուսահայերու 1,7 միլիոնը կ՚ապրէր կովկասներու մէջ։ Այս պայմաններու մէջ պալքանեան երկիրներէ ներս անկախութեան շարժումները խրախուսող Ռուսաստան նոյնը չէր ըներ հայոց համար։ Աւելին՝ օսմանեան երկրի հայոց հազիւ կէսը կ՚ապրէր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, իսկ մնացեալը Զմիւռնիոյ, Պոլսոյ նման մեծ քաղաքներ։ Կայսրութեան արեւմտեան շրջաններուն բնակող հայ քաղքենիները ոգեւորուած չէին անկախ Հայաստանի խորհուրդէն։ Իրենց համար համար աւելի կարեւոր էր կայսրութեան մէջ քաղաքական իրաւունքները երաշխաւորող բարեփոխութիւնները։
Բարեփոխութիւններու երկրորդը
եւ հետեւանքները
1908-ին երիտթուրքերու յեղափոխութիւնով հայեր կրօնական համայնք համարուելու փոխարէն վերածուեցան ազգի։ Իթթիհատական առաջնորդներ այլեւս պատրիարքի փոխարէն խօսակից կ՚ընդունէին ՀՅԴ-ն։ Երկու կուսակցութիւններու երկխօսութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ 1913։ Կողմերը զիրար լաւ կը ճանչնային։ Հետեւաբար Ա. Աշխարհամարտին հայոց բնաջնջման ետին ոչ թէ անկախ Հայաստանի մը յայտնութիւնը կանխել, այլ օսմանեան գործիչներուն բարեփոխումներէ, օրէնքի գերակայութենէ եւ հաւասարութենէ խուսափած մէկ շրջանին այդ սկզբունքներուն ջատագովներուն ոչնչացնելու նպատակը կար։
Նախընտրութիւնը դաշնակցութիւն է
1917-ի պոլշեւիկեան յեղափոխութենէ ետք ալ հայոց քաղաքական առաջնորդները չէին նախընտրած անկախութիւնը։ Իր հայ, ասորի եւ յոյն քաղաքացիներուն ցեղասպանութիւն գործադրած օսմանեան բանակին դէմ միակ երաշխիքը կը տեսնէին ռուսական բանակը։ Նոյնիսկ Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէ ետք Լենինի ռուսաց բանակը ետ քաշելէն վերջ իսկ հայեր նախընտրեցին վրացիներու, ատրպէյճանցիներու հետ միատեղ մասնակցիլ Համակովկասեան դաշնութեան։ Հայաստան հազիւ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի անկախացումէն ետք, յառաջացող թրքական բանակը Երեւանի մօտակայքը զսպելով 28 Մայիսին յայտարարեց իր անկախութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան իբրեւ անկախ պետութիւն հիմնադրութիւնը բազմադարեան անցեալ ունեցող ժողովուրդի մը իր գոյութիւնը պահելու համար դիմած վերջին ջանքն էր։ Համաշխարհային պատմութեան այս նուազ ծանօթ հատուածը, իրականութեան մէջ համաշխարհային պատերազմի սարսափին, արհաւիրքին, կոտորածներուն, աքսորներուն ընդմէջէն ծիլ արձակած հերոսապատում մըն է եւ արժանի է աւելի ծաւալուն ուշադրութեան։