ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Հայոց բանահիւսութեան մէջ շատ կան աւանդազրոյցներ այս եւ այն սրբերի մասին։ Ահա այս անգամ կ՚ուզենք պատմել Հին Կտակարանէն յայտնի Աբրահամի մասին եղած հայերի աւանդութիւններէն մինը։
Հայր Աբրահամը ժամանակին հովիւ մը ունէր, աս հովիւն ալ երեք հատ հաց ունէր։ Օրին մէկը սարի լանջին հովուութիւն ընելիս անօթի կ՚ըլլայ։ Կ՚ուզէ իր պաշարէն հաց մը ուտել, ամմա կը խորհի, որ մենակ ուտելը աղէկ բան մը չէ՝ «թող մարդ մը գայ, իր հետ կիսեմ» ըսելով՝ կը սպասէ։
Քիչ անց մարդ մը կու գայ, հովիւը հացին մէկը անոր կու տայ, բայց այս մարդը հացը կը վերցնէ եւ կը հեռանայ։ Քիչ մը յետոյ մէկն ալ կը մօտենայ, բայց նորէն հովուի հետ չի նստեր հաց կիսելու։
Հովուի մօտ կը մնայ վերջին հացը, եւ, այնուամենայնիւ, նա չէր ուզեր միայնակ հաց ուտել։ Միտք կ՚առնէ՝ թէ մինն ալ գայ, ինք ոչխարը կթէ, հացն ալ մէջը բրդեն, ուտեն։
Եւ ահա կու գայ երրորդ անցորդը եւ չոպանէն հաց կը խնդրէ։ Մեր հովիւն ալ կ՚ըսէ թէ «նստի՛ր, միասին ուտենք»։
Երբ հիւրը կը նստի հովուի մօտ հաց ուտելու, հովիւը շտապ կը փնտռէ իր լաւ կթուող ոչխարը, բայց չի գտներ։ «Այս մէկը կթի՛ր», - իրենց մօտի ոչխարին նշան ընելով՝ կ՚ըսէ հիւրը։ «Քըսըր է (ամուլ)՝ կաթ չունի», - կը պատասխանէ հովիւը։ «Դուն կթի՛ր, կը տեսնես, որ ունի» - կը յամառի» հիւրը։
Չոպանի խելքը կ՚երթայ, չտեսնուած բան է․ եօթ տարուայ քըսըր ոչխարը կը կթէ, ու այն կաթ կու տայ։ Այսպէս կ՚ուտեն, կը խմեն եւ կուշտ փորով յետ կը նստեն սարալանջին՝ քիչ մը հանգչելու։
Հիւրը չոպանին կ՚ըսէ թէ․«Ինչ որ փափաք ունիս, ըսէ»։ Չոպանն ալ ի պատասխան, թէ «Քեզ ամէն բան յայտնի է»։
Աս խօսքերի վրայ հիւրը կը խաչակնքէ հովուին, եւ նա իսկոյն կը սպիտակէ, ապա կը խաչակնքէ ոչխարներուն, անոնք ալ ճեփ-ճերմակ կ՚ըլլան։
Ահա օր մը Աբրահամը կը յիշէ այս հովուին եւ որոշում կ՚առնէ այցի գնալ նրան։
Բայց Աբրահամը հովուի հետ կատարուածի մասին լուր չէր ունեցած։ Ուստի գալիս իր հովուի մօտով կ՚անցնէ, բայց անոր չճանչնալով՝ կ՚երթայ ուրիշ հովիւներու մօտ։ Ասոնք մատնացոյց կ՚ընեն նրան իր հովուի տեղը, Աբրահամը յետ կու գայ իր հովուի մօտ, բայց նորէն չճանչնալով նրան, կը հարցնէ, թէ արդեօք ան տեսած է իր հովուին։
Հովիւն Աբրահամին կը հարցնէ, թէ արդեօք նա տեսած է իր հովուին, կը ճանաչէ՞։ «Թեւի վրայ նշան մը ունի, որ տեսնեմ, կը ճանչնամ», - կ՚ըսէ Հայր Աբրահամը։ Հովիւն ալ ցոյց կու տայ իր թեւի նշանը եւ կը պատմէ իր յետ եղածը։
Հայր Աբրահամին շատ կը ոգեւորէ պատահածը, եւ նա հովիւին կը ստիպէ թէ «Տու՛ր ինձ այդ շնորհքը»։ Հովիւն ալ կ՚ըսէ թէ ինք իր երեք հացով գտաւ այդ շնորհքը, Հայր Աբրահամը՝ իր այդ հսկայական կարողութիւնով, չի կրնա՞ր գտնել այդ շնորհքը։
Այդպէս Աբրահամը որոշում կ՚առնէ, որ ինքն ալ երթայ սարը եւ մինչեւ իրեն մէկը հիւր չգայ, հաց չուտէ։ Այս լուրը սատանայի ականջին կը հասնէ եւ նա կը հակառակէ Աբրահամին։ Ուղիղ 40 օր ոչ մէկ հիւր չէր գար Աբրահամին։
Աբրահամի կինն ալ ամէն Աստծու օր կը կրկնէր․ «Այ մարդ, հերիք սպասեցիր, հալումաշ եղար, հաց կե՛ր, քաղցած կը մեռնիս»։
40-րդ օրը Հայր Աբրահամը կնոջը կը խնդրէ գնալ տեսնել՝ արդեօք հիւր չի գալիս։ Կինը սարէն կիջնէ եւ ինչ տեսնի՝ մէկը կու գայ, ոչ երկնքէն է, որ գետինքէն։ Ամուսնու մօտ կը շտապէ, իր տեսածը կը պատմէ, Աբրահամն ալ կը պատուիրէ հորթը մորթել, ուտելու բան մը պատրաստել։
Հիւրը կու գայ եւ նրանք միասին հորթի միսը կը ճաշակէն։ Երեկոյեան կովը հանդէն կու գայ, ման կու գայ իր հորթին, բայց չի գտներ ու կը սկսի անդադար բառաչել։ Հիւրը կը հարցնէ պատճառը, Աբրահամն ալ կ՚ըսէ, թէ․ «Տէ՛ր, քեզ յայտնի է»։
Այդ որ կը լսէ, հիւրը, որ հրեշտակ մը եղած է, կը խնդրէ իր մօտ բերել հորթի գլուխը, ոտքերն ու ոսկորները, ապա կը փչէ եւ կը խաչակնքէ դրանք։ Հորթը հոգի ու մարմին կ՚առնէ եւ կովը կու գայ կը գրկէ իր վերակենդանացած հորթուկին։
Ահա այսպիսին է այս աւանդազրոյցը։ Բայց այստեղ ուրիշ բան մը կ՚ուզենք յիշել։
Կը յիշէք հայերու սիրելի ուտելիքներէն «խաշ» կոչուածը, երբ երկա՜ր կը խաշեն կենդանու ոտքերը, գլուխը եւ ոսկորները։ Ահա հնում կենդանուն Աստուածներին զոհելիս, նրա այդ մասերը տաճարի կաթսաներում կը խաշէին ու կը հաւատային թէ այդպիսով այդ արարածը վերակենդանանալու եւ աւելի լաւ կեանք ու շատ ձագուկներ ունենալու շնորհին կ՚արժանանայ։
Այն ալ յաւելենք, որ համշէնցի հայերը կը հաւատային, որ Աբրահամը հորթուկի ոսկորներէն մինը՝ կողոսկրը, մոռցած կ՚ըլլայ գետնի վրայ։ Ետքը երբ կը նկատէ այդ բանը, հրեշտակը այդ ալ կը խաչակնքէ եւ կը պատուիրէ հողի մէջ թաղել այն։ Յաջորդ տարի խաղողի որթ կ՚աճէ այդ ոսկորէն։ Ահա թէ ինչպէս առաջացած է խաղողը։