ՀՐԱՆԴ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան Գերմանիոյ դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պետական պարգեւներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն։
Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին ներդրած նշանակալի աւանդի համար Գերմանիոյ Դաշնութեան Խորհրդարան՝ Պունտեսթակի պատգամաւոր եւ Գերմանիոյ Կանաչներ կուսակցութեան համանախագահ Ճէմ Էօզտեմիրին յանձնուեցաւ Մխիթար Գոշ մետալը։
Մխիթար Գոշի անուամբ մետալը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան կողմէ կը շնորհուի այն անձերուն, ովքեր պետական հասարակական եւ քաղաքական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ դիւանագիտութեան, իրաւագիտութեան ու քաղաքագիտութեան ասպարէզներու մէջ ունեցած են ակնառու ներդրումներ։
Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի Հայաստանեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին նաեւ Մովսէս Խորենացիի մետալը յանձնուեցաւ «Գերմանահայկական ընկերակցութեան» նախագահ Ռաֆֆի Գանդեանին, հայ-գերմանական յարաբերութիւններու առումով իր նշանակալի ներդրման համար։
Արարողութեան ընթացքին ելոյթով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գերմանիոյ դեսպան Աշոտ Սմբատեան եւ իր խօսքի ընթացքին մէջբերեց Ներսէս Շնորհալիի յայտնի միտքը. «Իմաստութիւնը իրերուն բոլոր կողմերէն նայելու արուեստն է»։ Դեսպան Սմբատեանն ընդգծեց, որ մետալ ստացած երկու գործիչներն իրենց անձնական ներդրումով ապացուցեցին, որ մեր օրերուն հանդուրժողականութիւնը եւ խիզախութիւնն առաւել մեծ նշանակութիւն ունին ժողովուրդներու միջեւ փոխըմբռնման հաստատման հարցով, քան ազգայնական կոչերը կամ այլ երկիրներէ մեկուսացումը։
Միջոցառման ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Պունտեսթակի պատգամաւոր Ճէմ Էօզտեմիր եւ ներկաներուն յուշեր փոխանցեց 2015 թուականին Հայաստան կատարած իր այցելութիւնէն։ Իր ելոյթի ընթացքին թերթիս հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքը ոգեկոչող Ճէմ Էօզտեմիր նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին տեղեակ դարձած է Հրանդ Տինքի տարած աշխատանքներուն ծանօթանալով։ Ապա ընդառաջելով Գերշ. Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանի հրաւէրին Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած է տեղւոյն հայկական համայնքին հետ եւ այսպէս սկսած են սերտ յարաբերութիւններ։ Դեսպանատան մէջ կայացած արարողութիւնը կազմակերպողներուն շնորհակալութիւն յայտնող Էօզտեմիր ըսաւ, որ մետալի յանձնումը պատիւ մըն է իրեն համար։
Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Գերշ. Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան, Գերմանիոյ կառավարութեան մի շարք բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Պունտեսթակի պատգամաւորներ, այլ երկիրներու դեսպաններ, լրագրողներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Միջոցառման ընթացքին կատարումներով հանդէս եկան հռչակաւոր տուտուկահար Գէորգ Տապաղեան եւ քամանչահար Յակոբ Խալաթեան։