Մարի Պէյլերեան յիշատակուեցաւ 8 Մարտի ընդառաջ

«Պատմութիւնը չի սիրեր կիներուն»։ Այս խո­րագ­րին ներ­քեւ 4 Մարտ Կի­­րակի երե­­կոյ խե­­ցագործ Գա­­յուշ Չա­­լըք­­ման Կավ­­րի­­­լոֆ բա­­նախօ­­սեց «Իս­­թոս քա­­ֆէ»ի մէջ, նիւթ ու­­նե­­­նալով հայ ֆե­­մինիս­­տա­­­կան շար­­ժումի կա­­րեւոր դէմ­­քե­­­րէն Մա­­րի Պէյ­­լե­­­րեանի կեանքն ու գոր­­ծը։ Բա­­նախօ­­սը նախ անդրա­­դար­­ձաւ Պէյ­­լե­­­րեանի կեն­­սագրու­­թեան մա­­սին գի­­տելիք­­նե­­­րու սա­­կաւու­­թեան։ Այս երե­­ւոյթն էր որ ներշնչում պատ­­ճա­­­ռած էր նաեւ նիւ­­թի խո­­րագ­­րին։ «Իրաւ ալ պատ­­մագրու­­թեան մէջ խիստ սա­­կաւա­­թիւ են կնոչ կեր­­պարնե­­րը եւ մենք անոնց կը հան­­դի­­­պինք միայն այն դէպ­­քե­­­րուն, երբ կի­­նը իջած է տղա­­մար­­դու վե­­րաբե­­րող յա­­տուկ դաշ­­տը։ Ու­­րեմն այդ բա­­ցառու­­թիւննե­­րը ռազ­­մա­­­կան կամ քա­­ղաքա­­կան գետ­­նի վրայ մարտնչող կի­­ներն են, որոնք ար­­ժա­­­նացած են պատ­­միչնե­­րու ու­­շադրու­­թեան»։

Գա­­յուշ Չա­­լըք­­ման Կավ­­րի­­­լոֆ ապա անդրա­­դար­­ձաւ Մա­­րի Պէյ­­լե­­­րեանի կեն­­սագրա­­կան գի­­ծերուն։ Իր­­մէ կ՚իմա­­նանք թէ Պէյ­­լե­­­րեան ծնած է Պոլ­­սոյ Պե­­շիկ­­թաշ թա­­ղը ու յա­­ճախած է Փե­­րայի Սուրբ Եր­­րորդու­­թիւն եկե­­ղեց­­ւոյ շրջա­­փակին գոր­­ծող Նա­­րեկեան դպրո­­ցը։ Տա­­կաւին ու­­սա­­­նողա­­կան տա­­րինե­­րուն յա­­ջողած է ու­­սուցիչ­­նե­­­րու, յատ­­կա­­­պէս ալ Գա­­րեգին Սրուանցտեան­­ցի ու­­շադրու­­թեան ար­­ժա­­­նանա­­լու եւ անոնց թե­­լադ­­րանքով ու­­ղուած է ար­­հեստի ու նաեւ արուես­­տի։

Հայ իրո­­ղու­­թեան մէջ յա­­տուկ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի ԺԹ դա­­րու մտա­­ւորա­­կան զար­­գա­­­ցու­­մը, որ դպրո­­ցաշի­­նու­­թեան ար­­շա­­­ւով յայտնուած է մեր իրո­­ղու­­թեան մէջ։ Գրա­­ճանա­­չու­­թեան աճի զու­­գա­­­հեռ ձե­­ւաւո­­րուած է ար­­դի աշ­­խարհա­­բարը, ծնունդ տա­­լով նոր գրա­­կանու­­թեան մը, որ կու գար ցո­­լաց­­նե­­­լու ժա­­մանա­­կի ոգին։ «Զար­­թօ­­­նքի շրջան» անուանու­­մը տե­­ղին է, քա­­նի ծաղկման այս շրջա­­նը իր անժխտե­­լի ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը ու­­նե­­­ցած է հայ քա­­ղաքա­­կան մտքի զար­­գացման վյրայ։ Ար­­դա­­­րեւ Մա­­րի Պէյ­­լե­­­րեան եւս կը յայտնուի իբ­­րեւ քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչ՝ Սո­­ցիալ Դե­­մոկ­­րատ Հնչա­­կեան Կու­­սակցու­­թեան շար­­քե­­­րուն մէջ։

Բա­­նախօ­­սը ապա ծա­­նօթու­­թիւններ տուաւ Պէյ­­լե­­­րեանի կու­­սակցու­­թեան մէջ տա­­րած աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րուն, «Ար­­տե­­­միս» պար­­բե­­­րակա­­նի մէջ տա­­րած գրա­­կան աշ­­խա­­­տու­­թեան, այդ մի­­ջոցին հայ հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու, յատ­­կա­­­պէս Խրի­­մեան Հայ­­րի­­­կի հետ ծա­­նօթու­­թեան մա­­սին։

Մա­­րի Պէյ­­լե­­­րեանի կեան­­քի ու­­ղին (յա­­ճախ եր­­կար բաց­­թո­­­ղումնե­­րով) իր աւար­­տին կը հաս­­նի տա­­րագ­­րութեան ճա­­նապար­­հին, Եոզ­­ղատ քա­­ղաքի մեր­­ցա­­­կայ տա­­րած­­քի մը վրայ։

8 Մարտ կի­­ներու հա­­մաշ­­խարհա­­յին օրուայ նա­­խօրեակին ու­­սուցո­­ղական առու­­մով խիստ շա­­հեկան բա­­նախօ­­սու­­թիւն մը, որ ար­ժա­նի է այլ վայ­րե­րու մէջ կրկնուելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ