Մամուլի զօրակցութեան համար…

Այս շաբաթ Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող կարգ մը թերթեր իրենց անուան քով կցած են «Լրագրողութիւնը յանցանք չէ» վերտառութիւնը։ Այս ասպարէզի համար հետզհետէ անհրաժեշտութիւն դարձած աղաղակ մը, քանի որ ներկայ դրութեամբ աւելի քան 44 լրագրողներ բանտարկուած են իրենց խմբագրած լուրերուն պատճառաւ։ Նկատի ունենալով որ «Ակօս» իր կարգին այս արշաւը յայտարարող խմբակին մաս կը կազմէ, մենք ալ կու գանք մամուլի ազատութեան համար պայքարող մտաւորականութեան հետ մեր ձայնը միացնելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ