Վերաբացում՝ Սվետի Սթեֆան պուլկարական եկեղեցւոյ

Հայ ճար­տա­րապետ­նե­րու Պոլ­սոյ բա­րեզարդման նուիրած կո­թողա­յին շի­նու­թիւննե­րու իւ­րա­յատուկ նմոյշ մըն է Ոս­կղե­ջիւ­րի ափին գտնուող պուլկա­րական Սվե­տի Սթե­ֆան եկե­ղեցին։ Եկե­ղեցին ժո­ղովուրդի մէջ ծա­նօթ է նաեւ եր­կաթ եկե­ղեցի անուանու­մով, քա­նի որ ան ճար­տա­րապե­տական իւ­րա­յատուկ ոճով մը կա­ռու­ցուած է Աւստրիոյ մէջ ձու­լուած մե­տաղ­նե­րով։ Եկե­ղեցին իր այս պող­պա­տիա շի­նու­թեան պատ­ճա­ռաւ ալ յա­ճախ կը կա­րօտի յա­տուկ խնամ­քի։ Ար­դա­րեւ ան վեր­ջին տա­րինե­րուն ան­գամ մը եւս մատ­նուեցաւ վե­րանո­րոգ­ման շատ լուրջ աշ­խա­տան­քի, որու աւար­տին վե­րագ­տաւ իր նախ­կին չքնաղ երե­ւոյ­թը։ Վե­րանո­րոգու­թեան աշ­խա­տու­թեան աւար­տումէն ետք քա­ղաքիս պուլկար հա­մայնքը մեծ յու­զումով կը պատ­րաստուի վե­րաբաց­ման հան­դի­սաւոր արա­րողու­թեան։ 7 Յու­նուարի բաց­ման արա­րողու­թեան ներ­կայ պի­տի գտնուին նախագահ Էրտողան եւ Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսոֆ։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ