Յուսադրուելով աւելիին

Բագրատ Էսդուգեան

էտք էր կեանքի տարեթիւը կրկնապատկուէր, որ երիտասարդ բանաստեղծուհին հատորի մը մէջ հաւաքուած տեսնէ իր մտքի ու սրտի ցոլքերը հանդիսացող քերթուածները։ Արդարեւ Նուէր Սիլահլը Տատուրեանի նոր լոյս տեսած քերթուածներու հաւաքածոն՝ «Ալեկոծ», կ՚ընդգրկէ երիտասարդական տարիներուն հիւսուած բանաստեղծութիւնները, որոնք առաջին անգամ կարդալով Մխիթարեան Սանուց միութեան «Նոր Սան» պարբերականի էջերուն, մեծ ոգեւորութիւն ապրած էինք նոր սերունդի խոստմնալից բանաստեղծուհիի յայտնութիւնով։ 

Արտակարգօրէն հարազատ ոճ մը որդեգրած էր ան, որու շնորհիւ կու տար տողեր, որոնք ընթեռնելէն ետք ակամայ կը տարուէինք բովանդակութենէն ներշնչուած խորհուրդներու։ Կ՚արժէ նշել որ այդ տարիներուն «Նոր Սան» պարբերականը բացի Նուէր Սիլահլըէ մեզի կ՚աւետէր խումբ մը երիտասարդ յանգաւոր կամ արձակ գրողներու մուտքը մեր գրական անդաստանէն ներս։ Բայց «Նոր Սան»ի խմբագրութիւնը ստանձնած Նորայր Տատուրեան-Նուէր Սիլահլը ամոլի քաղաքէս հեռացումով սայթաքեցաւ նաեւ պարբերականի հրատարակութիւնը։ Այդ սայթաքումով ալ շատ աւելի նուազ եւ հազուադէպ լսելի եղաւ վերեւ յիշուած խոստմնալից երիտասարդ գրիչներու գրական արտադրութիւնը։ Անոնցմէ ոմանք դարձան լրագրող, ոմանք մասնագիտացան ուսուցչական ասպարէզէ ներս, նոյնիսկ դարձան դպրոցներու տնօրէններ, բայց ընդհանրապէս գրականութենէ, մանաւանդ ալ բանաստեղծութենէ հեռու ճանապարհի մը վրայ։

Նուէր Սիլահլը Տատուրեանի «Ալեկոծ» հատորի հրատարակութիւնը մեզ տարաւ անցեալի յիշատակներուն, որոնք թելադրեցին կրկին ու կրկին ընթեռնել Նուէրի քերթուածները, անգամ մը եւս մատնուելու համար անոնց տեղի տուած փիլիսոփայական խորհուրդներուն։ Հաճելի էր այս փորձով հաստատել թէ անոնք կը պահէին իրենց երիտասարդական բուրմունքը։ Իբրեւ նմոյշ ընտրեցինք ներքեւի բանաստեղծութիւնը։ 

Դափնին Վերածուած

Արեւու ոսկի աչքեր ունէր

ու գարնանային հովի նման

բուրումնաւէտ մազեր

Օր մը

կոյս կեանքի մը ճամբուն վրայ

լուսաշող մը սիրահարեցաւ իրեն…

Կոյս ոտքերը մայրահողին մէջ խրեցան

վարդագոյն նուրբ մորթը

վերածուեցաւ կեղեւի մը մոխրագոյն

ու դարձաւ հսկայ ծառ մը

դէպի երկինք սլացող…